Փաշինեան կրնար Արցախի հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծել, եթէ շարունակէր բանակցութիւնները․ Օսկանեան

Ես լսեցի Սիւնիքի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած ելոյթը՝ Արցախի վերաբերեալ, ուր կ’ըսէր, թէ Արցախը երբեք հայկական չէ եղած։ Ան ուղղակի սոսկալի մտքեր կ’արտայայտէր։ Մարդ կը մտածէ՝ ինչքա՞ն անձ մը կրնայ ինքզինք նուաստացնել սեփական ժողովուրդին առջեւ՝ աթոռին համար։ Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան։

«Տարիներ շարունակ ես ղեկավարած եմ այդ բանակցութիւնները։ Այդ ժամանակաշրջանին, եւ գիտեմ, որ անկէ ետք ալ շարունակուած է, Ատրպէյճան երբեք յաւակնութիւն չէ ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին նկատմամբ որեւէ վերահսկողութիւն հաստատելու։ Անոնք ընդունած են, որ այդ հայկական տարածք է։ Մինսքի խումբի համանախագահներուն ներկայութեամբ բազմիցս այդ մէկը արտայայտուած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Անոնք ընդունած են, որ Լեռնային Ղարաբաղը հայկական եղած է, ներառեալ՝ Շուշին։ Անոնց խնդիրը միայն այդ իրողութիւնը ըստ օրէնքի հաստատելու հարցն էր, որովհետեւ կը պնդէին, թէ իրենց սահմանադրութեան հետ խնդիր պիտի ունենան։

Փաշինեան կրնար հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծել եւ պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի՝ փաստացի քաղաքական միաւոր ըլլալու իրողութիւնը, եթէ շարունակէր բանակցութիւնները։ Նիկոլ Փաշինեան իսկապէս միակ ղեկավարն էր, որ ունէր այդ կարելիութիւնը, սակայն ան այդ բոլորը փոշիացուց՝ նախկիններուն հանդէպ ունեցած ատելութեան պատճառով։ Ան չկրցաւ ճիշդ կողմնորոշուիլ, սխալներ գործեց մէկը միւսին ետեւէն, եւ մենք ունեցանք այն, ինչ որ այսօր ունինք։ Ան 5000 զոհերով եւ 10000 վիրաւորներով Արցախը ուղղակի յանձնեց Ատրպէյճանին։ Այսօր Փաշինեանի ունեցած ելոյթներով ան ոչ թէ կը փորձէ համոզել իր համակիրները, այլ՝ ինքզինք, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ ինչպիսի վնաս պատճառած է հայ ժողովուրդին եւ ինչպիսի մեղք գործած է անոր հանդէպ»։