Փաշինեանի Կառավարութիւնը Հայաստան Մուտքի Կնիքէն Կը Հանէ Արարատի Պատկերը՝ Հայաստանի Մէջ Շռնդալից Աղմուկ, Իսկ Թուրքիոյ Մէջ Խանդավառ Հրճուանք Պատճառելով

Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պահանջներուն դիմաց տեղի տալու ընթացքը կը շարունակուի, այս անգամ թիրախը Աստուածաշնչեան Արարատ լեռն է, որուն պատկերը եւս Հայաստանի ներկայ վարչակարգը կը խանգարէ։

Արդարեւ, կառավարութեան որոշումով 1 Նոյեմբեր 2025էն սկսեալ, Հայաստանի մուտքի կամ ելքի սահմանահատման կնիքին վրայ այլեւս պիտի չըլլայ Արարատ լերան պատկերը, պիտի չըլլան նաեւ այլ տեղեկութիւններ, բացի՝ սահմանահատման վերաբերողէն:

Հայաստանի կառավարութիւնը այս որոշումը տուաւ 11 Սեպտեմբերին: Անիկա ներառուած էր չզեկուցուող հարցերուն մէջ:

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան ընկերային ցանցերու վրայ ներկայացուց որոշումին հիմնաւորումները, թէ՝ կնիքները համապատասխանեցուած են սահմանահատումներուն ներկայացուող ժամանակակից պահանջներուն, ինչպէս նաեւ «Իրական Հայաստան»ի գաղափարախօսութեան հետ:

«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ ան տեղադրած է որոշումով սահմանուած կնիքներու նոր ձեւերը, ինչպէս նաեւ իր անցագիրին մէջ զանազան երկիրներու կնիքները` նշելով, որ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ եւս կնիքներուն վրայ միայն սահմանահատումին վերաբերող տեղեկատուութիւն կայ:

Կառավարութիւնը որեւէ բացատրութիւն չտուաւ այն մասին, որ Նոյեմբերէն սկսեալ Հայաստանի պետական սահմանահատման կնիքէն ինչո՞ւ կը վերցնէ Արարատի պատկերը: Հանրութիւնը այդ որոշումին պատճառներուն եւ հիմնաւորումներուն մասին կառավարութենէն որեւէ բացատրութիւն չլսեց: Փոխարէնը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 15 Սեպտեմբերին անուղղակիօրէն անդրադարձաւ այս նիւթին՝ ապահովութեան նիւթով միջազգային համաժողովին ընթացքին: Փաշինեանի բացատրութիւնը այն է, որ՝ նկարներով պէտք չէ ջղայնացնել դրացիները՝ տուեալ պարագային նկատի ունենալով Թուրքիան:

«Ուզում եմ բերել շատ պարզ օրինակ. դու քո տունը կառուցել ես քո կադաստրային (կալուածագիրի) գծից ներս, բայց տանդ, առաւել եւս արտաքին պատերին նկարել ես նկար, որը խորհրդանշում է քո ընկալումը, որ հարեւանդ արժանի չի ունենալ այն, ինչ ունի, եւ ամէն գարուն էդ նկարի գոյները թարմացնում ես, եւ այլն, նոր էլեմենտներ (տարրեր) ես աւելացնում… Սկզբունքօրէն ի՞նչ ա` մէկ ա սահմանիդ մէջ ես եւ այլն, բայց դա նեարդ (ջղայնութիւն) ա, դա նեարդայացնելու (ջղայնացնելու) ա ու դառնալու է վէճ, կոնֆլիկտ (հակամարտութիւն), կռիւ, պատերազմ», յայտարարեց Փաշինեան՝ նշելով, որ այս որոշումներուն համար կրնան իրենց չծափահարել, «դաւաճան» կոչել, բայց, ըստ անոր, իշխանութիւնը պէտք է տայ այնպիսի որոշումներ, որոնք ոչ միայն այսօր պիտի երաշխաւորեն երկրին ապահովութիւնը, այլ նաեւ` դարերով: «Մեր խնդիրը չէ, որ այսօր մենք ապահովենք անվտանգութիւն, խաղաղութիւն, յետոյ տասը տարի յետոյ հերթական պայթիւնը տեղի ունենայ, ոտներս գցենք ոտներիս, մուշտուկները դնենք բերաններիս, ասենք` «Տեսէք, որ մենք ասում էինք», ըսաւ Ֆիլիփինեան:

Ըստ կառավարութեան՝ Արարատի պատկերը ոչ միայն կրնայ բարկացնել Թուրքիան, այլ նաեւ, ինչպէս «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան ձեւակերպեց, Հայաստանին վերաբերող կնիքները պէտք չէ «վտանգաւոր մեսիջներ» (պատգամներ) ուղարկեն դրացիներուն:

«Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշմակնիքը, որը անձնագրերում ա տպւում, պէտք ա արտայայտի Հայաստանի Հանրապետութեանը, պետութեանը վերաբերող սիմվոլիզմը (խորհրդանիշը), պետական սիմվոլները եւ զերծ լինի նաեւ էմոցիոնալ (զգացական), յուզական նաեւ սիմվոլներից: Եւ մեր իւրաքանչիւր գործողութիւն` կը լինի դա կնիքի ձեւով, յայտարարութեան ձեւով, որեւէ կերպ, պէտք ա, ուրեմն, այլ մեսիջներ, վտանգաւոր մեսիջներ չուղարկի Հայաստանի Հանրապետութեան հարեւան պետութիւններին», յայտարարեց Յովհաննիսեան:

Ընդդիմութիւնէն հակադարձեցին իշխանութեան այս քայլին՝ շեշտելով, որ Արարատ լերան պատկերը դրացիներուն նկատմամբ տարածքային պահանջ չէ, այն անիկա պարզապէս հայ ժողովուրդի խորհրդանիշն է:

Ըստ Ազգային ժողովի մեծագոյն ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան  Օհանեանի՝ իշխանութիւնը այս քայլը կ՛առնէ զուտ թրքական պարտադրանքով: «Դա կարող է լինել միայն ու միայն պարտադրանքի ներքոյ: Մի կողմից` պարտադրանք, իսկ միւս կողմից էլ` նաեւ այնպէս անել, որ թուրքերի համար լաւ լինի», յայտարարեց ան։

«Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան չի բացառեր, որ Թուրքիան նոյնիսկ չէ պահանջած Հայաստանէն սահմանահատման կնիքէն հանել Արարատի նկարը: Փաշինեան, ըստ անոր, այդ քայլով կ՛ուզէ թուրքերուն հաճելի թուիլ:

«Անվերջ կարելի է զարմանալ, թէ ինչպէս պիոնէրական (սկաուտական) գերազանցիկութեամբ Փաշինեանը պատրաստ է հաճոյանալ Թուրքիային կամ Ադրբեջանին: … Իրենից դա ոչ մէկ չի պահանջել, ենթադրում եմ յամենայն դէպս, դա ուղղակի «Տեսէք, դա էլ կարող եմ անել» տրամաբանութեան մէջ գործողութիւն է», յայտնեց Մամիջանեան:

Հակառակ անոր որ իշխանութենէն կը հաստատեն, որ Արարատի նկարը զինանանշանին վրայէն հանելու քննարկումներ չկան, ընդդիմութիւնը չի բացառեր, որ Փաշինեան վերջապէս նաեւ այդ քայլը առնէ:

Հայաստանի սահմանահատման կնիքէն Արարատի նկարը հանելու կառավարութեան որոշումը քննադատեց նաեւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան: Բացատրելով, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի Արարատը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ Օսկանեան ըսաւ, որ խորհրդանիշները տարածքային իրաւասութեան մասին չեն, այլ` պատկանելիութեան, «դա ոչ թէ հակադրելու դրսեւորում է, այլ` ինքնութեան հաստատում»:

«Աշխարհում նման օրինակներ շատ կան: Իռլանդիան, Յունաստանը, Հնդկաստանը եւ այլ երկրներ օգտագործում են պատկերներ, որոնք խորհրդանշում են իրենց ներկայիս պետական սահմաններից դուրս գտնուող տարածքներ», շեշտեց Օսկանեան:

Թուրքիոյ ճնշումին տակ Արարատը պետական փաստաթուղթերէն եւ խորհրդանիշներէն ջնջելը Օսկանեան վտանգաւոր զիջում կը նկատէ: «Կառավարութիւնը, որ իր ժողովրդին ստիպում է հրաժարուել իր ամենաթանկ խորհրդանիշներից դիւանագիտութեան անունով, առաջնորդ չէ. այն յանձնուող է», ըսաւ Օսկանեան:

«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ կառավարութեան որոշումին: «Շատ սխալ է, որովհետեւ համարում եմ, որ այս պարագայում այլ պետութիւններ փորձում են միջամտել մեր ներքին գործերին», ըսաւ մէկը: «Յիշենք, որ Թուրքիան էլ, կամ մուսուլմանական աշխարհն էլ, Լուսինն են իրենց սիմվոլիկաներում օգտագործում, կամ որոշ երկրներ արեւն են օգտագործում: Հիմա, եթէ դա ինչ-որ պետութեան տարածքում չի, չի նշանակում, որ դա իրենցն է, կամ իրենք սեփականութեան իրաւունքով են դա անում», դիտել տուաւ այլ քաղաքացի մը։ «Շատ դէմ եմ դրան, Արարատ լեռը մեր Հայաստանի խորհրդանիշն է: Դէմ եմ», «Ես Արարատից ամէն օր ոգեշնչւում եմ, Արարատը իմ համար Հայաստանից չառանձնացուող սիմվոլ է, որը միշտ իմ հետ է լինելու», յայտնեցին ուրիշներ:

Ըստ «Նիուզ»ի՝ Թուրքիոյ մէջ մեծ հրճուանք եւ խանդավառութիւն ծագած է հայկական անցագիրներուն մէջ ելքի/մուտքի կնիքներէն Արարատ լեռը հանելու որոշումին պատճառով։ Թրքական «Էն.Թի.Վի.»ն, այս լուրին մէջ շեշտած է, որ Հայաստան այս քայլը առաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ։ Իսկ «Հապըր7»ը գրած է, թէ Թուրանի համար «Զանգեզուրի միջանցք»ին կանաչ լոյս վառած Հայաստան կը հրաժարի Արարատ լերան պատկերէն` յիշեցնելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը, որ «Արարատ լեռը Հայաստանին չի պատկանում»: