Վիրահայոց Թեմի առաջնորդին եռօրեայ այցը Աճարիա

2017 Յունիս 22-ին, Վիրահայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան եռօրեայ այցով մեկնեցաւ Աճարիա՝ հանդիպելու Պաթումի հայ համայնքի հաւատացեալներուն եւ պետական պաշտօնէութեան հետ:

Յունիս 22-ին Վիրահայոց Թեմի Պաթումի «Ալեքսանդր Մանթաշեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում խումբի եկեղեցասէր երիտասարդութեան հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդութեան կրթութեան, մասնագիտութիւն ձեռք բերելու եւ աշխատատեղիներ ունենալու խնդիրները:

Պաթումի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Արարատ Քահանայ Գումբալեանը իր մտահոգութիւնը յայտնեց այն մասին, որ Աճարիոյ հայ տղաներն ու աղջիկները աւելի շատ կը դիմեն տեղի ծովագնացութեան ուսումնարան եւ մասնագիտութիւն ձեռք բերելէ եւ աշխատանքի մը մէջ տեղաւորուելէ ետք, ամիսներով կը բացակային ու կը կտրուին քաղաքէն եւ ընտանիքէն, ինչ որ երբեմն խնդիրներ կ’առաջացնէ իրենց կեանքին մէջ: Հոգեւոր Հայրը յորդորեց երիտասարդութեան նախընտրել այն մասնագիտութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռնեն աշխատանք գտնելու իրենց միջավայրին մէջ, մնալու իրենց քաղաքին եւ իրենց տուներուն մէջ, որպէսզի չխաթարուի ընտանեկան կեանքը:

Հանդիպման աւարտին թեմի առաջնորդը օրհնեց երիտասարդները եւ իրենց մաղթեց յաջողութիւն իրենց յետագայ գործունէութեանց ընթացքին:

Նոյն օրը հանդիպում տեղի ունեցաւ նաեւ Պաթումի «Ալեքսանդր Մանթաշեան» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ եւ Օզուրգեթիայի աշխատող մանկավարժներու հետ:

Տէր Վազգէն Եպիսկոպոսը բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն պատասխանատու աշխատանքը եւ յորդորեց նոյն նուիրուածութեամբ շարունակել իրականացնել հայապահպանութեան, հոգեւոր ու մշակութային միջոցառումներ՝ ուղղուած Աջարիոյ համայնքային կեանքը աշխուժացնելու: Թեմակալ առաջնորդը իր գոհունակութիւնը յայտնեց կեդրոնի տնօրէն Սոնա Յովհաննէսեանին կեդրոնի գործունէութիւնը լաւագոյնս կազմակերպելու եւ ղեկավարելու համար:

Հանդիպման ընթացքին ուսուցիչները առաջարկեցին Կեդրոնի առանձին դաշնակահար ունենալու խնդիրը, որ թեմակալ առաջնորդին կողմէ լուծում ստացաւ:

Քննարկուեցան նաեւ Պաթումի մէջ գործող «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ Օզուրգեթիայի գործող «Սահակ Պարթեւ» միօրեայ դպրոցները եռամեայ դարձնելու եւ Պաթումի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» նախակրթարանի օրուան տեւողութիւնը Սեպտեմբեր ամիսէն երկարելու եւ երեխաները սնունդով ապահովելու հարցերը:

Բոլոր խնդիրները առաջնորդին կողմէ ստացան դրական լուծում:

Նոյն օրը երեկոյեան մանկավարժներու, երիտասարդներու եւ մայր հայրենիք Հայաստանէն Պաթում ժամանած երեխաներու, ուսուցիչներու եւ անոնց ծնողներուն հետ միասին «Սուրբ Փրկիչ» հայոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն:

Յաւարտ ժամերգութեան Սրբազան Հայրը իր առաջնորդական ողջոյնը յղեց ներկաներուն եւ հայրական օրհնութիւնը բաշխեց բոլոր երեխաներուն:

Յունիս 23-ին Վիրահայոց Թեմի առաջնորդը պատուիրակութեան անդամներուն եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին հետ միասին այցելեց Պաթումի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Կիորկի Երմակովի հետ: Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ Պաթումի հայ համայնքին նկատմամբ քաղաքապետարանին հետաքրքրութեան եւ յարգանքին համար: Վիրահայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան եւ քաղաքապետ Կիորկի Երմակովը քննարկեցին հայոց եկեղեցին եւ հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր: Աւարտին թեմակալ առաջնորդը եւ Պաթումի քաղաքապետը փոխանակեցին նուէրներ:

Նոյն օրը Ալեքսանդր Մանթաշեանց կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 ուսումնական տարուան աշակերտութեան աւարտական հանդէսը: Այս միջոցառման իր օրհնաբեր ներկայութիւնը բերաւ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն Եպիսկոպոսը:

Միջոցառումին ներկայ էր նաեւ Աջարիոյ Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեանը:

Միջոցառման աւարտին Վիրահայոց Թեմի առաջնորդը «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօեայ դպրոցի սաները շնորհաւորեց դասընթացքները աւարտելուն առիթով, փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը եւ յանձնեց աւարտական վկայականները:

Ուշ երեկոյեան թեմակալ առաջնորդը եւ Թիֆլիսէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները հանդիպեցան Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ Քահանայ Գումբալեանի եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ: Քննարկուեցան պաթումահայ համայնքին եկեղեցւոյ շուրջը համախմբելու եւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ա՛լ աւելի ծաւալելու հարցեր: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը բարձր գնահատեց Աջարիոյ, Գուրիայի, Իմերեթիի հայութեան եւ Պաթումի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Արարատ Քահանայ Գումբալեանի նուիրեալ ծառայութիւնը:

Յունիս 24-ի առաւօտեան Վիրահայոց Թեմի առաջնորդը, պատուիրակութեան անդամներուն եւ պաթումահայ հաւատացեալներուն հետ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ առաւօտեան ժամերգութեան եւ վերադարձաւ Թիֆլիս:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.