«Տէր Զօրի համալիրը վերաշինել կը նշանակէ նոր շունչ տալ մեր պահանջատիրական պայքարին». Արամ Ա․ Վեհափառ

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին, այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն, թեմի միաբան հայրերուն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն ժամանած հայկական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու մեծաթիւ ներկայացուցիչներու, Սուրիոյ ապահովական ուժերու, Սուրիական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, Նահատակներու ընտանիքներու օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու եւ տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ:
 
Ի գործ դրուեցան արաբական հիւրընկալութեան յիշարժան աւանդոյթներ, որոնցմէ ետք Վեհափառ Հայրապետն ու իրեն ընկերակցող շքախումբը «Հրաշափառ» եւ «Ուրախ Լեր» շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիրի դահլիճ։
 
Վեհափառ Հայրապետը Տէր Զօրէն հայրապետական օրհութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները ու ըսաւ, որ Տէր Զօրը մեր ազգի զաւակներուն համար սովորական վայր մը չէ, այլ կենդանի վկայարանն է Հայոց Ցեղասպանութեան: Ան ոչ միայն մեր ժողովուրդի գերեզմանը, այլեւ յարութեան վկայարանը դարձաւ ու ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները հաստատուելով Սուրիա, Լիբանան եւ այլուր, Տէր Զօրը իրենց հետ տարին որպէս ոգի, մանաւանդ որպէս պատգամ երկրագունդի մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման: Ահա թէ ինչո՛ւ Տէր Զօրը մեզի համար ուխտավայր է, սրբավայր է:
 
Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ պետութեան, որոնք մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ բացին իրենց դռները, հայրենիքը եւ իրենց հացն ու ջուրը բաժնեկցեցան ցեղասպանութենէն վերապրողներուն հետ: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ազգերուն, պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք յանդգնութիւն ունեցան ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
 
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը յայտարարեց․
«Այսօր, այս աւերակներուն դիմաց կանգնած կը յայտարարեմ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ համայն մարդկութեան, թէ մենք պիտի վերաշինենք Տէր Զօրի յուշահամալիրը: Մենք կեանքի ժողովուրդ ենք, տեսլական ունեցող ժողովուրդ ենք: Մենք կը մերժենք մահը, քանդումը, թշնամութիւնը, ատելութիւնը, ունինք կեցուածք այն բոլորին դիմաց, որոնք կը փորձեն մահ, քանդում, աւերակ ցանել ամէն տեղ: Մեր ժողովուրդը լոյսի ու յոյսի, հաւատքի ու վճռականութեան ժողովուրդ է։ Եկած եմ անգամ մը եւս շեշտելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, սակայն համազգային մաշտապով, մեր ազգի բոլոր զաւակներուն մասնակցութեամբ եւ սուրիական պետութեան ու ժողովուրդին զօրակցութեամբ, մենք պիտի վերաշինենք Տէր Զօրի եկեղեցին իր համալիրով:
«Տէր Զօրի այս համալիրը վերաշինել կը նշանակէ նոր շունչ, նոր թափ տալ մեր պահանջատիրական պայքարին: Մեր ժողովուրդը պահանջատէր է: Մեր մարդկային իրաւունքները տակաւին կը մնան բռնաբարուած: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը Տէր Զօրի, Սուրիոյ, Լիբանանի մէջ եւ այլուր: Այսպէս պէտք է ըլլայ իրաւազրկուած ժողովուրդին կեանքը: Մեր կեանքը պայքարի, պահանջատիրութեան կեանք է: Հետեւաբար այսօր, այստեղ՝ Տէր Զօրի մէջ, մենք կը վերանորոգենք մեր հաւատքն ու կամքը՝ շարունակելու մեր պահանջատիրական պայքարը»:
 
Ապա Տէր Զօրի նահանգապետ Ֆատէլ Նաճճար խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, որ համարեց հայութեան զօրակցութիւնը Տէր Զօրի, ապա նաեւ ողջ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն։ Ուստի ան շեշտեց, որ ձեռք ձեռքի տալով միասնաբար պիտի վերակառուցենք Սուրիան ու դէմ պիտի դնենք Սուրիոյ ընկերային համերաշխ հիւսուածքի քայքայման ուղղուած բոլոր դաւադրութիւններուն։
 
Թեմի Ազգ․ Վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան ողջունեց Տէր Զօրի աշիրէթները, որոնք ցեղասպանութեան օրերուն տիրութիւն ըրին հայ ժողովուրդին, ապա ներկայացնելով յուշահամալիրին կառուցման նպատակը, անդրադարձաւ թրքական ուժերու կողմէ անոր քանդումին, շեշտելով, որ յիշողութիւնը կարելի չէ ջնջել։ Իր խօսքը եզրափակելով ան ողջոյնի խօսք ուղղեց Սուրիոյ նախագահին եւ սուրիական բանակին։
 
Տէր Զօրի կրօնական կալուածներու տնօրէն Ապտուլ Հատի Մուհամէտ Սարեհ խօսք առնելով յայտնեց, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ին եւ հայութեան հետ Սուրիոյ ժողովուրդը բարեկամական յարաբերութիւններ կը վայելէ, որովհետեւ անոնք հաւատարիմ բարեկամներ են։ Ապա շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկող նոյն ձեռքերը քանդեցին Սուրիան, անոր եկեղեցիներն ու մզկիթները, հետեւաբար երկու ժողովուրդները նոյն խրամատին մէջ կը պայքարին։
 
Պաշտօնական խօսքերու աւարտին դպրաց դասուն եւ միաբան հայրերուն երգեցողութեամբ հնչեցին «Ամէն Հայի» եւ «Ի Վեր Բարձանց Ս․ Սիոնի» հայրապետական մաղթերգները։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ»-ով փակեց ժողովրդային հաւաքը, որմէ ետք ներկաները միասնաբար «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին։
Հուսկ Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին ցաւակցութիւնները ընդունեց եւ երիտասարդութեան հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ։ԼՂՅիշենք որ Սուրիոյ
Յիշենք, որ Հայ Դատի Յանձնախումբը հրաւիրեալներուն բաշխեց «Արդարացի Լուծում» գիրքին արաբերէնի թարգմանուած օրինակը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.