Փլուզուող աշխարհակարգը եւ մեր դիմադրողականութեան նոր հորիզոնները

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի (World Economic Forum) տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին, այս տարի Գանատայի վարչապետ Մարկ Քարնին հանդէս եկաւ յատուկ ելոյթով մը, որ նման միջավայրի մը համար անսովոր կերպով ուղղակի էր: Ան սկսաւ ֆրանսերէնով, ապա անցաւ անգլերէնի՝ զերծ մնալով սովորական դարձած՝ «մեզի պարզապէս աւելի սերտ համագործակցութիւն պէտք է» տեսակի լաւատեսութենէն: Փոխարէնը՝ ան պնդեց, որ այն համաշխարհային համակարգը, որուն վրայ կը վստահէին բազմաթիւ երկիրներ, ոչ թէ պարզապէս կը փոխուի, այլ կը քայքայուի:

Ան ըսաւ, որ մենք կ’ապրինք «խզումի» եւ ոչ թէ «անցման» փուլ մը, եւ հին կարգը այլեւս պիտի չվերադառնայ: Ան զգուշացուց, որ գերպետութիւններու մրցակցութեան այս աշխարհին մէջ, այն երկիրները, որոնք լուռ մնալով կը փորձեն ապահովութիւն գտնել, պիտի հասկնան, որ զիջողականութիւնը ապահովութիւն չի գներ:

Քարնին օգտագործեց չեխ այլախոհ գրող եւ քաղաքական գործիչ, Չեխոսլովակիոյ վերջին եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Վացլաւ Հաւելի՝ խանութպանի օրինակը: Միտք բանին հետեւեալն է՝ խանութպանը իր ցուցափեղկին քաղաքական կարգախօս մը կը փակցնէ պարզապէս նեղութենէ խուսափելու համար: Խանութպանը չի հաւատար այդ կարգախօսին, սակայն այդպէս կը ձեւացնէ, որովհետեւ այդպէս աւելի դիւրին է: Քարնիի պատգամն այն էր, որ շատ մը երկիրներ նոյնը կ’ընեն «կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային կարգ» եզրոյթին հետ. անոնք կը շարունակեն կրկնել այդ բառերու շարքը, որովհետեւ անիկա կայունութեան եւ յարգանքի տպաւորութիւն կը ձգէ, նոյնիսկ երբ կանոնները անհաւասար կերպով կը կիրարկուին: 

Քարնիի ախտաճանաչումը յստակ է. մենք չենք գտնուիր պարզ անցումային շրջանի մը մէջ, այլ բախուած ենք լիակատար խզումի մը (“We are in the midst of a rupture, not a transition.”)։ Անիկա կը նշանակէ վերջը այն «հաճելի առասպելին», թէ տնտեսական սերտաճումը (economic integration) ինքնաբերաբար խաղաղութիւն կը բերէ։ Ըստ Քարնիի, այսօր մեծ ուժերը տնտեսական կապերը վերածած են զէնքի՝ օգտագործելով մատակարարման շղթաները, ուժանիւթը եւ նոյնիսկ ելեւմտական համակարգերը որպէս ճնշումի եւ սպառնալիքի գործիքներ։ Այս նոր իրականութեան մէջ, «կանոններու վրայ հիմնուած կարգի» մասին խօսիլը՝ առանց ընդունելու, որ այդ կանոնները այլեւս չեն յարգուիր, պարզապէս կը տկարացնէ միջակ եւ փոքր պետութիւնները։ Քարնիի համար անզօրներուն ուժը կը սկսի ճշմարտութենէն. ընդունիլ, որ համակարգը փլուզուած է, որպէսզի կարելի ըլլայ կառուցել նորը՝ հիմնուած ոչ թէ դատարկ խոստումներու, այլ իրական դիմադրողականութեան վրայ։

Ճշմարտութիւնը որպէս ուժ

Հայերուս համար ասիկա այն սահմանն է, որ սփոփող խօսքերը կը բաժնէ պաշտպանող գործողութիւններէն: Տարիներ շարունակ աշխարհը զօրաւոր յայտարարութիւններ հնչեցուցած է օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու մասին, սակայն վճռորոշ պահերուն այդ խօսքերը չկրցան կասեցնել բռնութիւնը: Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, Արցախի բռնի տեղահանութիւնը եւ ուժի կիրարկումը այն անդունդն են, որ հայերը այլեւս չեն կրնար անտեսել։ Լեզուն զօրաւոր էր, բայց կանոնները խախտելու հետեւանքները՝ բացակայ:

Գանատահայ հայեացքէն դիտուած՝ դասը այն չէ, որ պէտք է հրաժարիլ արժէքներէն, այլ այն՝ որ պէտք է դադրիլ արժէքները որպէս ուժի եւ ռազմավարութեան փոխարինող օգտագործելէ: Ինչպէս միջակ կարողութեամբ այլ պետութիւններ, Գանատան չի կրնար ձեւացնել, թէ համակարգը պիտի պաշտպանէ փոքր պետութիւնները միայն այն պատճառով, որ պաշտօնական ատեաններէն ճիշտ բառեր կ’արտասանուին: Եթէ Օթաուան կ’ուզէ վստահութիւն ներշնչել, պէտք է պատրաստ ըլլայ յստակօրէն խօսելու բռնաճնշումներու եւ յարձակողապաշտութեան մասին ու հետեւողականօրէն գործէ, եւ ոչ միայն այն ատեն, երբ դիւրին է: Այլապէս Գանատան պարզապէս կը պահէ «պատուհանի ցուցանակը»:

Զիջողականութեան անպտուղ յոյսը

Քարնին իր ելոյթին մէջ յիշեց Թուկիտիտէսի այն յայտնի միտքը, թէ «ուժեղները կ’ընեն այն՝ ինչ կրնան, իսկ տկարները պիտի տառապին այնքան՝ որքան պարտադրուած է»։ Ան նկատեց, որ այսօր շատ մը երկիրներ այս կանխադրոյթը կ’ընդունին որպէս անխուսափելի իրականութիւն եւ կը փորձեն «յարմարիլ»՝ յուսալով, որ զիջողականութիւնը ապահովութիւն կը գնէ։ Քարնիի պատասխանը կարճ էր ու կտրուկ. «Ո՛չ, չի՛ գներ»։ Քարնիի պատգամը յստակ է. ապահովութիւնը չի գնուիր զիջումներով, այլ կը վաստակուի սեփական ուժը կառուցելով եւ իրականութեան աչքերուն մէջ շիտակ նայելով։ Հայաստանի պարագային, ասիկա կը նշանակէ դադրիլ թշնամիին օրակարգը սեփական ձեռքերով իրագործելէ եւ անցնիլ պետական լուրջ ու հետեւողական դիմադրողականութեան կերտման։

Այս նոյն տրամաբանութեամբ, ներքին պառակտումը ռազմավարական ձախողութիւն է: Երբ պետութիւնը հակամարտութեան մէջ է հայ կեանքի հիմնասիւներուն՝ եկեղեցւոյ, սփիւռքի եւ քաղաքացիական կառոյցներուն հետ, ատիկա կը ստեղծէ ռազմավարական ճեղքեր, զորս թշնամական ուժերը կրնան օգտագործել որպէս ճնշման միջոց (leverage)։ Ըստ Քարնիի, երկրի մը ինքնիշխանութիւնը այլեւս չի չափուիր միայն թուղթի վրայ գրուած իրաւունքներով, այլ ճնշումներուն դիմադրելու իրական կարողութեամբ։ 

Դաշինքներ եւ սփիւռքեան ինքնավարութիւն

Քարնիի միւս առանցքային գաղափարը դաշինքներու նոր տեսակն է՝ «փոփոխական երկրաչափութիւն» (variable geometry): Ան պնդեց, որ միջակ պետութիւնները պէտք է ստեղծեն ճկուն դաշինքներ՝ տարբեր գործընկերներ տարբեր հարցերու համար, որպէսզի բռնաճնշումը դժուարանայ։ Ասիկա Քարնին կը ձեւակերպէ որպէս «արժէքներու վրայ հիմնուած իրապաշտութիւն» (value-based realism): Անոր միտքը յստակ է. պէտք չէ հրաժարիլ մարդկային իրաւունքներու, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներէն, սակայն ժամանակն է դադրիլ այն ակնկալութենէն, որ այդ արժէքները «ինքնաբերաբար» պիտի պաշտպանեն մեզ: Հայաստանի համար, որ թէեւ միջակ պետութիւն չէ, այս տրամաբանութիւնը գոյութենական է: Մեր ինքնիշխանութիւնը այլեւս պարզապէս իրաւական կարգավիճակ չէ, այլ ճնշումներուն դիմադրելու եւ սեփական շահերը պաշտպանելու իրական կարողութիւն: Գանատան կրնայ կարեւոր դեր խաղալ հոս ոչ թէ որպէս «փրկիչ», այլ որպէս երկիր մը, որ կրնայ օգնել այս «փոփոխական» դաշինքներու ձեւաւորման, ուր Հայաստանի կարիքները կը կապուին աւելի լայն, միջազգային կայունութեան նպատակներու հետ:

Թէեւ Քարնիի խօսքերը ուղղուած են պետութիւններուն, սակայն անկարելի է անոնց ետին չտեսնել նաեւ սփիւռքեան մեր իրականութիւնը։ Ըստ իս, գոյութիւն ունի նաեւ ռազմավարական ինքնավարութեան «սփիւռքեան» տարբերակը: Քարնիի ամենէն յատկանշական նախադասութիւններէն մէկը սա էր. «Հզօրները ունին իրենց ուժը, բայց մենք ալ ունինք բան մը՝ դադրիլ ձեւացնելէ, իրականութիւնը իր անունով կոչել, մեր ներքին ուժը կառուցել եւ գործել միասնաբար»։ Սփիւռքի համար այդ «բանը» մեր թիւը (ուժը) չէ, այլ մեր կշիռէն աւելի ազդեցիկ ըլլալու կարողութիւնը՝ յստակ տեսլականի եւ ամուր կառոյցներու միջոցաւ: 

Թորոնթոյի մէջ դիւրին է, որ համայնքային կեանքը վերածուի սովորութական արարողակարգերու՝ յայտարարութիւններ, ոգեկոչումներ, ընկերային ցանցերու արշաւներ, արտակարգ հանգանակութիւններ, եւ ապա՝ յոգնութիւն: Ասոնցմէ ոչ մէկը յատկապէս սխալ է, բայց բաւարար չէ. մեզի պէտք են նաեւ կայուն հաստատութիւններ, որոնք կրնան շարունակել իրենց աշխատանքը, երբ հանրային ուշադրութիւնը նուազի` աւելի զօրաւոր դպրոցներ, աւելի ամուր լրատուամիջոցներ, քաղաքացիական կառոյցներ, քաղաքական աւելի բարձր գրագիտութիւն եւ մինչեւ հիմա հաւանաբար ամենէն անտեսուածը մեր համայնքներէն շատերուն կողմէ՝ աւելի սերտ կապեր տեղական լայն հասարակութեան հետ:

Սփիւռքահայերուս համար, ասիկա նաեւ կը պահանջէ աւելի իրապաշտ ըլլալ Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւններուն եւ դերակատարութեան մէջ՝ հրաժարելով զգացական պարզունակ դիրքաւորումէն եւ որդեգրելով փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած ռազմավարական գործընկերութիւն։

Կարօտախտը ռազմավարութիւն չէ (եւ չի կրնար ըլլալ)

Վերջապէս, Քարնիի այն պատգամը, թէ կարօտախտը (նոսթալժիա) ռազմավարութիւն չէ, պէտք է հնչէ որպէս յստակ ահազանգ: Հայերուս համար յիշողութիւնն ու ժառանգութիւնը ընտրովի չեն՝ այլ մեր գոյատեւման հիմքերը: Սակայն կարօտախտը կը դառնայ կործանարար, երբ անիկա կը փոխարինէ ծրագրաւորումին ու ռազմավարութեան, եւ երբ մենք յիշատակումը կը շփոթենք պատրաստուածութեան հետ: Քարնիի նկարագրած այս «յետ-կարգային» աշխարհին մէջ, մենք չենք կրնար գործել այնպէս, որ եթէ բաւարար ժամանակ սպասենք՝ երէկուան աշխարհակարգը իր սփոփիչ կանոններով պիտի վերադառնայ: Այդ աշխարհը այլեւս չկայ, եւ պէտք չէ սգալ անոր կորուստը:

Այսօրուան առաջադրանքը աւելի դժուար է, բայց շատ աւելի գործնական. պահել մեր արժէքներն ու ինքնութիւնը՝ առանց անոնցմէ «ցուցանակներ» սարքելու: Մեզի պէտք է իրապաշտութիւն՝ ըսել ճշմարտութիւնը աշխարհի ներկայ անողոք վիճակին մասին, հզօրանալ ներսէն եւ կառուցել գործունակ դաշինքներ՝ հիմնուած ընդհանուր շահերու եւ ուժի վրայ:

Քարնիի ելոյթը յիշեցում մըն էր, որ «անզօրներուն ուժը» կը սկսի ձեւացնելէ դադրիլ քաջութեամբ: Հայերը՝ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, այլեւս չեն կրնար իրենց ապագան ձգել քաղաքավարական յօրինուածքներու կամ ուրիշի բարի կամքին յոյսին: Պէտք է «վերցնե՛նք ցուցանակը մեր պատուհանէն»:


***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի փետ. 2026 (#222) թիւին մէջ: