Փաշինեան Կրկին Հակահայաստանեան Եւ Հակասփիւռքեան Յայտարարութիւններ Կ՛ընէ
- (0)

Յարութ Սասունեան
Համայն հայութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը այն է, որ Հայաստանը կը ղեկավարուի ոչ միայն ապաշնորհ, այլ նաեւ հակահայ վարչապետի մը կողմէ:
Նախորդ շաբաթ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս կրկնեց իր անհեթեթ խօսքերը` «իրական Հայաստան»-ի եւ «պատմական Հայաստան»-ի տարբերութեան մասին: Ան նոյնիսկ պնդեց, որ «պատմական Հայաստան»-ը այսօրուան «իրական Հայաստան»-ի թշնամին է: Դարերու ընթացքին պատերազմներու եւ ներխուժումներու պատճառով Հայաստանի սահմաններուն փոփոխութիւնը չի նշանակեր, որ «պատմական Հայաստան» գոյութիւն չունի: Չզարմանաք, եթէ օր մըն ալ Փաշինեան յայտարարէ, որ Հայաստանը գոյութիւն ունի միայն 2018 թուականէն, երբ ինք եկաւ իշխանութեան…
Փաշինեան կը փորձէ հայերը զրկել ապագային «պատմական Հայաստան»-ը վերականգնելու երազի իրաւունքէն իսկ: Ան միամտօրէն կը կարծէ, թէ յայտարարելով, որ Հայաստան տարածքային պահանջներ չունի դրացի երկիրներէն, կրնայ համոզել Ազրպէյճանը՝ Հայաստանի հետ կնքել խաղաղութեան անիմաստ պայմանագիր: Սակայն փաստը այն է, որ նախագահ Ալիեւ զերօ հետաքրքրութիւն ունի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան նկատմամբ: Ընդհակառակն, ան բազմիցս կը սպառնայ յարձակիլ Հայաստանի վրայ` զայն ներկայացնելով իբրեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» եւ պահանջելով 300 հազար ազրպէյճանցիներու բնակեցում Հայաստանի մէջ:
Մենք ոեւէ մէկէ պահանջ չունինք յայտարարութիւնը կատարելու փոխարէն՝ Փաշինեան պէտք է պարզապէս լուռ մնայ: Ան ո՛չ պէտք է ըսէ` մենք պահանջներ ունինք, ո՛չ ալ` պահանջներ չունինք, որովհետեւ Հայաստան այժմ տկար է եւ չի կրնար ռազմական առումով դիմակայել իրմէ շատ աւելի ուժեղ թշնամիներուն` Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ: Այնուամենայնիւ, սխալ է յայտարարել, որ մենք տարածքային պահանջներ չունինք, քանի որ նման յայտարարութիւն պիտի զրկէ հայերը երբեւէ իրենց կորսնցուցած տարածքները վերադարձնելու իրաւունքէն: Այս երազը վառ պահելու համար Հայաստան պէտք չէ անպայման հզօր բանակ ունենայ, այլ պարզապէս պէտք է պահպանել պատմական յիշողութիւնը եւ զայն փոխանցել յաջորդող սերունդներուն, մինչեւ այն օրը, երբ անսպասելի հանգամանքներու բերումով կարելիութիւն ընձեռնուի վերականգնել հայ ժողովուրդին կորսնցուցածը: Եթէ անոնք վառ չպահեն այդ երազը, նոյնիսկ երբ նման կարելիութիւն ընձեռուի, հայերը պիտի չկարենան օգտուիլ անկէ, որովհետեւ կամովին հրաժարած են այդ իրաւունքէն:
Լաւագոյն օրինակը իրենց հայրենիքը 2000 տարի առաջ կորսնցնելէ ետք հրեաներուն ձեռք բերածն է: Պահպանելով իրենց երազը` «Յաջորդ տարի Երուսաղէմի մէջ» եւ զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ՝ անոնք կարողացան օգտուիլ 20-րդ դարուն ընձեռնուած կարելիութենէն` վերադառնալու իրենց պատմական հայրենիքը:
Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին Փաշինեան յայտարարեց, որ ոչ ոք զէնք կը վաճառէ Հայաստանին, եթէ մենք շարունակենք Արարատը յիշատակել իբրեւ մեր լեռը: Ասիկա բացարձակ սուտ է: Արարատ կամ Արագած ըսելը որեւէ կապ չունի զէնք ձեռք բերելու հետ: Ատիկա առնչուած է երկրի եւ բանակի կառավարման ունակութեան եւ անհրաժեշտ զինամթերքի համար ֆինանսական միջոցներու առկայութեան: Եթէ Արարատ ըսելը կը խանգարէ Հայաստանը՝ զէնք ձեռք բերելու առումով, ապա մինչեւ Փաշինեան ինչպէ՞ս կարելի եղած է ձեռք բերել միլիառաւոր տոլարներ արժող զէնք ու զինամթերք, որոնք, ցաւօք, 2020 թուականի պատերազմին ժամանակ բռնագրաւուած են Ազրպէյճանի կողմէ եւ այժմ կը ցուցադրուին Պաքուի մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պատշա՞ճ է, որ ան հեծանիւ քշէ կամ Դիմատետրի էջին մէջ ձուածեղ պատրաստէ, մինչդեռ երկիրը պատերազմի շեմին է, Փաշինեան պատասխանեց. «Մեր երկրի բոլոր հաստատութիւններն աշխատում են նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ես հեծանիւ եմ քշում»:
Փաշինեան նաեւ արդարացուց իր մնայուն զիջումները Ազրպէյճանին` բացատրելով, որ չի փափաքիր արձագանգել կացութիւնը սրել միտող Ազրպէյճանի հռետորաբանութեան, որուն նպատակն է նոր ռազմական գործողութիւններ հրահրել: Ան կարծես չի հասկնար, որ հակառակորդին զիջումներ կատարելը չի զսպեր պատերազմը: Ընդհակառակն, անիկա կ՛աւելցնէ Ալիեւին ախորժակը` պահանջելու աւելի շատ զիջումներ:
Սփիւռքահայերէն մէկուն օր մը իր պապերուն հայրենիքը վերադառնալու երազին վերաբերող հարցումին Փաշինեան արձագանգեց անտարբերութեամբ ու վիրաւորական ձեւով ըսաւ. «Մեր հայրենակիցն ապրում է Աւստրալիայում, ուզում է վերադառնալ իր պապերի հայրենիք, որը կարող է լինել աշխարհի որեւէ տեղում, այդ թւում կարող է լինել Մուշում, Արտահանում, Սիսում, բայց դրա համար մենք պէտք է մեր զինուորներին թիրա՞խ դարձնենք, դա՞ է մեր ուզածը: Այսինքն մենք ուզում ենք այս պահին մեր զօրամասերի վրայ հրթիռներ ընկնեն այն պատճառով, որ Քամպերայում մարդիկ կան, որոնք ուզում են վերադառնալ իրենց պապերի ծննդավայրը, որն Ատանան է: Սա տրամաբանակա՞ն է»:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ան ոչինչ ըրաւ Պաքուի մէջ հայ պատանդներու ազատ արձակման համար, Փաշինեան ըսաւ. «Այսօր կան գերտէրութիւններ, որոնք նոյն վիճակում գտնուող քաղաքացիներ ունեն տարբեր երկրներում եւ տարիներով չեն կարողանում հետ բերել»:
Նախորդ շաբաթ Ցիւրիխի մէջ խումբ մը զուիցերիահայերու հետ հանդիպման ժամանակ Փաշինեան անպէտք հարցեր բարձրացուց Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական փաստերուն վերաբերեալ. «Մենք Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեանն էլ պէտք է վերադառնանք: Պէտք է հասկանանք` լա՛ւ, ի՞նչ է տեղի ունեցել եւ ինչո՞ւ է տեղի ունեցել»: Փաշինեան հաւանաբար աշխարհին մէջ ապրող միակ հայն է, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Այնուհետեւ ան անհեթեթ հարցով շարունակեց. «Ո՞նց է, որ 1939 թուին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ չի եղել, եւ ո՞նց է, որ 1950 թուին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ յայտնուել է»: Փաշինեան նոյնիսկ չի գիտեր, որ ցեղասպանութիւն եզրը 1939 թուականին գոյութիւն չէ ունեցած: Անիկա ստեղծուած է 1940-ական թուականներուն Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ: Մինչ այդ հայերը 1915 թուականի զանգուածային սպանութիւնները ջարդեր կը կոչէին:
Հայաստանի նոր հայրենասէր ղեկավարը իշխանութեան գալէ անմիջապէս ետք պէտք է յայտարարէ, որ Փաշինեանի բոլոր հրամանները, օրէնքները, յայտարարութիւնները եւ համաձայնութիւնները անվաւեր են: