«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Գ.

Գլուխ Երկրորդ

1914

Բասէն Եւ Ալաշկերտ

1.

Թրքական զրահանաւերը ռուս-թրքական պատերազմը կը յայտարարէին յանդուգն յարձակողականով մը: Սեւ ծովու ռուսական ուժերը շփոթութեւն կը մատնէին, ու կը ստիպէին ռուսական ծովային իշխանութիւնները Բաթումէն մինչեւ Օտեսա, Սեւ ծովու եզերքները ծածկել պայթուցիկ ականներով, որպէսզի Գէօբէն ու Բրէսլաւն պոռչտացող ցուլերու պէս ներս չմտնեն նաւահանգիստները՝ ընդհանուր արեւմուտք առաջացնելու: Սակայն Տաճկահայաստանի սահմանագլուխներուն վրայ կեցող ռուսական բանակը, Սեւ ծովու ուժերուն պէս, ինքնապաշտպանողական պատեանի մէջ քաշուած չէր: Հոկտեմբերի երկրորդ կէսին ռուսական բանակը կ’անցնէր սահմանը, գրեթէ անարգել, եւ չորս թեւերով ներս կը խուժէր սահմանամերձ գաւառները: Կեդրոնական թիւը կ’առաջանար Գարա-Ուրգանէն դէպի Քէօփրիքէօյ: Օժանդակ թեւը ռուսական Բասէնի Սետահան գիւղէն կը մտնէր Բասէնի դաշտը եւ կ’ուղղուէր դարձեալ դէպի Քէօփրիքէօյ-Հասանգալէ: Երրորդ թեւը Արարատեան դաշտէն կ’առաջանար Մասիսի վրայով դէպի Ալաշկերտի դաշտը եւ Հին-Բայազիտ: Չորրորդ թեւը պարսկական Ատրպատականէն՝ դէպի Վանի նահանգի սահմանները:

Հայ կամաւորական գունդերը շատ կարճ միջոցի մը ընթացքին կազմակերպուած էին (հարկաւ ունէին իրենց թերութիւնները, որոնք կը բխէին հապճեպ պատրաստութիւններէն) եւ պատերազմի առաջին օրէն իսկ ռուսական արշաւանքին կը բերէին իրենց մասնակցութիւնը: Առաջին կամաւորական գունդը Անդրանիկի ղեկավարութեամբ կը գտնուէր պարսկական ճակատի վրայ: Երկրորդ գունդը Դրոյի ղեկավարութեամբ կը բռնէր Ալաշկերտի գիծը: Երրորդ գունդը Համազասպի ղեկավարութեամբ կը մտնէր Բասէն, իրեն կեդրոն ունենալով Դէլիբաբան: Չորրորդ գունդը Քեռիի ղեկավարութեամբ կը գործէր երկու թեւերով. մէկ մասը Օլթիի, իսկ միւս մասը (ձիաւորներ) Բասէնի ուղղութեամբ:

Կամաւորական գունդերը մեծցուած երէկուայ ֆէտայական խումբերն էին, իրենց առաւելութիւններովն ու թերութիւններովը: Իննսունական թուականներուն, երբ հայկական ազատագրական շարժումը մեծ թափ կը ստանար եւ յեղափոխական ֆէտայական թռիչքները կ’ուղղուէին դէպի Տաճկաստան, ռուսական սուինը կը ցցուէր հայ ֆէտայիներու դէմ անխնայօրէն: Ազատագրական խումբերը Կուկունեանի օրէն սկսած մինչեւ 1905-ը (երբ այլեւս վերջ գտաւ խումբերու անցքը դէպի Տաճկահայաստան) մեր լաւագոյն կռուողները զոհ գնացին իրենց կռնակէն հասած ռուսական հարուածին եւ միշտ ջլատուեցան: Այդ փոքրիկ ուժերը շատ աննպաստ պայմաններու մէջ, ազատութեան դրօշակը կրցած էին հասցնել մինչեւ Բասէնի եւ Ալաշկերտի առաջին գիւղերը եւ նահատակուած էին, տեղական ժողովրդին թողնելով պարզ հողակոյտ մը. շիրիմի տեղ, յեղափոխական զանգահարի դերը կատարելով:

Հիմա սակայն, քսանեւհինգ դժնդակ տարիներ անցնելէ յետոյ, պատմութեան ընթացքը փոխուած էր: Նորէն ռուս զօրքը կ’արշաւէր դէպի հայկական բարձրաւանդակը եւ երէկուայ իր անգթօրէն կոտորած ֆէտային՝ կամաւորական գունդ կազմած՝ լաւ հագուած, մօսին ուսին, վաշտերու բաժնուած՝ բայց ֆէտայական յեղափոխական ոգիով, ազատօրէն կը մտնէր Բասէն եւ Ալաշկերտ, կ’անցնէր Խանի, Առիւծ Սերոբի, Գայլ Վահանի եւ Կուկունեանի ճանապարհներով. այս անգամ սակայն, միայն մէկ թշնամուն – թուրքին – հարուածելու պարտաւորութեամբ:

Այդ նոր գարուն էր: Հայութիւնը թափով դիմաւորեց զայն:

Յարձակողական արշաւանքները իրենց առաջին թափով հասան Հասան-Գալէի դռները եւ Ալաշկերտի վրայով՝ մինչեւ Խըլըճ-Գէտիկ: Սակայն ռուսական խոշոր ուժեր տակաւին չէին կեդրոնացած Կովկասի ճակատին վրայ: Եղած ուժերով աւելի առաջ անցնիլը, զինուորական տեսակէտով, անթոյլատրելի էր: Ատկէ աւելի առաջ անցնիլը կը նշանակէր գրաւել Էրզրումն ու Տրապիզոնը: Պատրաստի ուժերն այդ խոշոր գործը գլուխ հանելու ի վիճակի չէին: Թուրքերն առաջին առթիւ տեղի տալով՝ կրցած էին իրենց զօրքերն ամփոփել Էրզրումի ճակատին վրայ, հակայարձակողականի սկսելու համար: Ռուսական յառաջապահները տեղի տալով, հէնց պատերազմի առաջին շաբթուն, ետ կուգային եւ կը յենուէին Արազի եզերքներուն՝ իրենց ձեռքի մէջ պահելով տաճկական Բասէնի մեծ մասը: Ալաշկերտի շրջանը կը մնար ամուր:

Դրոյի կամաւորական գունդը Բայազիտէն կը յառաջանար դէպի Աբաղայի դաշտը: Գավրէ-Շամէի մէջ Դրօն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ Թիֆլիս: Արմէն-Գարօ ստանձնեց գունդի ղեկավարութիւնը, որոշ ժամանակուայ մը համար: Պատերազմական գիծը կայունութիւն մը ունեցաւ եւ մնաց Գաւրէ-Ալատաղ-Խըլըճ-Գէտիկ-Դանակերմազ Դալի-Բաբա – Գարաուրկան: (Տես քարտէզի 1914 գրաւման վայրը):

2.

Առ այժմ այսքան էր Տաճկահայաստանը: Էրզրումի նահանգի երկու հայաշատ գաւառներն ազատուած էին պատերազմի առաջին օրերուն: Դիմաւորենք այդ ազգաբնակչութիւնը: Ալաշկերտէն ազատուած էին 24,000 բնակիչ. Բասէն ունէր 22,000 բնակիչ: Երկու շրջաններն ալ գիւղական միապաղաղ զանգուած մը կը ներկայացնէին: Կեդրոն քաղաք կամ մեծ գիւղաքաղաք չունէին: Երկու շրջաններն ալ կուլտուրա-կրթապէս յետամնաց շրջաններ էին: Ունէին իրենց գիւղական նախակրթարանները՝ շատ միջակ ուսուցչական կազմով: Մտաւորական եւ ղեկավար ուժերու կատարեալ բացակայութիւն: Բայազիտը որ քաղաքի համբաւ ունի, փոքր տեղ է եւ սեղմուած Արարատ լեռան հեռաւոր մէկ կողին եւ ազդեցութիւն ունեցած չէ Ալաշկերտի դաշտի հասարակութեան վրայ: Բայազիտ քաղաքի բնակչութեան մեծ մասը քիւրտերն ու թուրքերն էին, որոնք շատ նախնական վիճակի մէջ պահած էին քաղաքը:

Թուրքերն ու քիւրտերը մեծ մասով հեռացած էին Բասէնէն: Մնացած էին միայն քանի մը գիւղեր, որոնք կ’իյնային Քէօսէ Տաղի փեշերուն վրայ: Ալաշկերտի դաշտային մասէն ոմանք հեռացած էին, բայց թուրք-թաթարական շարք մը գիւղեր իրենց տեղէն չէին շարժուած: Ալաշկերտի շրջանի լեռնային մասերու քրտերը ամբողջութեամբ մնացած էին իրենց գիւղերուն մէջ, որոնք կը գտնուէին Արարատեան լեռնաշղթայի եւ Ալատաղի (Ծաղկանց լեռներ) վրայ: Իսկ Ալաշկերտի դաշտը, ուր մեծ մասով հայերը կը բնակուէին, կ’իյնար այդ լեռնային մասերու միջեւ: Թուրքերն ու քիւրտերը սմքած էին առաջին հարուածէն: Բայց կամաց կամաց պիտի ընտելանային ռուս զօրքի գործելակերպին եւ իրենց անձնավստահութիւնը գտնէին:

Ալաշկերտի ժողովուրդն աւելի հարուստ էր (համեմատական իմաստով) քան Բասէնի դաշտեցին. բայց քրդական զօրեղ ցեղեր իրենց անմիջական ազդեցութեան եւ կեղեքումի տակ պահած էին ալաշկերտցուն, մինչդեռ բասէնցին ենթակայ չըլլալով կազմակերպուած քիւրդ աշիրաթներու, աւելի ազատ պայմաններու մէջ ապրած էր: Այդ երկու դաշտերու հայ բնակչութիւնը հայ ժողովրդի միջակ, կարող եմ ըսել՝ թոյլ տարրը կը ներկայացնէին: Ալաշկերտցիներն աւելի զինուորական եւ դիմադրական ջիղ ունէին, քան բասէնցիները. այս հազիւ նշմարուած յատկութիւնն ալ կը պարտէին իրենց շրջապատող քրդական սպառնալիքին:

Այս երկու շրջաններու մէջ Դաշնակցական կոմիտէներ գոյութիւն ունեցած են, մասնաւորաբար, Սահմանադրութեան շրջանին: Բասէն եւ Ալաշկերտը ժամանակ մը ծառայած են որպէս փոխադրութեան կամուրջ՝ դէպի Խնուս-Մուշ-Սասուն, բայց անգործնական ճանապարհ մը նկատուած է եւ գլխաւոր ուշադրութիւնը դարձուած է Պարսկաստան-Վան ճանապարհի վրայ: Յեղափոխական շարժման վայրեր չըլլալով, անզէն եւ անվարժ բազմութիւն մը մնացած են: Ճիշդ է որ խմբերէն ոմանք անցած են Ալաշկերտի եւ Բասէնի վրայով: Ճիշդ է նաեւ այն փաստը, որ Տարօնի Առիւծ Սերոբը իր կորիւններով կռուած, ու նահատակուած է Դէլիբաբայի եւ Իւզվէրանի մէջ (Բասէն), որ Խանի խումբը կռուած ու կոտորուած Արփաչայի ձորը (Բասէն) եւ ուրիշ խմբեր Ալաշկերտի եւ Բասէնի սահմանագլուխներու վրայ կռուած ու կոտորուած են. բայց յեղափոխական լուրջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարուած չեն: Կազմակերպուած հաւաքականութիւն մը, կամ իրար շղթայուած յեղափոխական կորիզներ մենք չենք գտներ մեր դիմաւորած հայութեան մէջ:

Միակ ուշագրաւ կէտը որ կարելի է յիշատակել հոս, այդ այն է որ Հրայրը Կովկաս այցելելէ յետոյ, անցած է կազմակերպելու Կարսը, ռուսական եւ տաճկական Բասէնները: Անիկա 94-ին եւ 95-ին իսկապէս հիմնական գործ կատարած է այդ շրջաններուն մէջ: Քսան տարի անցնելէ յետոյ, երբ այդ հասարակութեան ներքին կազմակերպական կեանքի մասին կը հետաքրքրուէինք, Հրայրի անունը եւ կատարած գործերն էին որ հետք մը թողած եւ աւանդութիւն մը կտակած էին Բասէնի հայութեան: Սակայն Հրայրի օրերէն շա՛տ ժամանակ անցած էր: Նոր աշխատանքով եւ նոր շարժումներով ջղուտ, կազմակերպուած, ու ոգի ունեցող սերունդ մը չէր առաջացած այդ երկու միջավայրերուն մէջ:

Տակաւին պատերազմի քայքայիչ ազդեցութիւնը չտեսած՝ Բասէնն ու Ալաշկերտը կ’ազատուէին թրքական ջարդերու մղձաւանջէն, ու կ’իյնային նոր պետութեան մը ազդեցութեան տակ: Նոր ցնցում մը կ’ունենային անոնք ի տես ռուսական բանակին եւ մասնաւորաբար՝ կամաւորական գունդերուն: Կամաւորական գունդերը բացի իրենց ընդհ. Ազատագրական մեծ դերէն, խիստ յեղաշրջող ազդեցութիւն մը կը գործէին գրաւուած վայրերու հայ հասարակութեան վրայ, անոնց մէջ արթնցնելով յեղափոխական ոգեւորութիւն, դիմադրական կորով, զինուելու փափաք: Կամաւորական գունդերը կովկասեան Հայաստանի գաւառներու եւ գրաւուած վայրերու մէջ զինուորական դպրոցի մը դերը կը կատարէին, որ սակայն միայն չափուած յեւուած զինուորութեան մը ոգիի արտայայտութիւնը չէր, այլ ներշնչուած էր հայերու ազատագրական իտէալովը: Այսպիսով, զինուորական տրամադրութեան հետ մէկ տեղ՝ ազգային կազմակերպութեան եւ ազատ ազգ դառնալու մտածելակերպը կամաց կամաց սեփականութիւն կը դառնար ազատուած ժողովրդին, որ զուրկ էր ձեւակերպուած նման շունչէ մը:

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.