ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ. «ԴՈՒՔ Է՞Լ ԵԿԱԾ էՔ ՓՐԿԵԼՈՒ»

Յ. Պալեան

«Երբեմն պարտուիլ. ենթարկուիլ երբեք»:

Ալֆրէտ տը Վինեյի, ֆրանսացի բանաստեղծ, ԺԹ․ դար

                        Երեւան, Յունիսին, «Սրբազան»-ի գլխաւորած հանրահաւաքներնէն մէկէն ետք, երբ արդէն մութ էր, հազարաւորներու երթն էր Բաղրամեան պողոտայի վրայ, նոյնքան հազարաւոր ոստիկաններու հսկողութեան ներքեւ:

            «Հայրենիքի փրկութեան» կոչին ընդառաջելով, «սփիւռքահայեր» ալ կը մասնակցէին «հաւաք»ներու:

             Հանրապետութեան հրապարակէն Բաղրամեան Պողոտայ  բարձրացող խիտ շարքերով երթին մէջ գտնուած էր  սփիւռքէն եկած ծանօթ մը, որուն հանդիպեցայ «կենտրոն»էն Կոմիտաս գացող հանրակառքին մէջ:

            Ան պատմեց. «Բաղրամեան Պողոտան բեմ էր երթին մասնակցող բազմահազարներու եւ նոյնքան  ոստիկաններու, որոնց ինքնաշարժները վեր վար կը սուրային, հնչեցնելով իրենց խլացնող ահազանգը: Դանդաղ ընթացքով, երբեմն կանգ առնելով, յառաջացանք քանի մը շարքերով կանգնած ոստիկաններու պատնէշին առջեւէն: Պահ մը, երբ երթը դանդաղած էր, ոստիկան  մը, հաւանօրէն կռահելով, որ սփիւռքահայ էինք, զիս եւ կողքէս քալող ընկերս սեւեռելով, ըսաւ. «Դուք է՞լ եկել էք փրկելու»: Ուրիշ բառ չաւելցուց: Երթը երերալով շարունակուեցաւ»:

            Բարեմիտ եւ զգացական շարքային սփիւռքահայուն ուղղուած ոստիկանին խօսքը ուզեցի հասկնալ: Այսօր ալ  կ’ուզեմ հասկնալ: Այդ խօսքը այնքա՜ն   բարացուցական էր

            Ի՞նչ ուզած էր ըսել հայ ոստիկանը:

            «Դո՞ւք էլ եկած էք փրկելու»…

            Ոստիկանին, ոստիկաններուն եւ զանոնք Բաղրամեան պողոտային վրայ, սաղաւարտով եւ խիտ շարքերով կանգնեցնողները անոնց  ըսա՞ծ են, թէ ի՞նչ փրկելու համար խիտ շարքերով եւ սպառազէն հոն են, յիշեցնելով Հռոմի  կուռ լէգէոնները: Մի ոմն հայ ոստիկան, փոխանակ նման հարցում ուղղելու   համեստ սփիւռքահայուն, որ յունիսին Հայաստան եկած էր իր հայրեիքի սէրը ոռոգելու, աւելի լաւ կ’ընէր, եթէ անոր ըսէր, թէ ի՞նչ կ’ընէին հազարաւոր ոստիկաններ պողոտային վրայ, վերը, վարը, իրենք ի՞նչ կ՞ընէին:

            Ի՞նչ կը փրկէին:

            Օրերը կ’անցնին, յաճախ կը մտածեմ hայ ոստիկանի սփիւռքահայուն ուղղուած խօսքի մասին: Միթէ՞ ան ըսել կ’ուզէր, թէ ինչո՞ւ  եւ ի՞նչ ընելու համար ան կը գտնուէր բողոքողներու շարքին, ինք որ զբօսաշրջիկ էր, օտարերկրացի էր, վաղը հոն պիտի չըլլար, ինչո՞ւ միջամուխ կ’ըլլար տեղական խնդիրներու, ի՞նչ կը պահանջէր, եւ ո՞ր իրաւասութեամբ, ինք որ բանակ չէր գացած, զոհ չէր ունեցած, տուրք չէր վճարեր: Ի՞նչ կ’ուզէր փրկել: Բայց իրողութիւնը այն էր, որ Երթին մասնակցող հազարաւորները սփիւռքահայեր չէին: Ոստիկանը եթէ այդ  հարցումը ուղղէր այդ  հազարաւորներուն, աւելի ճիշդ կ’ընէր, ինք կը լուսաբանուէր: Եթէ անոնք ալ իրեն հարցնէին, թէ «դուք ինչո՞ւ սաղաւարտներով եւ վահաններով կանգնած էք ի՞նչ փրկելու…

            Շարքային սփիւռքահայը չէ հարցուցած, ինչպէ՞ս կրնար հարցնել, թէ ոստիկանը ինք ի՞նչ կ’ուզէր փրկել կամ պաշտպանել:  Եթէ հարցնէր եւ պատասխան ստանար, այդ կ’ըլլար երկխօսութիւն, որպէսզի, յանկարծ, հերթին մասնակցող հայ հազարները, եւ ոստիկանական ջոկատներու հայ հազարները, դէմ դիմաց չկանգնէին,եւ ըլլային կողք կողքի:

            Եթէ ազգի եւ հայրենիքի գոյութենական տագնապի գիտակցութիւն չ’ըլլար, հազարաւորներ, յունիսի այդ պայծառ օրը փողոց իջած չէին ըլլար, համեստ սփիռքահայն ալ կը թափառէր Թումանեան փողոցին կամ Հիւսիսային պողոտային վրայ, Օփերայի տոմսակ գնած կ’ըլլար եւ կը սպասէր որ դռները բացուէին, եւ ինք իր փայփայած հայկական ինքնահաստատատման հպարտութիւնը զգար՝ հայկական տաղանդի վկայ ըլլալով:

            Ցոյցերու ընթացքին պատահեցաւ նաեւ անցանկալին: Ոստիկանական միջամտութեան պատճառով եղան վիրաւորներ, տեսանք արիւնլուայ գլուխով եւ դէմքով հանրածանօթ Աբրահամ Գասպարեանը,  ըսին նաեւ, որ հայ մարդ մը,  ոստիկանական բրտութեան պատճառով, իր մատները կորսնցուցած էր: Հաշմուած էր:

            Ինչպէ՞ս հասկնալ, անտարբեր մնալ, երբ մարդիկ «բողոք»ի համար կը տեղափոխուին ո՛չ թէ մէկ փողոցէ միւսը, այլ կ’երթան նաեւ, Գիւմրի, Սոթք, Վանաձոր: Անոնք այդ քաղաքները չեն երթար «տուրիստական»  զուարճութեան համար: Անոնք ներկայ են, կը տագնապին, որովհետեւ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»ի իրաւունքի եւ երազի մարումէն ետք, ականատես են  եւ, վկայ, հայրենի գիւղերու ծուատման:

            Ո՞ւր կրնայ յանգիլ ծուատումներու գումարը:

            Կ’ըսուի՝ խաղաղութիւն, որուն կ’ընկերանայ տագնապեցնող մղձաւանջային հարցումը. «Ի՞նչ գինով»: Պատասխանը լսելու համար Եռաբլուր պէտք է երթալ, հետեւիլ «սահմանազատում-սահմանագծում» կոչուած ծուատման մուկ-ու-կատուի քաղաքական  աճպարարութեան:

            Հեռաւոր Վանքուվըրէն հայ մարդ եկած էր «շարժման» զօրակցելու համար: Ղարաղաղցի երիտսարդ      հայ կինը, «Լուտոն, ամէն օր ներկայ էր Բաղրամեան պողոտայի վրայ, ներկայ եղած էր Սարդարապատ եւ եղած էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հեղինակութեան դէմ կատարուած պատմական ըլլալու կոչուած նուաստացման «ակրեսիա»յին, նախայարձակման:    Նուաստացում, «ի՞նչ փրկելու» համար կամ ի՞նչ շահելու համար: Դէպքերուն եւ իրականութիւններուն ճիշդ որակում պէտք է տալ, ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը:

            Իսկ հայկական լրատուամիջները կը յորդին թեր ու դէմ կարծիքներով եւ դատումներով: «Ֆէյսպուքեան» եւ այլ հարթութիւններու վրայ աղմկողները, չբաւարարուած ցանկութիւններու եւ նեխի քէներու յագուրդ տալու համար «սովետի մնացուք ախտաւոր «սեւացրէ՛ք»ի (չ)բարոյական»ը կենդանացնելով, տարբեր մտածողներու դէմ կը սարքեն հաւատաքննական ատեաններ: Ի հարկէ նոր արեւներու տակ տեղ փնտռողներ:

            Համացանցի վրայ յայտնուած անորակ հայերէնով գրուած էջերը, կը յիշեցնեն սովետի «ժողովուրդի թշնամի» համարուածներու դէմ գրոհները, որոնք կը ծառայէին ինքնակալի չարն ու սեւը շպարելու:

            Այդ «Սեւացրէ՛ք»ի մշակոյթը չմոռցողներ կան, որոնք  կարծէք չեն հաշտուած «ժողուրդի պզտիկ հօր» անհետացման հետ, կամ յայտնաբերած են «ժողովուրդի նոր փոքրիկ հայր»: Ինչպէս ըսած է ֆրանսացի իմաստասէր Միշէլ տը Մոնթէնեը, «վարժութիւնը երկրորդ բնութիւն է եւ ոչ նուազ հզօր»:

                Թուրք իմաստուն «Հոճա Նսրէտտին»ի կը վերագրեն հետեւեալը: Հոճայի տունը գողեր կու գան եւ տան մէջ եղածը առած կ’երթան: Գողերը կը տեսնեն, որ Հոճան ապրանքեր շալկած իրենց կը հետեւի: Զարմացած, գողերը Հոճային կը հարցնեն, թէ ի՞նչ կ’ընէ: Հոճան կը պատասխանէ, որ «կարծեցի թէ մեր տունը կը փոխադրենք եւ կ’օգնեմ»:

            Ինչ որ կը պատահի այսօր, Արցախի կորուստէն ետք, սահմանազատումով, եւ սահմանագծումով, վաղը Տիգրանաշէնով եւ այլ տեղերով,  Զանգեզուրի միջանցքով, Արեւմտեան Ազրպէյճանով, կը յիշեցնէ Հոճայի պատմութիւնը: Հարեւան երկրի ղեկավարը միթէ՞ չսպառնաց, որ հազարաւորներ պիտի ղրկէ իրենց ծննդավայրերը, հասկնալ՝ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Այն ատեն հայերն ալ կրնան երթալ Արցախ, Գանձակ, Պաքու, եւ եթէ քիչ մըն ալ թափ տանք մեր երեւակայութեան, ինչո՞ւ ոչ Վան, Անի, Մուշ: Այդպէս կ’ըլլայ ցնորքի քաղաքականութիւնը եւ կ’ իրականանայ երազուած խաղաղութիւնը, որ կը սահմանուի ֆրանսական ասութեամբ, կ’ըլլայ «marché de dupes», տխմարի խաբես-խուբեսի առեւտուր, կը կենսագործուի ներխուժողի իմաստութիւնը, այն՝ որ «ինչ որ ինծի կը պատկանի ինծի կը պատկանի, ինչ որ քեզի կը պատկանի ան ալ ինծի կը պատկանի»: Կ’ըլլայ խաղաղութիւն: Սահմանագծում, սահմանազատում, կը դառնան անիմաստ: Միջազգային կոչուած համայնքն ալ գոհունակութեամբ կը ծափահարէ խաղաղութեան  հաստատումը:

            Դեռ մինչեւ ե՞րբ կրնանք եւ ինչո՞ւ հաւատաքննական ատեաններ կազմակերպել, եթէ Հայաստանի վերջին բեկորը, Ռաֆայէլ Իշխնեանի բանաձեւումով «հողակտոր»ը պիտի միանայ Վանի, Մուշի եւ Արցախի երազ դարձած աշխարհներուն: Այն ատեն կ’ըլլայ միգամածային խաղաղութիւն, պատմաբանները գիրքեր կը գրեն, եւ քէներ սնուցող հաւատաքննական ատեանները          կը դադրին գործելէ, կը մտնենք զբօսի եւ սպառման դրախտի լայն դռնէն ներս, ուր ազգ եւ հայրենիք ոտքի քնացնող ժամանկավրէպ հէքիաթներ են:

            Եւ ան ատեն ոչ ոք պիտի հարցնէ, թէ դո՞ւն ալ Վանքուվըրէն եկած ես փրկելու: Փրկելու՝ ի՞նչ բան եւ ինչո՞ւ…

            Եւ կ’ըլլայ ներսի եւ դուրսի սիրողականութեան-amateurismի աւարտ եւ նորի սկիզբ, ո՛չ շարունակութիւն:

            Յաճախ կը յիշեմ ամերիկեան ժապաւէնի մը անունը. «Օդաչու մը կայ օդանաւին մէջ»:

            Հիմա այնքան բազմաթիւ են մեր ժողովուրդի օդաչուները, որ ղեկի ետին եւ առջեւը բոլորին տեղ չկայ, կան զիրար հրմշտկողներ: Եւ օդանաւը կը մնայ հարթակին: Յետո՞յ… Բայց անպակաս են օդանաւ ելլողները եւ օդանաւէն իջնողները:

            Ոստիկանը միամիտ սփիւռքահայուն այլեւս չի հարցներ «դո՞ւն էլ եկած ես փրկելու»…

            Եւ ապրողները օր մը կ’իմանան, թէ անձնատուութեան պարգեւը  «Խաղաղութեան Մրցանակ»ի տուչութիւն է: Եւ ի հարկէ, միշտ հին ու նոր, ներսի եւ դուրսի «բարձընտիր» ըլլալու ցանկութիւն սնուցողներ պիտի ծափարեն: Օր մը, իրենք կամ իրենց յաջորդները կրնան «Շուշա» երթալ եւ իջեւանիլ Սփիւռքահայ»երու կառուցած եւ «բռնագրաւող  տէր» ունեցող հիւրանոցը: Ապագայի «Յուշամատեան»ի մը համար… լուսանկարուիլ:

            Թերեւս ալ Խաղաղութեան մրցանակի տուչութիւնը հոն կը կազմակերպուի:

            Մի՛ հարցնէք «ի՞նչ խաղաղութիւն, ո՞ր խաղաղութիւնը եւ ի՞նչ ընելու համար»:         Այն ատեն ոչ ոք պիտի հարցնէ, թէ «դուք եկե՞լ էք փրկելու»:

            Էջ մրոտողներ, «բարձ» փնտռողներ, եւ «ֆէյսպուք»եան հերոսներ, եթէ ունենային ֆրանսացի բանաստեղծի իմաստութեան հետեւելու առաքինութիւնը, մեր ներկան եւ ապագան տարբեր կ’ըլլային:

                        Պիտի գա՞յ օր, որ Ալֆրէտ Վինեիի հետեւութեամբ, ազգովին կրկնենք.

            «Երբեմն պարտուիլ. ենթարկուիլ՝ երբե՛ք»:

                    Այն ատեն կ’ըլլանք ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ԱԶԳ եւ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ:

Comments are closed.