Խմբագրական. Ցեղասպանութենէն Արցախեան պատերազմ՝ հայ ազգի անվտանգութեան ուղիները կենսագործելու ժամանակը

Հայ ազգի ծրագրուած ցեղային սպանդի եւ հայրենազրկման իրագործումը կայացած է թրքական իրերայաջորդ երեք կառավարութիւններու կողմէ՝ սուլթանական, երիտթուրքական եւ քեմալական, որուն իբրեւ արդիւնք՝ հայութիւնը կորսնցուցած է իր բննօրանի՝ հայկական բարձրավանդակի ստուարածաւալ տարածքը, իսկ բնաջնջուած ու ցեղասպանութեան ենթարկուած է բնիկ հայ ժողովուրդի երկու երրորդ կոտորակային տոկոսը։

Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցուման հարցը բազմակողմանիօրէն դիտարկուած, քննարկուած եւ վերլուծման ենթարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրման խումբի համապարփակ զեկոյցին մէջ՝ «Արդարացի լուծում – Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումները», որ հրապարակուեցաւ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեայ յոբելինական տարուան ընթաիքին։ Վերոնշեալ զեկոյցը կը ներկայացնէ 1915-1923 ժամանակահատուածին Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական բաղադրիչներու լիարժէք վերլուծութիւնը, ինչպէս նաեւ հատուցումներուն վերաբերող առաջարկներու նախագծերը:

Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումն ու հետեւանքներու  յաղթահարումը կը հանգուցալուծուի՝ հայ ազգի բնօրրան Պատմական Հայաստանի տարածքին վրայ հայոց պետականութեան վերականգնման իրաւունքով:

Ներկայիս, թրքական պետութիւնը կը շարունակէ իր նախնեաց համաթրքականութեան ռազմաքաղաքական ծրագիրը՝ ոչ միայն ուրանալով ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ՝ ռազմական գետնի վրայ մասնակից դառնալով Հայաստանի ու Արցախի դէմ շղթայազերծուած ռազմական յարձակումներուն ու սադրանքներուն։

Անհերքելի է այն փաստը, որ Անգարան անմիջական մասնակցութիւն ունեցած է Արցախեան առաջին եւ նորագոյն պատերազմներուն, Պաքուին ցուցաբերելով զինուորական աջակցութիւն, տրամադրելով թրքական բանակի հրամանատարական բարձրաստիճան զինուորականներ ու մասնագէտներ, զինատեսակներ եւ հազարաւոր վարձկան ահաբեկիչներ, գործնականօրէն շարունակելով 1915 թուականի եղեռնագործութիւնը։

Յանցագործութիւնը այսօր իսկ կը շարունակուի՝ Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան բնաջնջումով, ժողովուրդը ահաբեկելու արարքներով, ինչպէս նաեւ երկարժամկէտ բռնաճնշումներով՝ Արցախը հայաթափելու յստակ ծրագիրներով։

Խորաթափանցութիւն չի պահանջեր այն իրողութիւնը, որ պատերազմը չէ աւարտած։ Կորսնցուցած ենք ճակատամարտ մը։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նպատակն է վերջնական հաշուեյարդարով Արցախը հայաթափել եւ բռնագրաւել։

Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց զինուած ուժերը՝ որպէս մեր պետական համակարգի առանցքային բաղադրիչներ, այսօր կը գտնուին արդիական սպառազինութիւններով համալրուելու հրամայականին դէմ յանդիման, որպէսզի, յետ այսու եւ յաջորդող առճակատման ընթացքին հայրենիքի երկնքի ապահովութիւնը չմնայ լոկ պատրանք։

Աշխարհաքաղաքական տարաբնոյթ բեւեռներու մրցակցութեան յորձանուտին մէջ գտնուելով, մենք, այսօր ունինք անվտանգութեան գերակայ խնդիր։ 1915-ին, պետականութենէ զուրկ՝ ոչ միայն խաթարուեցաւ ազգի անվտանգութիւնը, այլեւ անէացման ենթարկուեցաւ ժողովուրդի ու հայրենի բննօրանի ստուարածաւալ հատուածը։ Անողնաշար դիւանագիտութեամբ եւ անաւարտ սպառազինութեամբ մեր անվտանգութիւնը ենթակայ է թուրք-ատրպէյճանական ռազմական նորանոր արկածախնդրութիւններուն։

Հայաստանի հանդէպ Թուրքիոյ պետական ռազմաքաղաքականութեան վախճանակէտը՝ հայկական բարձրավանդակի լիակատար բռնակցումն է Թուրքիոյ։ Այս էր շարժառիթը 1915-ին եւ 1920-ին, նոյնն է իրականութիւնը այսօր։ Նման իրադրութեամբ անհամատեղելի կը դառնան խաղաղ համագոյակցութեան հնարաւորութիւնները, երբ թշնամին կը շարունակէ անյագուրդ կլանել հողատարծքներդ։

Հայ ռազմաքաղաքական միտքը այսօր պէտք է չափակշռէ ու վերլուծէ ամբողջ մէկ դարու երկայնքին վրայ ժամանակի գործօնին մէջ անթեղուած անցեալի ու ներկայի աղէտներու համապարփակ տարողութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ հայրենազրկման, մարդկային կորուստներու, մշակութային ժառանգութեան անէացման եւ հոգեխոցման բաղադրիչները, որոնց հարուածներուն տակ կքեցանք ազգովին։

Ցեղասպանութիւնները, յանցագործութիւնները, վերահաս գոյութենաբանական սպառնալիքները կարելի է կասեցնել միայն ու միայն մեր պետութեան ռազմական ու ազգային անվտանգութեան համակարգի կազմակուռ կատարելագործութեամբ, յստակօրէն բանաձեւելով, որ համայն ազգութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք նոր աղէտներ դիմագրաւելու եւ հայրենազրկման ենթարկուելու իրաւունք չունի՛նք, ապագայ սերունդներուն պարտութիւններու ու կորուստներու ժառանգ կտակելու իրաւունք չունի՛նք։

Հայաստանի եւ Արցախի, հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը գերագոյն արժէքի վերածելը՝ անյետաձգելի հրամայական է այսօր, եւ այդ արժէքի կենսագործման ի խնդիր, ներազգային մեր ներուժի լրակազմ համախմբումով՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ՝ նոր եւ նպատակասլաց ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն կերտելու պահն է այսօր։

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.