Րաֆֆի Սարգիսեան. «Հայ դպրոցը, ազգային հայկական միջավայրն ու հայադրոշմ ընտանիքը կը պատրաստեն յանձնառու եւ յաջողակ սերունդներ»

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի նորահաստատ «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնի պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի արտասանած խօսքը՝ (20 սեպտեմբեր 2026)։


Դարեր կ’անցնին։ Բայց կը մնաս
Դուն մի՛շտ վառ, մի՛շտ գարունազարդ։
Դեռ կը հնչէ՝ զանգի նման՝
Պատգամը հին, բայց անթառամ՝
Քու Նարեկիդ երիտասարդ։

Նարեկացի՛ Գրիգոր,
Ողջո՛յն, տիտա՛ն աղօթքի,
Որ տեսիլքի պէս երկնաւոր
Կը յայտնուիս դարձեալ մեզի՝
Քու Նարեկով անմահական…

«Անունը՝ Նարեկ, Համանուագ», Ժագ Յակոբեանի ստեղծագործած այս տողերուն մարմնացումն է, զոր կը վկայենք այսօր, երբ միասնաբար կ’ողջունենք Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնի հաստատումը։ Ան կը յայտնուի Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի եւ Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի կողքին, որպէս երրորդ տիտան, եւ կը միանայ համանուագին, որ կ’արձագանգէ գոյատեւում, բարգաւաճում եւ խոստմնալից ապագայ։

Փառք Տիրոջ, որ մեր գաղութը բախտաւորուած է հեռատես եւ անձնազոհ հիմնադիր սերունդով, որուն վարքը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ մինչեւ օրս։ Ուղղորդուելով անոնց օրինակով, ահաւասիկ գաղութը կը վայելէ նոր փառքեր։ Ուրեմն այսօր՝ նաեւ առիթ է շնորհակալութիւն յայտնելու նախ Աստուծոյ եւ ապա այն սերունդին, որոնցմէ շատերը թէեւ ֆիզիքապէս մեզի հետ չեն այսօր, սակայն անոնց հոգիները կը միանան մեզի՝ միասնաբար հրճուելու այս ուրախալի տօնին առթիւ։

47 տարիներ առաջ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանը ծնունդ առաւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ, շարունակեց ծաղկիլ Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին շնորհիւ, եւ ահաւասիկ այսօր Նարեկ Կեդրոնը կը հերկէ ճանապարհը՝ նոր սերմեր ցանելու։ Այս տարեշրջանին իսկ, մեր վարժարանը կրցաւ Կոկոնէն մինչեւ Երրորդ դասարանները անմիջապէս ընդլայնել երեք բաժիններու, եւ մեր աշակերտութեան թիւը հասաւ 720-ի՝ պատմական բարձունքի։

Մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ապրած այս դժնդակ օրերուն, կրկնակի կարեւոր կը դառնայ հայ վարժարանը կանգուն եւ ծաղկուն պահելը սփիւռքի մէջ։ Երբ շատեր կը քննադատեն սփիւռքը եւ կը համարեն անոր դիմաց պարզուած մարտահրաւէրները որպէս անխուսափելի ճակատագիր մը, մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեան գրած էր պատասխան՝ ըսելով. «Ես ճակատագրին հաւատացողը չեմ, երբեք չեմ եղած, բայց խոր հաւատք ունիմ ազգային դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան վրայ, որուն արմատները կը տեսնեմ հայ դպրոցին, ազգային հայկական միջավայրին եւ հայադրոշմ ընտանիքին մէջ»։

Ահաւասիկ պարոն Մարգարին նշած արմատներուն՝ հայ դպրոցին, ազգային հայկական միջավայրին եւ հայադրոշմ ընտանիքին նեցուկ կանգնելու համար է, որ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան եւ իր բազմաթիւ կամաւորներու զոհողութիւններով եւ բարերարներու ու նուիրատուներու մեծ ներդրումներով կեանքի կոչուեցաւ Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնը։

Փառք տիրոջ, հազար փառք, որ մեր զաւակները յաճախելով հայ վարժարան, պարոն Մարգարին նշած ճանապարհով կ’առաջնորդուին։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր ամրոցները ոչինչ են առանց փաղանգի։ Մեր կատարած եւ կատարելիք նուիրատուութիւններուն կողքին, այսօր միասնաբար խոստանանք, որ պիտի զինուորագրուինք հայապահպանման ի շահ մեծ պայքարին։ Այս ամրոցներուն մէջ գործող հաստատութիւններուն մատուցած ազգային, մշակութային եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը յաջողի հասնիլ իր նպատակին, եթէ մենք խնամենք անոնց փոխանցած տիպարներէն սերունդներ մեր տուներէն ներս։ Այնժամ՝ հայ դպրոց, ազգային հայկական միջավայր եւ հայադրոշմ ընտանիք միահամուռ կերպով կը շարունակենք պատրաստել հայ արժէքներով եւ ամուր հաւատքով օժտուած յանձնառու եւ յաջողակ սերունդներ։