Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին նուիրուած միջոցառում
- (0)

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նշում է հիմնադրութեան 135-ամեակը, ինչի առթիւ դեկտեմբերի 6-ին կազմակերպուած է հանդիսաւոր միջոցառում։ Այն համախմբելու է կուսակցութեան անդամները, համակիրները, ինչպէս նաեւ պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ։ Այս տարի միջոցառումը տեղի կ՚ունենայ «Յանուն հայի, յանուն պետութեան» կարգախօսի ներքոյ՝ ընդգծելով ՀՅԴ աշխարհայեացքը, գաղափարական հիմքերը եւ արժէքները։
Միջոցառման ընթացքին ուղերձներով հանդէս պիտի գան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան։
Պիտի ցուցադրուին նաեւ շարք մը թեմատիկ տեսաֆիլմեր, ներկայացնելու համար Դաշնակցութեան պատմական ուղին, ազատագրական պայքարի կարեւոր հանգրուանները եւ կազմակերպութեան գործունէութիւնը մեր օրերուն։
Հանդիսութեան նպատակն է արժեւորել 135-ամեայ քաղաքական եւ հասարակական ժառանգութիւնը, շեշտադրել ազգային դիմադրողականութեան գաղափարը, եւ ներկայացնել ՀՅԴ տեսլականը եւ մօտեցումները՝ երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու վերաբերեալ։
Միջոցառումը նախաձեռնուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի կողմէ։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի
Հանրային Կապերի Գրասենեակ