Ցաւակցական
662
0
Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանին՝ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի վախճանման տխուր առիթով։
1966 թուականին, Խորէն Ա. կաթողիկոսի կարգադրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Սուրէն վրդ. Գաթարոյեան հոգեւոր հովիւ նշանակուած էր Գանատայի մէջ: Վախճանեալ Սրբազանը երկար տարիներ եղած է նաեւ Բերիոյ Թեմի բարեջան Առաջնորդ։ Տասնամեակներու վրայ երկարող հոգեւորականի իր վաստակով, Սուրէն Սրբազան իր անջնջելի աւանդը ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ։
Կեդրոնական Կոմիտէն իր կազմի եւ շրջանի բոլոր ընկերներուն անունով խորազգաց ցաւակցութիւն կը յայտնէ նաեւ Գաթարոյեան ընտանիքին, ցանկալով մխիթարութիւն:
Խաղաղութիւն իր հոգւոյն։
Comments are closed.