Կառավարութիւնը հրապարակեց Արցախի հակամարտութեան բանակցութիւններու փաստաթուղթերը
- (0)

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կայքին վրայ հրապարակուեցան Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերող պետական գերատեսչութիւններուն մօտ գտնուող շարք մը փաստաթուղթեր:
Ինչպէս նշուած է այդ փաստաթուղթերուն կից` անոնք պատկերացում մը կու տան մինչեւ 2020 տարուած բանակցութիւններու գործընթացի բովանդակութեան մասին:
Ուշագրաւ է այն, որ փաստաթուղթերուն հրապարակումէն ետք յստակ դարձաւ, որ Փաշինեան չէ բացայայտած, թէ ինք ի՛նչ պատասխան տուած է 2019-ի առաջարկներուն, թէեւ ան նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի բացայայտէ նաեւ օրին իր տուած պատասխանը:
Տեղադրուած են նաեւ հրապարակաւ հասանելի շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք ուղղակի կապ ունին առաջին խումբի փաստաթուղթերուն հետ:
Հրապարակուած փաստաթուղթերու կարգին են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկները (2016) 2019, Քրաքովի փաստաթուղթը, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին (օգոստոս 2016), Քազանի փաստաթուղթը, Ռուսիոյ փաթեթային առաջարկները, Մատրիտեան սկզբունքները, Մեղրիի եւ Արցախի փոխանակման տարբերակը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համապարփակ առաջարկները, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յայտարարութիւնը Լիզպոնի վեհաժողովին, Պուտափեշտի վեհաժողովի յայտարարութիւնը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Սակայն, յայտնի չէ, որ արդեօք բանակցութիւններու բոլոր փաստաթուղթե՞րն են անոնք, թէ՞ ոչ, անյայտ է նաեւ, թէ ի՛նչ սկզբունքով ընտրուած են հրապարակումները:
Այս փաստաթուղթերուն շարքին չկայ Քի Ուեսթի տարբերակը, իսկ Մեղրիի եւ Ղարաբաղի փոխանակման տարբերակը պաշտօնական փաստաթուղթ չէ, այլ «Հայկական Ժամանակ»-ին մէջ 2008-ին լոյս տեսած հրապարակումը:
Կառավարութիւնը չի յստակացներ, թէ ինչո՛ւ նախկին ղեկավարներէն միայն երրորդ նախագահին նամակը կը հրապարակուի, իսկ միւս առաջնորդներուն գրագրութիւնը` ոչ:
Նշենք, որ կը բացակային նաեւ հայկական կողմի պատասխանները: