Փոլ Սէն Փիեռ Փլամոնտոն վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին եւ Քեպէքի հայ համայնքին

Կիրակի, մայիս 24-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Parti Québécois կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Ձայներ եւ Տեսակէտներ․ զրոյց հայ համայնքին եւ Փոլ Սէն Փիեռ Փլամոնտոնի միջեւ» խորագիրով հանրային հանդիպումը։ Օրուան բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամ ընկհ. Ալին Պէրպէրեան, իսկ քննարկումը վարեց Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Արեւիկ Աֆարեան։

Parti Québécois կուսակցութեան ղեկավար Փոլ Սէն Փիեռ Փլամոնտոն իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ Քեպէգի քաղաքական եւ հասարակական հիմնական մարտահրաւէրներուն՝ առողջապահութենէն եւ տնտեսութենէն մինչեւ կրթութիւն ու կենսապահովման խնդիրներ, միաժամանակ առանձնակի տեղ յատկացնելով Քեպէգի հայ համայնքին վերաբերող հարցերուն։

Ան վերահաստատեց, որ իր կուսակցութիւնը պատմականօրէն բարեկամական եւ ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Փլամոնտոն յիշեցուց, որ Քեպէքի երբեմնի վարչապետ Ռենէ Լեւեքը առաջին քեպէգցի քաղաքական գործիչն էր, որ պաշտպանեց հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ զայն դիտելով որպէս գոյութեան, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման արդար պայքար։

Փլամոնտոն ընդգծեց նաեւ, թէ իր կուսակցութիւնը կը շարունակէ պաշտպանել Հայաստանի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դիտել տուաւ, որ ազգային ինքնիշխանութիւնը անհրաժեշտ պայման է ժողովուրդներու ազատ ու ժողովրդավարական զարգացման համար։

Հանդիպման կարեւորագոյն անդրադարձներէն մէկը կը վերաբերեր Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի ֆինանսաւորման հարցին։ Արձագանգելով վերջին շրջանի մտահոգութիւններուն՝ Փլամոնտոն յստակացուց, որ իր կուսակցութեան օրակարգը չի թիրախաւորեր Սուրբ Յակոբի նման վարժարանները, որոնք կը հետեւին նախարարութեան ուսումնական ծրագրին՝ միաժամանակ պահպանելով համայնքային ու մշակութային դաստիարակութեան իրենց առաքելութիւնը։ Ան վերահաստատեց կուսակցութեան աջակցութիւնը Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի կրթական առաքելութեան։

Երեկոն շարունակուեցաւ բաց հարց ու պատասխանի ձեւաչափով, ուր համայնքի անդամները առիթ ունեցան իրենց մտահոգութիւններն ու հարցումները ուղղելու Փլամոնտոնին։ Հոծ բազմութեան կողքին, հանդիպման ընթացքին յատկանշական էր նաեւ երիտասարդութեան եւ յատկապէս Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամներու աշխոյժ ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը։