Փաշինեան․ Ուքրանիոյ հարցով Հայաստանը դաշնակից չէ Ռուսիոյ հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ հարցով Հայաստանը դաշնակից չէ Ռուսիոյ հետ։

Ճեպազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով Վլատիմիր Զելենսքիի Երեւան կատարած այցելութեան եւ անոր շուրջ հնչող քննադատութիւններուն վերաբերող հարցումին, Փաշինեան նշեց, թէ Հայաստան արդէն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Ուքրանիա՝ ընդգծելով, որ այս հարցով Երեւանի դիրքորոշումը յստակ է։

Ան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստանի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի Ալմաթիի հռչակագիրը, որուն հիման վրայ կը կառուցուի նաեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացը։

«Մենք կը յենինք Ալմաթիի հռչակագիրին վրայ եւ այդ հիմքով կը կառուցենք խաղաղութիւնը Ատրպէյճանի հետ»,– ըսաւ ան։

Վլատիմիր Զելենսքի մայիս 4-ին Երեւան ժամանած էր՝ մասնակցելու Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովին։

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա, արձագանգելով Զելենսքիի այցելութեան, քննադատեց Երեւանը՝ պնդելով, թէ Մոսկուայի մէջ բարեկամ նկատուած երկիրը «հարթակ տրամադրեց ահաբեկչի»։