Փաշինեան կը հրաժարի «պատմական արդարութեան վերականգնման» օրակարգէն
- (0)

Մարտ 26-ին, Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք հարցականի տակ կը դնեն հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան հիմնասիւները։ Մերժելով «պատմական արդարութեան վերականգնման» օրակարգը, Փաշինեան փաստօրէն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայրենազրկուած հայութեան իրաւունքներու հետապնդումը որակեց որպէս «գաղթականի հոգեբանութիւն», որ, ըստ իրեն, կը խոչընդոտէ իր պատկերացուցած պետականաշինութեան։
Յատկանշական է, որ Փաշինեան նաեւ կը պատրաստուի «սրբագրել» երկրի մայր օրէնքը՝ հեռացնելու համար Անկախութեան հռչակագրի յղումները, որոնք կը մարմնաւորեն Արցախի հետ միաւորման դարաւոր տեսլականը։
Մինչ Արցախի հայութիւնը դեռ կը տառապի 2023-ի բռնագաղթի հետեւանքներէն, իշխող վարչախումբը, Ալէն Սիմոնեանի բերնով, կը հաստատէ «Արցախը Ատրպէյճան է» թեզը՝ փաստացիօրէն օրինականացնելով Պաքուի յարձակողական քաղաքականութիւնը։
Այսպիսի հռետորաբանութիւնը, որ կը ներկայացուի որպէս «խաղաղութեան օրակարգ», իրականութեան մէջ կը նմանի ամբողջական անձնատուութեան, ուր յունիս 7-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ, ազգային արժէքները կը զոհաբերուին քաղաքական շահերու համար։