Փաստաբան Ռապըրթ Ամսթըրտեմ Կաթողիկոսին Դէմ Յարձակումները Անընդունելի Կը Համարէ, Իսկ Կարպետեանի Դէմ Եղածը՝ Քաղաքական Արարք
- (0)

Միջազգային իրաւապաշտպան Ռապըրթ Ամսթըրտեմ Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւն-Հայ առաքելական եղեղեցի յարաբերութիւններուն՝ ըսաւ, որ շատ հազուադէպ է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածին պէս բան տեղի ունենայ։ Ան շեշտեց, որ այսպիսի գործելակերպ մը կարելի չէ բնականոնացնել։
«Կաթողիկոսին դէմ հրապարակային յարձակումները անընդունելի են քաղաքակիրթ հասարակութեան մը մէջ: Խաղաղ, հանրութեան քննարկումներու միջոցով այս հարցերը լուծելու պահն է», շեշտեց Ամսթըրտեմ՝ դիտել տալով, որ այդ հարցերը քրէական դատարանին չեն վերաբերիր:
«Ես՝ իբրեւ միջազգային փաստաբան, հանդէս կու գամ այն դիրքորոշումով, որ Սամուէլ Կարապետեանի գործը ակնյայտօրէն քաղաքական է, եւ որ կատարուած որեւէ դատավարութիւն՝ փորձառութենէս մեկնելով կրնամ ըսել, որ համեմատելի է շօ-դատավարութեան` ներկայացման հետ», ըսաւ Ամսթըրտեմ՝ աւելցնելով. «Մեղադրանքը, ըստ երեւոյթին, յարուցուած է` հիմնուելով օգտագործուած բառերու սխալ մեկնաբանութեան վրայ: Այն փաստը, որ ան չէ ուղղուած, եւ այդ անձնաւորութիւնը (Սամուէլ Կարապետեան) ազատ չէ արձակուած, ինքնին ցնցող է»:
Ան աւելցուց, որ վարչապետը ճիշդ չէ լսած Կարապետեանի արտաբերած բառերը, այնուհետեւ ըսած է բառեր, որոնք թէ՛ սպառնացող են եւ թէ վիրաւորական, որոնցմէ ալ, ըստ Ամսթըրտեմի, կը բխի, որ վարչապետը իշխանական ամբողջ լծակները ի գործ դրած է Կարապետեանի դէմ:
«Ազատ, ժողովրդավարական հանրութեան մէջ այս մէկը լսուած բան չէ», յայտնեց Ամսթըրտեմ:
Յայտնենք, որ «Տաշիր գրուպ»ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան հետագային հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր ստեղծած շարժումը: Դատական նիստէն օր մը առաջ բանտարկուած Կարապետեան յայտարարեց, որ «Մեր ձեւով» նախաձեռնութեան հիման վրայ պիտի ձեւաւորուի իր քաղաքական ուժը: Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր կառավարութիւնը այլեւս ընելիք չունին Հայաստանի մէջ, աւելի կանուխ բանտէն յայտարարած էր ան: