Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ` Հայաստանի 6 Համայնքներու Մէջ
Կիրակի, 17 հոկտեմբերին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերու 6 համայնքներու մէջ, իսկ Արագածոտնի, Արմաւիրի եւ Լոռիի մարզերու 3 համայնքներու մէջ` մեծամասնական ընտրակարգով:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ամփոփեց ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, որոնք հետեւեալ պատկերը կը պարզեն.
Գորիս. «Առուշ Առուշանեան» դաշինք` 6269 քուէ, «Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւն` 282, «Քաղաքացիական պայմանագիր»` 3568:
Գիւմրի. «Հայրաքաղաք» դաշինք` 1162 քուէ, «Արժանապատիւ ուղի» կուսակցութիւն` 388, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն` 1333, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 7785, «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն` 2793, Հայաստանի համայնավար կուսակցութիւն` 260, «Գիւմրին կրնայ» դաշինք` 904, «Բալասանեան դաշինք» կուսակցութիւն` 9637, «Թասիբով» դաշինք` 586, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 1489:
Տաթեւ. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 337 քուէ, «Շանթ» դաշինք` 949, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 1280:
Տեղ. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 806 քուէ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 1501: Դիլիջան. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 1927 քուէ, «Հայրենիք» կուսակցութիւն` 219, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն` 514, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 4591, «Քաղաքացու որոշում» կուսակցութիւն` 605:
Մեղրի. «Ազատական» կուսակցութիւն` 716 քուէ, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 487, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն` 2133, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 1637:
Ըստ նախնական տուեալներուն, ընտրութիւններուն մասնակցեցան քուէարկելու իրաւունք ունեցող 166 հազար 753 քաղաքացիներէն 55 հազար 410-ը կամ` 33,23 առ հարիւրը: Ընտրողները աւելի աշխուժ եղած են Սիւնիքի մարզի Տաթեւ, Տեղ, Մեղրի եւ Գորիս համայնքներուն մէջ: Ամէնէն քիչ մասնակցութիւնը արձանագրուեցաւ Գիւմրիի մէջ` 24,14 առ հարիւր:
Յատկանշական է, որ Գորիսի մէջ քուէներու բացարձակ առաւելութեամբ` ստանալով 6269 քուէ կամ ընտրողներու ձայներուն 60,28 առ հարիւրը, վերընտրուեցաւ քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան, որ կը գտնուի բանտը, իսկ մինչեւ անոր ազատ արձակումը քաղաքապետի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս կը կատարէ փոխքաղաքապետ Մենուա Յովսէփեան: «Առուշ Առուշանեան» դաշինքի հիմնական մրցակիցն էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որուն օգտին քուէարկեց 3568 հոգի կամ` 34.3 առ հարիւր:
Մ. Յովսէփեան դիտել տուաւ, որ ժողովուրդը ընտրեց Առուշ Առուշանեանը, որովհետեւ ականատես եղաւ Գորիսի մէջ տարուած մեծածաւալ աշխատանքներուն: Փոխքաղաքապետը վստահեցուց, որ Առուշ Առուշանեանի որդեգրած քաղաքականութիւնը իրենք պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: «Պիտի պայքարինք արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար», շեշտեց ան: