Վերջին ձայնասկաւառակը «Ամազոն»-ի մէջ

Պետրոս Շուժունեան-Լարային Քառեակներ թիւ 3 եւ 6

Մոնրթէալաբնակ երաժշտագէտ, երաժշտահան փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան, որ շուրջ 50 տարի գործած ու ստեղծագործած է երաժշտութեան ոլորտին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` 2015 թուականին հրատարակեց ձայնասկաւառակ մը`  նուիրուած այդ ցաւալի եւ անարդար իրականութիւնը նկարագրող երաժշտութեան, ընդգրկելով մեր դարաւոր հոգեւոր երաժշտութիւնը:

Աշխատութիւնը արժանացաւ գնահատանքի եւ յատկապէս` միջազգային լայն արձագանգի:

Վերջերս յօրինողը պատահաբար տեղեկացած է, որ համացանցին մէջ «Ամազոն»-ի վրայ մնացած է իր ձայնասկաւառակին վերջին օրինակը, եւ աւստրալացի դասական երաժշտութեան մեկնաբան մը շատ յաջող ու խորաթափանց նկարագրութիւն մը տուած է Պետրոս Շուժունեան գործին մասին:

Ստորեւ` մեկնաբանութեան ամբողջութիւնը:

Հայ-քանատացի ժամանակակից երաժշտահան Պետրոս Շուժունեան (ծն. 1957) իր ստեղծագործական ուղիին ընթացքին յօրինած է վեց լարային քառեակներ: Ստորեւ ներկայացուած մէջբերումը, որ կը պատկանի հեղինակին, ընդգրկուած է ձայնասկաւառակի ծանօթագրութիւններուն մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը` միջազգայնօրէն ճանչցուած մեծ ողբերգութիւն մը, որուն ընթացքին մէկուկէս միլիոնէ աւելի հայեր զոհ գնացին, նշուեցաւ 2015 թուականին: Այս տարելիցը ոգեկոչելու եւ մարդկութեան ուշադրութիւնը այդ պատմական աղէտին վրայ կեդրոնացնելու նպատակով գրեցի չորս լարային քառեակներ, որոնք բոլորը հիմնուած են հայկական եկեղեցական երգեցողութեան հինաւուրց շերտերուն վրայ:

Այս չորս քառեակները կը համապատասխանեն թիւ 3-էն մինչեւ թիւ 6-ը: Անոնք իրենց էութեամբ խորապէս հոգեւոր են եւ կը պարունակեն ներքին լռութեան ու քնարական լուսաւորութեան բազմաթիւ պահեր: Գործերը կոչուած են Հայաստանի գետերու անուններով` իբրեւ հնչեղ խորհրդանիշներ հայրենի հողին եւ անոր յիշողութեան:

Սկսինք երրորդ քառեակէն, որ բաղկացած է երեք շարժումներէ:

1.- Դեբեթ – Գործը կը բացուի բացառիկ մթնոլորտով մը: Առաջին ջութակը  կ՛առաջադրէ լայնարձակ, վերելքներով ու վայրէջքներով հիւսուած նախադասութիւններ, մինչ մնացեալ նուագարանները աստիճանաբար կը միանան` ձեւաւորելով թափանցիկ եւ լուսեղէն հնչաշխարհ մը: Մեղեդիական գիծերը կը խաչաձեւուին` առանց գերիշխող թեմայի մը, չորս ձայներ, իւրաքանչիւրը` իր ներքին շարժումով, կը ստեղծեն հնչողութեան այնպիսի մօտեցում մը, որ հազիւ թէ ունի նախադէպ: Թաւջութակը առանձնայատուկ յուզական ծանրութիւն կը հաղորդէ գործին: Երաժշտութիւնը չի ձգտիր որեւէ նպատակի,  ան կը գոյատեւէ իր իսկ ներկայութեամբ: Այս վիճակը անխախտ կը մնայ շարժման ամբողջ ինը վայրկեաններուն ընթացքին: Այսպիսի երաժշտութիւն մըն է, որ չ՛ենթարկուիր յիշողութեան, ան մաքուր հնչեղ մթնոլորտ է: Վերջին հնչիւնները ցանցառ են, անոնք աստիճանաբար կը լուծուին մեղմ համալարի մը մէջ:

2.- Արփա – Կարճ, բայց խտացուած շարժում մըն է, որ իր մօտեցումով հարազատ է առաջինին: Այստեղ եւս բացակայ է մեղեդիական զարգացումը, փոխարէնը` կը տիրէ մաքուր հնչողութիւնը: Ընդհանուր ձայնային տիրոյթը աւելի մութ եւ ցած է: Թաւջութակի առանձին ելոյթ մը կը ներկայացնէ առաջին շօշափելի յառաջընթացը, որ դանդաղ կերպով կը տանի դէպի եզրակացութիւն:

Գ.- Ձորագետ – Այստեղ հնչողութիւնը կը ստանայ աւելի յստակ կշռութաւոր բնոյթ` բացուելով նուագախմբային կատարողութեամբ: Ապա հիւսուածքը կը կեդրոնանայ ջութակի մը շուրջ, որուն կը միանան մնացեալ ձայները: Նոր բաժին մը` մեղմ ուժաբանութեամբ, կը յառաջացնէ բացառիկ թաւջութակային հիւսուածքներ: Յետոյ առանձին ջութակ մը կը շշնջայ փսփսացող մեղեդի մը` ընկերակցութեամբ համոյթի ցանցառ եղանակով: Վերադարձ` սկզբնական նուագախումբին, ընդմիջուած նուրբ եւ խոհուն պահերով, կը ստեղծէ կախարդական հնչատարածք մը: Վերջաւորութեան մօտենալով` կշռութաւոր կտոր մը կը հնչէ նախքան կտրուկ համալարով մը փակուիլը:

Վեցերորդ քառեակը կը կազմուի հինգ շարժումներէ:

1.- Ախուրեան – Կրկնուող բներգ մը կը բացայայտէ այս շարժումը` նախքան ջութակի վրայ մատներով հիւսուած հատուածի մը հոսքը: Երաժշտութիւնը այստեղ աւելի յստակ կերպով կեդրոնացած է կշռութաւորման վրայ, քան` նախապէս: Պէտք է արձանագրեմ նաեւ, որ ցարդ երգեցողական ուղիղ անդրադարձը սակաւ կը զգացուի, սակայն շարժման վերջաւորութեան մօտ կը լսուին եղանակային հնչիւնաշարեր:

2.- Աղստեւ – Խոր վշտալի եւ ակնյայտօրէն հայկական հնչողութեամբ շարժում մըն է: Եղանակային հնչիւնաշարերու վրայ հիմնուած հարուստ հիւսուածք մը կը բացուի` արտայայտելով յստակ միջինարեւելեան երանգներ: Երկար, բամբ ձայներու պահեր եւ ողբերգական մեղեդիներ կը գերիշխեն` ստեղծելով մթնոլորտ մը, որ արմատապէս տարբեր է նախորդ շարժումներէն: Ան կը յիշեցնէ Թերի Ռայլիի «Salome Dances for Peace» գործը: Վերջաւորութեան քնարական թեթեւութիւնը կը մարի, եւ երաժշտութիւնը ծանրացած քայլերով կը մերձենայ լռութեան:

Գ.- Վետի – Կարճ եւ համեմատաբար թեթեւ հիւսուածք ունեցող շարժում մըն է: Ջութակ մը կը սահի մատներու հպումով նուագուած յետնամասին վրայ, եւ մեղեդի մը կը սկսի կամաց-կամաց ծաղկիլ: Այստեղ արդէն կը զգացուի ներքին ուժ` հզօր մեղեդիներու եւ ամուր ներդաշնակ գիծերու միատեղ գոյակցութեամբ: Եզրակացութիւնը կտրուկ է:

1.- Գետիկ – Կը բացուի դրականօրէն համարձակ եւ գրեթէ կոպիտ արտայայտութեամբ, երբ բոլոր չորս ձայները կը խօսին միաժամանակ` երբեմն ստեղծելով քաոսային տպաւորութիւն: Երաժշտութիւնը կը շարժի առաջ` յաճախակի ընդհատումներով, պահելով այդ անկայուն լարուածութիւնը: Կեղծ աւարտ մը կտրուկ կը հնչէ, ապա նուագարանները կը վերախմբաւորուին եւ վճռական կերպով կը փակեն շարժումը:

2.- Արգիշտի – Վերջին շարժումը կը բացուի չափուած, եղանակային մեղեդիական գիծով մը` բամբ ձայնի ընկերակցութեամբ: Այս հնչողութիւնը խորապէս հայկական է: Բամբ ձայնը կը շարունակուի` թոյլ տալով թաւջութակին կարճ խօսիլ, ապա ջութակը կը վերադառնայ: Ներդաշնակութիւնը գրեթէ բացակայ է, եւ բամբ ձայնի հնչեղութիւնը աստիճանաբար կը նուազի: Ապա երկու ջութակներ կը փոխանակեն մեղեդիական բաժիններ` առաջնորդելով ցարդ լսած ամէնէն խոր երաժշտութեան: Չեմ կրնար զայն գեղեցիկ կոչել, որովհետեւ գործածուած  եղանակը ինծի համար բնական չէ, բայց եւ այնպէս, հիւսուածքի ուժգնութիւնն ու խորութիւնը բացառիկ են եւ արժանաւոր կերպով կը փակեն քառեակը:

Այս երաժշտութիւնը իր փոփոխական տրամադրութիւններով եւ երբեմն խիստ գործիքաւորումով կը յիշեցնէ Ճոն Թաւեների «The Protecting Veil»-ը:

Ձայնասկաւառակը` Noravank: String Quartets Nos. 3-6, Մոլինարի քառեակի կատարումով եւ ATMA Classique հրատարակչութեան կողմէ, հասանելի է Amazon-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հարթակներուն վրայ:

Գործերը կարելի է լսել նաեւ Spotify-ի, Earsense-ի եւ YouTube-ի մէջ, թէեւ վերջինին պարագային անոնք միշտ չէ, որ գործնական ձեւով դասաւորուած են:

Լսելիութիւն – Տարօրինակ, երբեմն խորապէս գեղեցիկ, երբեմն` մերկ եւ խիստ երաժշտութիւն: