Փաշինեանի յայտարարութիւնը վտանգաւոր է Հայաստանի պետական շահերուն համար. Վարդան Օսկանեան

ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան կը գրէ․ «Նիկոլ Փաշինեան այսօր այնպիսի յայտարարութիւն մը ըրած է, որ վտանգաւոր է Հայաստանի պետական շահերուն ու հայ ժողովուրդի ապագային համար։ Ինչպէս 2019-ին «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը հիմք ստեղծեց կործանարար պատերազմի համար, այնպէս ալ այսօր իր ըրած յայտարարութիւնը ապագային կրնայ հիմք հանդիսանալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ նոր ոտնձգութիւններ արդարացնելու համար։ Թէեւ այս իշխանութեան օրօք դիւանագիտութեան եւ ազգային շահի տեսանկիւնէն վտանգաւոր, անտեղեակ, անգրագետ, անզգոյշ եւ յաճախ նաեւ հակասահմանադրական ու անօրինական յայտարարութիւնները բազմաթիւ են, բայց այսօրուանը անոնց ամենէն ցայտունն է։ Պարզապէս անհաւատալի է, թէ ինչ «կ՚առաջարկէ» Փաշինեան ազերիներուն․ կը յորդորէ զիրենք հրաժարին Հայաստանի տարածքը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կոչելէ եւ այնտեղ ատրպէյճանցիներ բնակեցնելու ծրագիրէն՝ փոխարէնը խոստանալով, որ հայկական կողմը «փակէ» «Ղարաբաղի հայերու վերադարձի» հարցը։

Դիւանագիտական կրթութիւն չունենալն իսկ բաւական է հասկնալու համար, որ այս երկու նիւթերուն միջեւ ոչ մէկ զուգահեռ կրնայ գոյանալ՝ ո՛չ միջազգային իրաւունքի, ո՛չ միջազգային ընկալման, եւ ո՛չ ալ պարզ տրամաբանութեան տեսակէտէն։ Կան տասնեակ միջազգային պայմանագրութիւններ եւ միջազգային իրաւունքի դրոյթներ, որոնք իրաւունք կու տան նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն ինքնավարութիւն ունեցած ժողովուրդներուն վերադարնալ իրենց բնօրրաններ, բնակած շրջաններ, որոնցմէ անոնք բռնի վտարուած են։ Վերադարձը՝ նվազագոյնը։ Ինքնավարութեան որեւէ աստիճան՝ դարձեալ նվազագոյնը։ Տասնեակ միջազգային հարթակներ, համաձայնագրեր, պայմանագրութիւններ եւ նախադէպեր իրաւունք կու տան հայ ժողովրդին ոչ միայն վերադառնալ մեծ մասամբ հայերով բնակեցուած նախկին ինքնավար միաւոր, այլեւ այդ միաւորի կարգավիճակին շուրջ քննարկում ծաւալելու միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ ինքնիշխանութեան հարց։

Այս նիւթերուն միջեւ հաւասարութեան նշան դնելով՝ Փաշինեան այսօր միայն մէկ «ձեռքբերում» ունեցած է․ ան Ատրպէյճանի համար ճանապարհ բացած է՝ Հայաստանի հանդէպ ոտնձգութիւն մը օրակարգ բերելու՝ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն լիովին անօրինական քայլ մը»։