«Փորձերուն ընթացքին մեր նպատակն է ձայներու ներդաշնակութիւն ու համաչափութիւն ստեղծել ու ներթափանցել երաժշտութեան մէջ» Համազգայինի Քնար երգչախումբի խմբավար Սարգիս Պարսեմեան
Սարգիս Պարսեմեան որպէս մեներգող մաս կազմած է Հալէպի զանազան երգչախումբերուն, որոնցմէ են Կոմիտաս եւ Զուարթնոց երգչախումբերը: 1991-ին փոխադրուած է Մոնթրէալ, ուր յաճախած է ՄըգԿիլ համալսարանը 1996-2000 թուականներուն եւ ուսանած ձայնամարզութիւն եւ երաժշտական մենակատարում, մասնագիտանալով որպէս օփերայի երգիչ: Ելոյթ ունեցած է օփերայի եւ օրաթորիոներու մէջ, որպէս մեներգող (tenor): Հիմնած եւ ղեկավարած է École Montessori International Blainville-ի մանկական երգչախումբը, հինգ տարի ղեկավարած է Ռոզմէրի մէջ անգլիական եկեղեցւոյ երգչախումբը, ապա Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Դպրաց դասը: Հրապարակած է ձայնասկաւառակ մը, ինչպէս նաեւ Orchestre symphonique de Montréal-ի խումբին մաս կազմած է որպէս մեներգող: Այժմ կը ղեկավարէ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» վերակազմուած երգչախումբը:
Այս առթիւ «Հորիզոն»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Պարսեմեան անդրադառնալով Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրին, յայտնեց, թէ վերջինս նախ իր հետ տեսակցութիւն մը ունեցած էր, որպէսզի երգչախումբը վերակազմելու կարելիութիւնները սերտէ: «Արգասաբեր հանդիպում մըն էր, որուն ընթացքին խօսակցեցանք երգչախումբը վերակազմելու նախապայմաններուն եւ կարելիութիւններուն մասին: Ես յայտնեցի, որ երգչախումբերու մէջ երգելը դարձած է բաւական հնամենի, որուն մէջ երգեցողութեան նոյնութիւն եւ կրկնութիւն կը տիրէ. անոնք քով քովի կու գան, դժուարութեամբ կը սորվին չորս ձայներու արտաբերումը եւ նոյն ձեւով կը պոռան եւ ոչ թէ կ’երգեն: Իմ մօտեցումս այն է, որ նախ երգել պէտք է սորվին, այսինքն ձայնամարզումը, ձայնի արտաբերումը եւ ձայնի հակազդեցութիւնը», կ’ըսէ Պարսեմեան:
Ան յայտնեց նաեւ թէ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած է վարչութեան հրաւէրը՝ խումբը ղեկավարելու, որովհետեւ վերջին շրջանին դադրելով մենակատարումներ ունենալէ, սկսած է երաժշտական գործունէութեան պակասը զգալ իր կեանքին մէջ, իսկ վարչութեան առաջարկը եկած է խանդավառելու արուեստագէտը: Անոր նախապայմանը եղած է կոյր վստահութիւն ունենալ խմբավարին հանդէպ եւ ժամանակ տալ, որպէսզի լաւապէս պատրաստուի խումբը: Վարչութիւնը ընդառաջած է իր փափաքին եւ լիօրէն վստահած է իրեն այդ պարտականութիւնը:
Փորձերը սկսած են արդէն, եւ Պարսեմեան կարեւորութեամբ կը շեշտէ անդամներուն, որ նախ սէր պէտք է ցուցաբերել երաժշտութեան հանդէպ: «Մեր նպատակը շրջանակին ցոյց տալ չէ, թէ մենք մեծ երաժիշտներու, օրինակ՝ Կոմիտասի այս կամ այն երգը կը մատուցենք, այլ մեր նպատակն է երգչախումբին մակարդակին համեմատ ընտրել երգեր եւ զանոնք մատուցել գեղեցիկ ձեւով: Մեր նպատակը ճշգրիտ երանգը գտնելն է, ձայներու ներդաշնակութիւն ու համաչափութիւն ստեղծելն է ու ներթափանցումը երաժշտութեան մէջ», կ’ըսէ Պարսեմեան ու կ’աւելցնէ. «Ես կ’ուզեմ, որ խումբը ուղղակի սիրահարուի երաժշտութեան, հասկնայ թէ ինչպէ՛ս կ’երգենք, ձայնը ինչպէ՛ս դուրս կու գայ, ինչպէ՛ս կը ստեղծուի երաժշտականութիւնը»:
Փորձերուն ընթացքին մասին ան կ’ըսէ, թէ բաւական հեզասահ ընթացած էին առաջին փորձերը: «3-րդ փորձը կատարեցինք արդէն, եւ խումբի ընկալումը ցուցմունքներուս՝ մեծապէս գնահատելի է: Որեւէ խմբային միջոցառման պարագային շատ կարեւոր է միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը: Այդ մէկը ես նշմարեցի արդէն խումբին անդամներուն մօտ, որ իսկապէս ողջունելի է: Ըստ իս խումբին մէջ որեւէ մէկը, նախկին երգող կամ նորեկ, գերադաս չէ միւս անդամներէն, այլ բոլորս համահաւասար ձեւով պիտի ջանանք ճիշդ ձայնը գտնել. այդ է իմ առաքելութիւնս՝ ճիշդ ձայնի, գեղեցիկ ձայնի արտաբերման փնտռտուք», կ’ըսէ ան:
Խօսելով անդամներուն մասին ան ըսաւ. «Պայման չէ, որ մեր անդամները մասնագէտներ կամ նախկին երգողներ ըլլան, այլ բաւարար է, որ անոնք սիրեն երաժշտութիւնն ու երաժշտական ականջ ունենան, եւ մենք սիրով կ’ընդունինք զիրենք: Առայժմ խումբը կը բաղկանայ 25 հոգիէ, բայց տակաւին նոր անդամներ ընդունելու կարելիութիւնը ունինք, հետեւաբար ես կոչ կ’ուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են, շուտով գան եւ մաս կազմեն մեր խումբին»: Ան կը յայտնէ, թէ երաժշտութիւնը հոգին կ’ազնուացնէ, եւ երաժշտական խումբի մաս կազմելը անհատին կը պարգեւէ գոհունակութիւն եւ աննկարագրելի հաճոյք:
Այն հարցումին թէ ե՛րբ նախատեսուած է համերգը, ան յայտնեց, թէ ինք չի փափաքիր բեմ ելլել, եթէ չզգայ, որ խումբը իսկապէս պատրաստ է որակաւոր համերգ մը հրամցնելու մեր ժողովուրդին: Իսկ երգացանկին մասին ան ըսաւ. «Բոլոր հաւանականութիւնները ունիմ աչքիս առաջ. ունիմ Եկմալեան, Կոմիտաս, Կանաչեան, ժողովրդային եւայլն, որեւէ կաշկանդում չունիմ այդ հարցով, երգացանկի 3 տարբերակ ալ ունիմ արդէն դաշնամուրիս վրայ: Ըսեմ նաեւ, որ պատահականօրէն չեմ կատարեր երգերու ընտրութիւնը, այլ երբ երգ մը կ’ընտրեմ, անով նոր բան մը սորվեցնել կ’ուզեմ խումբին՝ կշռոյթի մասին, երաժշտական ներդաշնակութեան մասին կամ այլ: Կարեւոր է նաեւ, որ խումբը սիրէ երգը, որպէսզի դիւրութեամբ ընկալուի անդամներուն կողմէ»:
Եւ վերջապէս Պարսեմեան կոչ կ’ուղղէ մեր երաժշտասէր հանրութեան, որ գան ու քաջալերեն իրենց գալիք համերգները, եւ կը խոստանայ, որ «տարբեր բան մը պիտի տեսնեն այս անգամ, աւելին՝ պիտի զգան եւ ոչ թէ տեսնեն…»:
Նշենք, որ Մոնթրէալի մէջ երգչախումբը գոյութիւն ունեցած է նախքան Համազգայինի հիմնադրումը, ապա անցած Համազգայինի հովանիին տակ եւ անուանակոչուած՝ «Քնար» երգչախումբ 1964-ին, խմբավարութեամբ Երուանդ Ալեքսանեանի, եւ իր անդրանիկ համերգը տուած է նոյն տարին Ապրիլ 26-ին: Յաջորդաբար խումբը ղեկավարած են Արա Ալեքսանեան, Պետրոս Շիւժիւնեան, Վարուժան Մարգարեան, Լոռի Անթունեան եւ այժմ, քանի մը տարի դադրելէ ետք՝ Սարգիս Պարսեմեան: Խումբը տարիներու ընթացքին համերգներ տուած է Մոնթրէալէն զատ Թորոնթոյի, Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ:
Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.