Տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով, փետրուար 19-20-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողովը՝ մասնակցութեամբ աւելի քան քսան երկիրներու ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու ներկայացուցիչներու։

Խորհրդաժողովին ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուեցան աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայոց պետականութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ համակարգուած եւ ցանցային աշխատանքներու իրականացման հարցերը։

Առանձնայատուկ շեշտուեցաւ ազգային ինքնութեան, ազգային արժէքներու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ մեր պետականութեան դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն դիմակայելու գործին մէջ հետեւողական եւ միասնական ջանքերով, բոլոր ճակատներուն վրայ, աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը։

ՀՅԴ Բիւրօ
21 փետրուար 2026