Փարիզ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Արցախի Մէջ «Յարգելու Միջազգային Օրէնքը»
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 28 փետրուարին Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է «յարգելու միջազգային օրէնքը» եւ արտօնելու Բերձորի միջանցքին մէջ «երթեւեկի ազատութեան» վերականգնումը:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ֆրանսացի օրէնսդիրներու առջեւ յայտնած է. «Միջանցքի փակումը անընդունելի է` նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար մարդասիրական վտանգաւոր հետեւանքները, եւ որովհետեւ կը նպաստէ լարուածութեան հրահրման ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան կնքման առիթներու նուազեցման»:
«Ազրպէյճան պէտք է գիտակցի, որ շուտափոյթ համաձայնութեան գոյացումը կարեւոր է, եւ պէտք է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պահանջը կատարելով յարգէ միջազգային օրէնքը», ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ «միջանցքի բացումը» «հրատապ առաջնահերթութիւն» կը նկատուի: