Փայլան՝ Թուրքիա–Հայաստան Կարգաւորման Մասին․ «Պայծառ Ապագայ Կը Տեսնեմ Հայ–Թրքական Յարաբերութիւններուն Մէջ»
- (0)

Ես տարիներ շարունակ աշխատած եմ Թուրքիա–Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին համար, եւ իմ երազն է, որ այս սահմանը որքան կարելի է շուտ բացուի։ Այս մասին լրագրողներուն յայտարարեց Կարօ Փայլան՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին հայ պատգամաւորը, Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած «Օրպելի Ֆորում»-ի ընթացքին։
«Կը կարծեմ, թէ յաջորդ տարուայ Յունուար կամ Փետրուար ամիսներուն կրնանք շատ լաւ զարգացումներ տեսնել։ Եթէ ամեն բան լաւ ընթանայ, Հայաստան–Թուրքիա սահմանը կը բացուի Յունուար կամ Փետրուար ամիսներուն՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար։ Ապա, կը հաւատամ, որ քանի մը ամիսէն նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիները պիտի կարողանան սահմանը անցնիլ։ Ես պայծառ ապագայ կը տեսնեմ հայ–թրքական յարաբերութիւններուն մէջ», ըսած է ան։
«Թուրքիա այժմ կ’ուզէ առաջ շարժիլ։ Անգարայի մէջ գոյութիւն ունի նման որոշում, եւ այս մէկը կարեւոր է։ Սակայն ամենամեծ խոչընդոտը այն եղած է, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա միասնական քաղաքականութիւն կը վարէին․ Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ Ատրպէյճանը կրնար արգելք ըլլալ, իսկ Հայաստան–Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ՝ Թուրքիան։ Այժմ այս երկու գործընթացները միաժամանակ կը զարգանան, եւ այս ամիսները չափազանց վճռական պիտի ըլլան թէ՛ Թուրքիա–Հայաստան, թէ՛ Հայաստան–Ատրպէյճան կարգաւորման համար։»
«Եթէ նաեւ Արեւմտեան երկիրները քիչ մը օգնեն՝ համոզելու Թուրքիան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, այդ պարագային ամեն բան կրնայ միասին առաջ ընթանալ», աւելցուց Փայլան։
Պատասխանելով հարցումի մը՝ ինչո՞ւ Թուրքիան կը յետաձգէ Հայաստան հետ սահմանը բանալը, ան յիշեցուց, թէ դեռ 2012-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստացած էր, որ սահմանը պիտի բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, սակայն Ալիեւ միջամտելով, արգելք հանդիսացած էր այդ կարգադրութեան։
«Աւելին՝ ան ըսած էր, թէ ատրպէյճանական ՍՈՔԱՐ նաւթային ընկերութիւնը պիտի կատարէր ութ միլիառ տոլարի ներդրում մը Թուրքիոյ մէջ։ Էրտողան օգտապաշտ նախագահ մըն է եւ միշտ կը հաշուէ, թէ անձնական ինչ շահ կ’ունենայ։ Ցաւօք, այս պարագային ան Արեւմտեան երկիրներէն ոչ մէկ շահ տեսաւ, եւ սահմանը փակ մնաց։ Սակայն այժմ կը կարծեմ, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը հասկցած են՝ Օգոստոս 8-ի համաձայնութիւններուն ետք ժամանակն է առաջ շարժելու, եւ նման որոշում մը կայ Անգարայի մէջ», աւելցուց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին հայ պատգամաւորը։