Տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յաձնախումբի Լիագումար ժողովը
- (0)

Շաբաթ, 21 մարտ 2026-ին, Քինկսթընի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի շրջանային յանձնախումբի 2025-27 երկամեակի լիագումար ժողովը, մասնակցութեամբ յանձնախումբի անդամներուն եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին:
Միօրեայ ժողովի ընթացքին, յանձնախումբի անդամաները քննեցին անցնող շրջանի գործունէութիւնը՝ գնահատելով ձեռքբերումները եւ արձանագրելով առկայ մարտահրաւէրները։ Այս ծիրին մէջ յատուկ շեշտ դրուեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու համակարգուած եւ նպատակային ընդլայնման ուղղութեամբ՝ ռազմավարական, մարտավարական եւ գործնական մակարդակներուն վրայ։ Քննարկուեցան նաեւ հաղորդակցութեան, հանրային կապերու եւ քաղաքական լոբպիինկի միջոցները աւելի զարգացնելու հնարաւորութիւնները։
Յանձնախումբը սահմանեց յառաջիկայ տարուան հիմնական առաջնահերթութիւնները՝ ընդգծելով երիտասարդութեան ներգրաւման կարեւորութիւնը։ Նշուեցաւ, թէ անհրաժեշտ է նոր սերունդը աւելի խորապէս մասնակից դարձնել Հայ Դատի աշխատանքներուն՝ կրթական նախաձեռնութիւններու, կամաւորական ծրագրերու եւ քաղաքական իրազեկման միջոցառումներու միջոցով։
Ժողովին ընթացքին վերահաստատուեցաւ յանձնախումբին անսակարկ յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքները եւ արդար դատը։ Այս շրջագիծին մէջ կարեւորուեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ շարունակական ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ ապահովելու համար Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակումը եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի կիրառումը։ Միաժամանակ, ընդգծուեցաւ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հրատապութիւնը՝ ի դիմաց շարունակուող ոտնձգութիւններուն եւ ոչնչացման փորձերուն։
Յանձնախումբը նաեւ վերահաստատեց իր հետեւողական դիրքորոշումը՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ կրօնական ազատութիւններու պահպանման։ Նշուեցաւ, թէ այս սկզբունքները առանցքային են ոչ միայն Հայաստանի պետականութեան կայացման, այլ նաեւ համահայկական շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն։
Ժողովի աւարտին յանձնախումբը վերահաստատեց վերոնշեալ հարցերու ուղղութեամբ իր վճռակամ կեցուածքը եւ զանոնք յաջողութեան առաջնորդելու անկոտրում պատրաստակամութիւնը: