Տեսակը. Դաշնակցութեան տեսակին իմ պատկերացումը
ՀՅԴ կարմիր դրօշին վրայ քանդակուած են կարգախօս մը եւ զինանշան մը։ Այդ երկուքն են, որ կը բնորոշեն կուսակցութեան էութիւնը, կը բնութագրեն անոր «ինչ»-ը եւ «ինչպէս»-ը եւ ի հարկէ «ինչու»-ն։ «Ազատութիւն կամ մահ»,– ահա կարգախօսը,– յանուն ազատութեան, ընդդէմ մահուան, յանուն ազա՛տ ապրելու իրաւունքին, ընդդէմ ստրկութեան, որ համազօր է մահուան։ Եթէ չկայ ազատութիւն՝ իր մարդկային, համամարդկային ազնուագոյն իմաստով, ապա մա՛հ է՝ ի՛նչ ձեւի տակ որ ըլլայ՝ ֆիզիքական թէ բարոյական։ Մե՜ծ, շա՛տ մեծ իմաստ կը բովանդակեն այդ երկու բառերը։
Միասնութեան յղացքը այսքանով չի սահմանափակուիր։ Ուզուածը միասնութիւնն է հայութեան՝ իր ամբողջական ներուժով։ Եւ Դաշնակցութեան առաքելութիւնն ալ ա՛յդ է՝ հետապնդել մեր հարցերու լուծումը հայութեան ամբողջ կարողականութեամբ։ Հայրենիքի մէջ ըլլայ, թէ Սփիւռքի։ Եւ այս է նաեւ, որ թշնամին չի հանդուրժեր, այլեւ կը սարսափի ատկէ։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
– Ըլլ՛ալ։
Այսպէս կ՚աւարտէի նախորդ յօդուածներէս մէկը՝ ակնարկելով մեր կուսակցութիւններու առաքելութեան,– ըլլալ, գոյութի՛ւն ունենալ մեր կեանքին մէջ, գործե՛լ։
Գործել յանուն ինչի՞, ընդդէմ ինչի՞։
Եթէ հարցումը այլապէս դնենք, ինչպէս դիտել կու տար ընթերցող մը՝ ի՞նչ ըլլալ եւ ինչպէ՞ս ըլլալ։
Ըսած եմ ու կրկնութեան գնով վերստին ըսեմ՝ կուսակցութիւնները ժամանցի վայրեր չեն, իսկ կուսակցական ըլլալը հաճելի պահեր ապրելու համար, ազատ ժամանակը լաւ, թէկուզ օգտակար ձեւով անցընելու համար չէ, պէտք չէ ըլլայ։
Կուսակցութիւնները տեսլականներ ունին,– ունենալո՛ւ են, այլապէս ինչո՞ւ կան,– եւ ունին նպատակներ ու կը գործեն զանոնք իրականացնելու համար՝ առաջնորդուելով իրենց գաղափարաբանութեամբ, ծառայելով իրենց ժողովուրդին, այսինքն՝ հետապնդելով ազգի ու հայրենիքի բարօրութիւնը, յառաջդիմութիւնը, զարգացումը։ Եթէ այդպէս չէ՝ կուսակցութիւն մը կը դառնայ սնամէջ կազմակերպութիւն մը, կուսակցական ըլլալն ալ՝ «պարապ վախտի խաղալիք», ինչպէս օրին բանաձեւեր է Խաչատուր Աբովեան։
Ամբողջ կեանք մը պատկանելով մէկ կուսակցութեան մը, ես կրնամ անո՛ր մասին իմ պատկերացումը արտայայտել, ուրիշներուն թողելով իրենց պատկանած կամ չպատկանած կուսակցութիւններուն մասին արտայայտուելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը։
Արդ, յանուն ինչի՞ եւ ընդդէմ ինչի՞ է, որ կը գործէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն ճամբով է, հաւատացած եմ, որ ես կրնամ ծառայել ժողովուրդիս։
ՀՅԴ կարմիր դրօշին վրայ քանդակուած են կարգախօս մը եւ զինանշան մը։ Այդ երկուքն են, որ կը բնորոշեն կուսակցութեան էութիւնը, կը բնութագրեն անոր «ինչ»-ը եւ «ինչպէս»-ը եւ ի հարկէ «ինչու»-ն։
«Ազատութիւն կամ մահ»,– ահա կարգախօսը,– յանուն ազատութեան, ընդդէմ մահուան, յանուն ազա՛տ ապրելու իրաւունքին, ընդդէմ ստրկութեան, որ համազօր է մահուան։ Եթէ չկայ ազատութիւն՝ իր մարդկային, համամարդկային ազնուագոյն իմաստով, ապա մա՛հ է՝ ի՛նչ ձեւի տակ որ ըլլայ՝ ֆիզիքական թէ բարոյական։ Մե՜ծ, շա՛տ մեծ իմաստ կը բովանդակեն այդ երկու բառերը։
Ազատութի՜ւն՝ լիաթոք շնչելու եւ ապրելու «այս լուսնի տակ», բոլորին հաւասար իրաւունքներով, վայելելու երկրագունդին ընձեռած բարիքները՝ բոլորին հետ հաւասարապէս բաժնելով զանոնք, անկաշկանդ ստեղծելու, ստեղծագործելու՝ մաս կազմելով աշխարհի քաղաքակրթութեան երթին, հարստացնելո՛վ զայն։ Սեփական լեզուով ու ոճով աղօթելու, երգելու, պարելու, դրսեւորելու ինքնուրոյն դէմքը, բարքերը, բարոյական հասկացութիւնները, պաշտպանելու հողը, բնութիւնը, երկի՛րը, շէնցնելով զայն, կերտելո՛վ։ Ո՛չ ի հեճուկս այլոց, այլ յաղագս բոլորին։
Իսկ մա՞հը… հալածանքները, հարստահարութիւնները, ջարդերն ու տարագրութիւնները, տնտեսական ճնշումները, քաղաքական դաւերը, մշակութային գերութիւնը, ուրիշներու կամքին ենթարկումը, ուրիշներու փառքին ու շահերուն ծառայութիւնը, սեփականէն հրաժարումը, դիմագիծի կորուստը եւ մասամբ նորին։
Հասկնալի է, որ այդ ազատութիւնը կամ մահը միայն մեզի չեն վերաբերիր այլ բոլոր ազգերուն, բոլորին իրաւունքն է ապրիլ ազատ ու խաղաղ, ուստի նաեւ բոլորին պարտականութիւնն է պայքարիլ այդ իտէալին համար։ Ահա թէ ինչու Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, թէ բոլոր ազգերու միացեալ ճիգերով միայն կրնան արդար կարգեր յառաջանալ ամենուրեք։
Եւ զինանշանը։ Զինանշանը նոյնպէս կը խտացնէ Դաշնակցութեան էութիւնը։ Զինանշանին կիզակէտը բռնցքացած ձեռքն է, որ բռնած է դրօշին ձողը։ Ան խորհրդանշանն է միութեան, միասնութեան։ Զինանշանին վրայ միացած են մարտիկը (դաշոյնը), մտաւորականը (փետուրը) եւ աշխատաւորը (բահը)։
Միասնութեան յղացքը այսքանով չի սահմանափակուիր։ Ուզուածը միասնութիւնն է հայութեան՝ իր ամբողջական ներուժով։ Եւ Դաշնակցութեան առաքելութիւնն ալ ա՛յդ է՝ հետապնդել մեր հարցերու լուծումը հայութեան ամբողջ կարողականութեամբ։ Հայրենիքի մէջ ըլլայ, թէ Սփիւռքի։ Եւ այս է նաեւ, որ թշնամին չի հանդուրժեր, այլեւ կը սարսափի ատկէ։
Այդ հարցերը կը վերաբերին հայրենիքի ամենէն փոքր համայնքներէն մինչեւ պետութեան ամբողջական համալիրին, Սփիւռքի ամենէն քիչ հայաշատ օճախներէն մինչեւ արդէն նոյնիսկ Երեւանէն աւելի մեծ թիւով հայութիւն համախմբած քաղաքներուն։ Այդ հարցերը կ՚ընդգրկեն բոլոր մարզերը՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու մանաւանդ մշակութային, որոնցմէ որեւէ մէկը կարելի չէ անտեսել։
Այս բոլորին հասնելու համար մենք պարտաւոր ենք յաջողելու, քանի որ ձախողութիւնը այլընտրանք չի կրնար ըլլալ։
Ինչպէ՞ս։ Ահա հարցերու հարցը։ Ահա մարտահրաւէրը։
Քով-քովի բերելով բոլոր կողմերը։ Ստեղծելով նիւթական անսպառ կռուաններ։ Գործի լծելով կամաւորներու այնպիսի բանակ, ինչպէս կրցաւ ընել Սարդարապատի նախօրեակին։
Այս բոլորին մասին տակաւին կրնանք երկար խօսիլ, սակայն ամփոփ գիծերու մէջ ահա այս է Դաշնակցութեան տեսակին իմ պատկերացումը։ Այսպէ՛ս ըլլալու է ան։ Այլ պատկերացում կա՞յ ըլլալու։