Փիւնիկը կրկին կը բարձրանայ
«Ա՜խ վաթան, վաթան, քու հողին ղուրբան,
Քո ծխին ղուրբան, քո ջրին ղուրբան,
Է՞ս փառքն ունէիր, Է՞ս պատիւն առաջ,
Որ հմիկ աւիրուել, մնացել ես անջան»:
Խ. Աբովեան
Պատմութեամբ եւ ողբերգութեամբ յատկանշուող ծննդավայրս կրկին ստացաւ խաղաղութիւն վայելելու առիթը։ Իր անցեալը՝ որպէս Փիւնիկ, քաղաքակրթութեան եւ դիմացկունութեան օրրան, այսօր եւս կ’արձագանգէ լիբանանցիներուն սրտերուն մէջ։ Հազարամեակներով վայրիվերումներու ընդմէջէն, լիբանանցին փաստած է, որ ինք, ինչպէս առասպելական փիւնիկը, կրնայ վեր յառնել մոխիրներէն։ Այս պարզապէս գոյատեւելու փաստ չէ, այլ վկայութիւն՝ անկոտրում ոգիի, կեանքի հանդէպ սիրոյ եւ ապագայի հանդէպ անսահման յոյսի մասին։
Պէյրութը՝ Լիբանանի սիրտը, տեսած է այնպիսի աւերումներ, որոնք կրնային որեւէ քաղաք վերածել ուրուականի։ Երկրաշարժները, քաղաքացիական պատերազմները, ներխուժումներն ու պայթումները բազմիցս խորտակած են զայն։ Սակայն ամէն անգամ քաղաքը վեր յառնած է նորովի՝ իր փողոցներուն վրայ վերածնունդ տալով նոր կեանքի։ Պատահականութիւն չէ. լիբանանցիներուն դիմացկունութիւնը բնատուր ուժ է, որ կը սնուի նախնիներու աւանդէն, որոնք կառուցած են նաւեր՝ ծովերէն ցամաքամասեր նուաճելու, գրած են առաջին այբուբենները եւ աշխարհին սորվեցուցած են առեւտուրն ու դիւանագիտութիւնը։
Այսօր, երբ խաղաղութիւնը (հպանցի՞կ) կը վերազարդարէ ծննդավայրս, անհնար է չհիանալ լիբանանցիին անխոնջ ոգիով։ Սակայն Լիբանանի պատմութիւնը միայն վերակառուցումի մասին չէ, այլ տուեալ վայրին ոգիի ներշնչման մասին, նոյնիսկ երբ անոր ֆիզիքական տեսքը քանդուած է։ Լիբանանցիները պարզապէս չեն վերակառուցեր շէնքեր, այլ կը վերականգնեն ինքնութիւններ, մշակոյթներ եւ պատմութիւններ։ Միայն թէ այս անգամ նաեւ կառուցեն հայրենասիրութիւն, հողի պաշտամունք, որ չդառնայ Լիբանանը թշնամիին կեր՝ վերջնականապէս:
Աշխարհագրականօրէն ոչ շատ հեռու Լիբանանէն, նման իրավիճակ կ’ապրի հայրենիքս՝ Արցախը, քաղաքները դատարկ, կոթողները վնասուած, եւ ժողովուրդը ցրուած ու տարագիր, ռազմագերիները թշնամիին բանտերուն մէջ:
Լիբանանի եւ Արցախի միջեւ զուգահեռները զարմանալի են։
Երկու տարածքներն ալ փոքր են, բայց հզօր։
Երկուքն ալ յատկանշուած են իրենց ժողովուրդներու դիմացկունութեամբ, ստեղծագործականութեամբ եւ ազատ երկինքի տակ իրենց երեխաներու ապագան երազելու անմար յոյսով։
Երկուքն ալ օժտուած են մոխիրներէն բազմիցս յառնելու կարողականութեամբ։
Այսօր նայելով Լիբանանին կը տեսնենք յոյս։
Յոյս, որ իւրաքանչիւր արցախցի երեխայի սրտին մէջն է նաեւ:
Յոյս՝ վերադառնալու եւ վերականգնելու:
Յոյս՝ պատերազմով երբեք լիովին չջնջուած հայրենիքը նորէն վերակերտելու։
Մինչ կը նշենք Լիբանանի դիմացկունութիւնը, պէտք է միասնակամ աշխատանք տանինք Արցախի համար, որպէսզի անոր փիւնիկը չուշանայ յառնելու, որպէսզի անոր երեխաները վերադառնան իր հովիտները, որպէսզի անոր երաժշտութիւնը թնդացնէ երկինքը, եւ իր եկեղեցիներուն մէջ հնչեն յոյսով լի ժողովուրդիս աղօթքները։
Թող անոր ոգին մնայ անսասան, եւ անոր ապագան խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն բերէ։
Որովհետեւ իւրաքանչիւր ազգի սրտին մէջ կայ կայծ մը, որ ոչ մէկ փոթորիկ կրնայ մարել։
Եւ այդ՝ դիմացկունութեան, յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան կայծն է։
Այսօր այդ կայծը վառեցաւ Լիբանանի մէջ. վաղը, մեր աշխատանքով ու պահանջով, պիտի վառի Արցախի մէջ։
Խաժակ Գուլաճեան
Comments are closed.