Տէր Զօր Ուղեւորութիւն՝ Ի Հաստատումն Ուխտի Եւ Պահանջատիրութեան
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոս․ «Մենք Դարձեալ, Սուրիոյ Արաբ Ժողովուրդին Ու Պետութեան Զօրակցութեամբ Եւ Համազգային Ճիգով, Պիտի Վերաշինենք Տէր Զօրը, Հայոց Համազգային Ուխտատեղին, Ազգային Պահանջատիրական Պայքարին Հիմքը, Նոր Սերունդներու Ներշնչման Աղբիւրը, Մեր Ազգի Յաղթանակի Ճանապարհը»
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան․«Թող Համայն Աշխարհը Իմանայ, Որ Տէր Զօրէն Վերապրողներու Մնացորդացի Պողպատեայ Վճռակամութեամբ Վերազինած Ենք Մեր Պայքարի Հաւաքական Կամքը»
Ֆատէլ Նաճճար․«Այնպէս Ինչպէս Հայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն Ետք Վերականգնեցաւ, Նոյնպէս Ալ Պիտի Վերականգնին Սուրիան Ու Իր Ժողովուրդը Ու Պիտի Վերածաղկեցնեն Մեր Երկիրն Ու Հայ-Սուրիական Եղբայրութեան Խորհրդանիշը՝ Տէր Զօրը»
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Ս․ Եպս․ Զօպուեանի, Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2022-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վարդապետ Եղիայեանի, Քեսապի եւ Շրջակայից Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տէր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Սուրիոյ տարբեր նահանգներէն ժամանած ազգային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիր, որ հիմնովին քանդուած էր 21 Սեպտեմբեր 2014-ին, թրքական հովանաւորութիւն վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռամբ։ Այցելութեան նպատակն էր վերահաստատել հայութեան ուխտը եւ պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբ ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի վերականգնումի աշխատանքներուն սատարել։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն ու ազգային պատուիրակութիւնը Տէր Զօրի մէջ դիմաւորուեցան պետական աւագանիին եւ սուրիական ապահովական ուժերուն կողմէ։ Ապա անոնք այցելեցին Տէր Զօրի նահանգապետարան, ուր ընդունուեցան նահանգապետ դատաւոր Ֆատէլ Նաճարի եւ Պաաս կուսակցութեան Տէր Զօրի քարտուղարին կողմէ։
Այս առիթով նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեցին Առաջնորդին ու պատուիրակութեան, դիտել տալով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ իրագործած Թուրքիան նոյն ոճրային տրամաբանութեամբ Սուրիան քարուքանդ ընել ու ժողովուրդը քայքայել փորձեց, անոր ձեռամբ քանդուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը Տէր Զօրի մէջ։ Հայութիւնը միաձուլուեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին հետ ու դարձաւ անոր անբաժան մասնիկը։ Մենք եւ հայութիւնը նոյն խրամատին մէջ ենք թուրք թշնամիին դէմ։ Մեր միասնական աշխատանքով պիտի վերականգնենք Տէր Զօրը եւ շարունակենք մեր արժանապատիւ մեր գոյերթը՝ ի հեճուկս մեր թշնամիներուն։
Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Զօրի նահանգապետին այցելութեան այս առիթին սատարելուն եւ ապահովական անհրաժեշտ միջոցներուն ձեռնարկելուն համար, դիտել տալով որ հայութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի պիտի վերակառուցէ Սուրիան ու պիտի շարունակէ պայքարիլ իր իրաւունքներուն համար։
Նահանգապետը խորհրդանշական յուշանուէրներով պարգեւատրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւ Տէր Զօրի ազգային Սուրէն Վարդանեանը, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին պարգեւատրեց Տէր Զօրի նահանգապետն ու Պաաս կուսակցութեան Տէր Զօրի Քարտուղարը։
Ապա ուխտաւորները ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Ս․ եւ Անմահ Պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Լեւոն Վարդապետ Եղիայեան։
Պատարագին ներկայ էին Տէր Զօրի նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան քարտուղարը, հայրենական պաշտպանութեան ուժերու ներկայացուցիչներ, աշիրապետներ, Տէր Զօրի ոստիկանապետն ու Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ։
Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ իր առցանց պատգամը յղելով ուխտաւորներուն ըսաւ․
«Ո՞վ կրնայ Տէր Զօր անունը դուրս հանել իւրաքանչիւր հայու կեանքէն։ Ո՞վ կրնայ սրբել Տէր Զօր անունը հայութեան հաւաքական յիշողութենէն։ Ո՞վ կրնայ ջնջել արիւնաթաթախ այս բառը հայոց ժամանակակից պատմութեան արիւնոտ էջերէն։ Տարիներ առաջ Տէր Զօրը դարձեալ ենթարկուեցաւ նոյն ցեղասպանին ոճրագործ արարքին։
«Եկէ՛ք Տէր Զօր, սիրելի՛ հայորդիներ, տեսնելու համար, որ դարձեալ թուրքն է անցած մէկուկէս միլիոն մեր սրբացեալ նահատակներու արիւնով շաղախուած այս սրբավայրէն եւ հոն ձգած սարսափ ու մահ, աւեր ու չարիք։ Բայց մենք դարձեալ, Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին ու պետութեան զօրակցութեամբ եւ համազգային ճիգով պիտի վերաշինենք Տէր Զօրը, Հայոց համազգային ուխտատեղին, ազգային պահանջատիրական պայքարին հիմքը, նոր սերունդներու ներշնչման աղբիւրը, մեր ազգի յաղթանակի ճանապարհը»։
Այնուհետեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան առցանց իր ուղերձով հաստատեց․
«Այսօր կրկին մթագնած է հայոց երկնակամարը. թրքական ու ատրպէյճանական աքցանի մէջ առնուած է մեր հայրենիքը, վտանգուած են Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները. մարտահրաւէրները բազմաթիւ են եւ ճնշող. սակայն վհատողը չենք. ընդհակառակն՝ թող համայն աշխարհն իմանայ, որ Տէր Զօրէն վերապրողներու մնացորդացի պողպատեայ վճռակամութեամբ վերազինած ենք մեր պայքարի հաւաքական կամքը:
«Ապագան կերտելու համար պարտինք ամրապնդել մեր հաւաքական յիշողութիւնը, որպէսզի այսքան չարիք չմոռնան մեր ժողովուրդն ու գալիք սերունդները։ Այդ յիշողութեան կարեւորագոյն վկայարաններէն է այս կառոյցը, որուն առջեւ կը վերանորոգենք մեր ուխտը»:
Այս առիթով խօսք առաւ Տէր Զօրի նահանգապետը, որ ողջունեց հայ ժողովուրդը եւ հաստատեց, որ Տէր Զօրի մէջ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայեր նահատակուեցան, նոյնպէս ալ հարիւր տարի վերջ նոյն ոսոխին, օսմանցիներու ժառանգորդներուն եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ոճրային քաղաքականութեան հետեւանքով նահատակուեցան սուրիացիներ, սուրիահայեր։ Սուրիական բանակը, որուն մէջ կը մարտնչէին նաեւ սուրիահայեր, տուաւ բազում նահատակներ, սակայն ազատագրեց Տէր Զօրը։ Ու այնպէս ինչպէս հայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք վերականգնեցաւ, նոյնպէս ալ պիտի վերականգնին Սուրիան ու իր ժողովուրդը ու պիտի վերածաղկեցնեն մեր երկիրն ու հայ-սուրիական եղբայրութեան խորհրդանիշը՝ Տէր Զօրը։
Ան յորդորեց բոլոր տէրզօրաբնակ հայերուն վերադառնալ եւ մասնակցիլ իրենց հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ տան վերակառուցման աշխատանքներուն, շեշտելով որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը, նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի առաջնորդութեամբ վճռած է պահպանել Սուրիոյ ժողովուրդի միասնութիւնն ու ազատագրել Սուրիան բոլոր օտար ուժերէն։
Նաճճար շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ հայութեան այս ուխտագնացութեան կազմակերպման եւ Տէր Զօր այցելութեան համար։
Ապա Ազգ․ Վարչութեան ատենապետ մեթր Սումպուլ Սումպուլեան խօսք առնելով նկարագրեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ահաւոր աւերներն ու վերյիշեց համաշխարհային գրող Վիքթոր Հիւկոյի հետեւեալ խօսքը․ «Հոսկէ թուրքեր անցած են»։
Ան շեշտեց, որ Տէր Զօրի յուշահամալիրը քանդեցին՝ ջնջելու հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն պատմական յիշողութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան վկայարանը, սակայն մենք Տէր Զօրէն կը յայտարարենք, որ պիտի շարունակենք պահանջատէր մնալ։
Սումպուլեան շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական բանակին, ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի աշիրեթներուն եւ բնակչութեան։ Եզրափակելով ան երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ- Ասատին։
Այս առիթով իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Տէր Զօրի աշիրապետ Ապտ ալ-Քերիմ Տանտալ։ Ան շեշտեց, որ հայերուն հետ մենք արեան եւ հողի եղբայրներ ենք, ուստի կը շեշտենք, որ դաւադիր ուժեր պիտի չկարենան Սուրիոյ ժողովուրդին միասնութիւնը քայքայել։
Աւարտին սրբազան հայրը խորհրդանշական յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Տէր Զօրի հայրենական պաշտպանութեան ուժերու ղեկավարը։
Նշենք, որ Պատարագին ներկայ էին հայկական եւ տեղական լրատուամիջոցներ։