Տըքոթինյի. «Ֆրանսան Ոչինչ Պիտի Զիջի Արցախի Ժողովուրդի Վերադարձի Իրաւունքի Հարցին Մէջ»
233
0
17 նոյեմբեր 2023-ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը ամրագրեց Լեռնային Ղարաբաղը հարկադրուած լքած հայերու` իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը: Մէկ տարի ետք Ազրպէյճանին ուղղուած այս հրամանը կը մնայ անկատար: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ հայերէնով գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի:
«Ֆրանսան ոչինչ կը մոռնայ եւ ոչինչ պիտի զիջի` ո՛չ անոնց վերադարձի իրաւունքի, ո՛չ ալ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ», աւելցուցած է դեսպանը:
Comments are closed.