Փրոֆ. Արփի Համալեան․ յիսուներկու տարիներու կրթական առաջնորդութեան եւ մարդկայնութեան ժառանգութիւն մը


Գոնգորտիա համալսարանը, 2024 թուականին նշելով իր 50-ամեակը, վերահաստատեց իր կարեւոր դերը կրթութեան մատչելիութեան, բազմազանութեան եւ նորարարութեան խթանման։ Այս յոբելենական ծիրէն ներս, Գոնգորտիա համալսարանի Կրթութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2026-ին, Sir George Williams campus-ին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Քեպէգի մէջ չափահասներու կրթութեան (adult education) վերջին յիսուն տարիներուն եւ փրոֆ. Արփի Համալեանի երկարամեայ ու բացառիկ վաստակին։

Երեկոն սկսաւ Գոնգորտիա համալսարանի ներկայացուցիչ դոկտ. Mitch McLarnon-ի բարի գալուստի խօսքով, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ դոկտ. Audrey Dahl-ը՝ UQAM համալսարանէն, ներկայացնելու Քեպէգի չափահասներու կրթութեան պատմական զարգացումը։ Վերջինս, որ ժամանակին նաեւ աշակերտած էր փրոֆ. Համալեանին, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ չափահասներու կրթութեան պատմութեան հինգ կարեւոր հանգրուաններու՝ միաժամանակ ընդգծելով Արփի Համալեանի առանցքային դերը այդ ամբողջ ընթացքին մէջ։
Ան նկարագրեց փրոֆ. Համալեանը որպէս առաջնորդ, կնամեծար կրթագէտ, հասարակական գործիչ, մենթոր եւ հազարաւոր ուսանողներու համար «մայրական» ներկայութիւն։ Տահլ յիշեց, թէ Համալեան երբեք կրթութիւնը չէ սահմանափակած դասարանային պատերէն ներս, այլ զայն դիտած է որպէս ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական գիտակցութեան եւ հասարակական կեանքի մասնակցութեան միջոց։

Դոկտ. Արփի Համալեան Գոնգորտիա համալսարանի եւ ընդհանրապէս Քեպէգի չափահասներու կրթութեան ամենաազդեցիկ դէմքերէն մէկն է։ Ան միացած է Գոնգորտիոյ Կրթութեան բաժանմունքին 1974-ին՝ համալսարանի հիմնադրութեան տարին, եւ իր ամբողջ գործունէութիւնը նուիրած է դասաւանդութեան, հետազօտութեան, առաջնորդութեան եւ կրթական ոլորտի արդարութեան պաշտպանութեան։

Իր ակադեմական գործունէութեան ընթացքին ան վարած է բազմաթիւ կարեւոր պաշտօններ, ներառեալ Կրթութեան բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը, Կրթական ուսումնասիրութիւններու եւ Չափահասներու կրթութեան մագիստրոսական ծրագիրներու տնօրէնութիւնը, ինչպէս նաեւ Սիմոն տը Պովուար հիմնարկի տնօրէնութիւնը։ Ան նաեւ եղած է Ուսուցման եւ Արդիւնաւէտութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի համատնօրէն եւ գլխաւոր հետազօտող՝ նպաստելով Քեպէգի կրթական հետազօտութեան զարգացման։

Յիշատակութեան արժանի է նաեւ այն, թէ փրոֆ. Համալեանի ջանքերով 1979-ին Գոնգորտիա համալսարանին մէջ հիմնուեցաւ հայագիտական հիմնարկ մը, որ հետագային, դժբախտաբար դադրեցաւ գործելէ։

Դոկտ. Տահլ իր ներկայացման ընթացքին հարց ուղղեց ներկաներուն, թէ արդեօք ոեւէ մէկը գաղափար ունի՞ քանի ուսանող ունեցած է փրոֆ. Համալեան։ Պատասխանը՝ ան դասաւանդած է հազարաւոր ուսանողներու եւ հսկած կամ մասնակցած հարիւրաւոր թեզերու, ուսումնասիրութիւններու եւ ակադեմական յանձնաժողովներու աշխատանքներուն։

Արդ Տահլի եզրափակեց իր խօսքը առաջարկելով որ andragogy-ն (չափահասներու կրթութեան մեթոտ) դառնայ (Arpi-gogy).

Երեկոյին յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, ուր դոկտ. Համալեանի նախկին ուսանողներ եւ գործընկերներ արտայայտեցին իրենց երախտագիտութիւնը։ Անոնց վկայութիւններուն մէջ կրկնուող գաղափար մը կար, թէ Համալեան միայն դասախօս չէ եղած, այլ՝ լոյս, ուղղութիւն եւ ներշնչում բազմաթիւ կեանքերու համար։

Ինծի համար եւս այս ձեռնարկը սոսկ ակադեմական յարգանքի երեկոյ մը չէր։ Ան ականատես դարձուց զիս այն մարդկային խոր կապերուն, որոնք փրոֆ. Համալեան ստեղծած է տասնամեակներու ընթացքին։ Այդ ջերմութիւնը զգալի էր սրահին մէջ՝ ուսանողներու, գործընկերներու եւ բարեկամներու աչքերուն մէջ։ Անոր ազդեցութիւնը անցած է համալսարանի սահմաններէն անդին եւ հասած մարդկային կեանքի բազմաթիւ ոլորտներու։
Սիրելի՛ Արփի, ձայնս կը միացնեմ այն հազարաւոր ուսանողներուն, որոնք այսօր կ’ըսեն՝ շնորհակալութիւն։ Դուք կրթութեան սերմեր տնկեցիք, բայց նաեւ՝ մարդկայնութեան, արժանապատուութեան եւ յոյսի։

Այս թղթակցութիւնը պիտի փակեմ Փաուլօ Ֆրէյրէի խօսքերով․ «Սէրէն զուրկ իսկական կրթութիւն գոյութիւն չունի, իսկ սէրը քաջութեան արարք մըն է»։
Այս խօսքերուն մարմնաւորումն էք դուք՝ ձեր ամբողջ նուիրումով, աշխատանքով եւ մարդասիրութեամբ։ Դուք ոչ միայն ուսուցանեցիք, այլ նաեւ լուսաւորեցիք ճանապարհներ: Թող ձեր կեանքի նոր փուլը ըլլայ լի խաղաղութեամբ, ուրախութեամբ եւ նոր նուաճումներով։

Մեղրի Պագարեան-Քիլէրճեան
Դոկտորական թեկնածու, ՄըգԿիլ համալսարան