Փաշինեանի նոր պնդումը՝ Արցախը կը նշանակէ պատերազմ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ հասարակութիւնը բաժնելու եւ իրական խնդիրներէ ուշադրութիւնը շեղելու փորձ կատարեց՝ յայտարարելով, թէ Հայաստանի քաղաքական դաշտը բաժնուած է խաղաղութեան ձգտող կուսակցութիւններու եւ պատերազմի ձգտող կուսակցութիւններու միջեւ։ Ֆէյսպուքի մէջ հրապարակուած իր տեսաուղերձին մէջ Փաշինեան պնդեց, թէ Արցախեան շարժումը շարունակելը կը նշանակէ նոր պատերազմ, եւ ընտրողներուն կոչ ըրաւ ընտրութիւն կատարել այդ «երկու տարբերակներուն» միջեւ։

Փաշինեան նաեւ պնդեց, թէ միայն իր ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն է, որ բացայայտ կերպով կը յայտարարէ, թէ Արցախեան շարժումը պէտք չէ շարունակուի։ Միեւնոյն ժամանակ ան «պատերազմի կուսակցութեան» առաջնորդ նկատեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը, եւ նոյն տրամաբանութեան մէջ դասեց նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը։

Փաշինեանի այս ձեւակերպումները բնականաբար լայն քննադատութեան առիթ կու տան, որովհետեւ անոնք կը ներկայացնեն իրականութիւնը խեղաթիւրող եւ չափազանցեցուած բաժանում մը։ Արցախեան շարժումը, որ տասնամեակներ շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան պայքարի խորհրդանիշը, ներկայացնել որպէս պատերազմի ուղղակի կոչ՝ ոչ միայն անտրամաբանական, այլեւ պատմական փաստերը աղաւաղող պնդում կը նկատուի։

Այսպիսի մեկնաբանութիւնները ծայրայեղ պարզեցուած եւ անհեթեթ փորձեր են՝ ազգային, քաղաքական եւ պատմական հարցերը ներկայացնելու իբրեւ միայն «պատերազմ կամ խաղաղութիւն» կեղծ ընտրութիւն։ Նման հռետորաբանութիւնը ոչ թէ կը նպաստէ հասարակական առողջ քննարկման, այլ կը խորացնէ բաժանումները եւ կը փորձէ լռեցնել բոլոր այն ձայները, որոնք չեն համաձայնիր իշխանութեան որդեգրած ուղեգիծին հետ։