Ցեղասպանութենէ դէպի պահանջատիրութիւն

Horizon Weekly Newspaper

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի 16 Ապրիլ 2025-ին, Թորոնթոյի Queen’s Park-ին մէջ, Օնթարիոյի Օրէնսդիր ժողովը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակն ու մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը:

Միջոցառման ներկայ էին Ռիչմընտ Հիլ քաղաքի փոխ քաղաքապետ Կատուին Չան, Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Գառնիկ Հասըրճեան, Ս. Աստուածածին Հայոց Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ փոխ առաջնորդ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեանն ու հովիւի օգնական Արժ. Տէր Հայարի Քհն. Թանաշեանը, քաղաքական դէմքեր եւ գործիչներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Միջոցառումը սկիզբ սռաւ օրուան հանդիսավար Էլիզապէթ Գանտահարեանի բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ նշեց ցեղասպանութեան յիշատակութեան եւ իրազեկման կարեւորութիւնը, յատկապէս նորահաս սերունդին։ Ան իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Ձեր ողջունելի ներկայութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար. կը հաւատանք, որ այս հանդիպումը սոսկ այս դահլիճէն ներս պիտի չաւարտի: Մենք՝ հայերս, կարիք ունինք ձեր աջակցութեան եւ յատկապէս այն ժամանակ, երբ իշխանութիւններ որոշումներ եւ պայմանագրեր կը կնքեն. կը հաւատանք որ ձեր իշխանութիւնը հետեւողական կերպով եւ համարձակօրէն պիտի օգտագործէք, դիմակայելու ցեղասպանութիւնը, մերժելու ժխտողականութիւնը, որ պէտք է դառնայ պատմական մարտահրաւէր»:

Միջոցառման ընթացքին Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի եւ ներկայ հոգեւորական հայերու կողմէ միասնակամ աղօթք մատուցուեցաւ, ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Օնթարիո նահանգի Օրէնսդիր ժողովի նախկին նախագահ Տէյվիտ Ուորնըր իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայերուն հետ ունեցած իր հարազատ եւ մտերիմ յարաբերութեան մասին: Ան լուսարձակի տակ առաւ հարցին բարոյական հրամայականը, բարձր գնահատեց գանատահայերու տարած հետեւողական աշխատանքը եւ անկոտրում կամքը՝ ստանալու արդար հատուցում կատարուած ամենամեծ ցեղասպանութեան։ Ուորնըր անդրադարձաւ ներկայիս հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնց առաջատարը կը հանդիսանայ Արցախի պայքարը եւ բռնի ուժով տեղահանուած հայութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց հայութեան անկոտրում կամքը, պայքարելու եւ վերադարձնելու բռնագրաւած հողերը։

Քաղաքացիութեան եւ բազմամշակութեան նախարարի խորհրդարանական օգնական, Յառաջդիմական-պահպանողականներու կուսակցութեան Սքարպորօ-Էյճընքորթի ընտրատարածքի երեսփոխան Արիս Պապիկեան ներկայ էր միջոցառման, որուն կը միանային իր գործընկերները՝ Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Սթիվըն Լէչէ, Կրահամ ՄըգԿրեկըր, Մայքըլ Փարսա, Սեմ Ուսթըրհոֆ, ԹոտՄըգԳարթի, Էֆֆի Թրիանդաֆիլոփուլոս, Լոգըն Քանաբաթի, Շերիֆ Սապաուի, Տան Կէլէկըր Մըրֆի, Էնտրու Տաուի, Պիլի Բենկ եւ Լորա Սմիթ:

Պապիկեան երախտագիտական խօսք ուղղեց ըսելով. «Որպէս երկրորդ ցեղասպանութենէն փրկուած հայ եւ յոյն երրորդ սերունդի զաւակ, ես յաւերժ պարտական եմ Գանատայի Օնթարիո նահանգին, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը. այս առթիւ կու գամ յայտնելու, որ իմ ամբողջ աշխատանքս, հնարաւորութիւններս ու ներդրումս ի սպաս պիտի դնեմ այս նահանգի ժողովուրդին ծառայութեան»:

Նոր Դեմոկրատական ​​կուսակցութեան կողմէ ներկայ էին հետեւեալ պատգամաւորները՝ Թոմ Ռաքոչեւիչ, Ալեքսա Կլիմըր, Ֆրնաս Կելինա եւ Քրիս Կլավըր։ Թոմ Ռաքոչեւիչ լուսարձակի տակ առաւ 2020 թուականի Հոկտեմբեր 21-ին Օնթարիոյի օրէնսդիր մարմնին նիստը, ուր 11 պատգամաւորներ խաղաղութիւն պահանջեցին ի դիմաց Ատրպէյճանի յարձակումներուն։ 

Ազատական կուսակցութեան կողմէ ներկայ էին հետեւեալ պատգամաւորները՝ Ժոնաթան Ցաօ, Ատէլ Շամճի, Սթեֆանի Պաումէն, Անտրէա Հէյզըլ, Սթեֆանի Սմիթ եւ Ռապ Սըրճանէք: Ցաօ յայտարարեց. «Ինչպէս գիտենք, Մայիսը Հայկական մշակոյթի ամիս է, այնպէս ալ Ապրիլ 24-ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յիշատակի օր»: Ան անդրադարձաւ Օնթարիոյի մէջ հայ համայնքի կենսական եւ անշահախնդիր ներդրումին, որուն լաւ գնահատականը պիտի ըլլայ փոխադարձ ճանաչումը եւ յիշատակումը Հայոց Ցեղասպանութեան։ 

Օնթարիոյի Կանաչներու կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ Օնթարիո նահանգային խորհրդարանի պատգամաւոր Աշլին Քլէնսի իր բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը յայտնեց հայ համայնքին հետ եւ հաստատեց որ պիտի աջակցի հայութեան դատին՝ մինչեւ որ արդար հատուցում ստանայ:

Միջոցառման աւարտին Հայ Դատի յանձնախումբը երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք քաջալեր հանդիսացան եւ ընդառաջելով հրաւէրին ներկայ եղան սոյն միջոցառման, որպէսզի միասնաբար շարունակենք մեր պայքարն ու պահանջատիրութիւնը:

Հուրինա