Վերադարձի վերաիմաստաւորումը. Մտորումներ՝ 2026-ի Լոս Անճելըսի «Սփիւռք» խորհրդաժողովէն

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Իրենց վերջին յօդուածներուն մէջ, ընկերներս՝ Խաժակ Մկրտիչեան («Սփիւռքի տեսլական Եւ օրակարգ») եւ Յակոբ Պալեան («Սփիւռքի անելիքը Եւ Կարողականութիւնը»), հայկական սփիւռքը կը նկարագրեն իբրեւ երկու լայն խմբաւորումներէ բաղկացած հաւաքականութիւն մը՝ «հայրենազրկուածներ» (կամ հայրենահանուածներ) եւ «հայրենալքողներ»: Թէեւ երկու եզրերն ալ կ’ակնարկեն հայրենիքէն բաժանման ձեւերու, սակայն անոնք կը մատնանշեն պատմական տարբեր գործընթացներ:

Առաջինը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ վերապրող ժողովուրդի իր բնօրրանէն բռնի տեղահանման. գործընթաց մը, որուն միջոցով կազմաւորուեցաւ դասական հայ սփիւռքը: Երկրորդը կը վերաբերի արդի հայկական պետականութենէն արտագաղթի յաջորդական ալիքներուն, որոնք սկիզբ առին 1970-ականներուն, Խորհրդային Հայաստանի մէջ, եւ շարունակուեցան 1991-ի անկախութենէն ետք, մղուած նախ եւ առաջ տնտեսական, քաղաքական ու կառուցուածքային ճնշումներէ, քան՝ ֆիզիքական բնաջնջման սպառնալիքէ:

Թէեւ համամիտ եմ երկու յօդուածներուն մէջ յառաջ քաշուած փաստարկներուն, սակայն կը հաւատամ, որ հայկական սփիւռքի ինքնութիւնը լոկ «հայրենազրկուածներու» եւ «հայրենալքողներու» դասակարգումներով սահմանափակելը չի բաւեր արտայայտելու մեր իրականութեան ամբողջ բարդութիւնը: Նման բնորոշումը, որքան ալ պատմականօրէն տեղին, կրնայ կաղապարել մեր քաղաքական միտքը, փոխանակ զայն մղելու դէպի նոր ու աւելի ընդգրկուն հորիզոններ:

Այս ծիրին մէջ, «վերադարձ»-ի գաղափարը կը դադրի ըլլալէ լոկ տեսական կամ տարածքային երազանք մը եւ կը վերածուի սերնդային բարդ փորձառութեան: Իմ մեծ հայրերս ու մեծ մայրերս՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան որբ վերապրողներ, իրենց ուժերը կեդրոնացուցին օտարութեան մէջ կեանքի վերահաստատման եւ գոյատեւման վրայ. անոնց համար առաջնահերթութիւնը ոչ թէ «վերադարձ»-ն էր, այլ զերոյէն տուն եւ ապագայ կերտելը: Ես՝ իբրեւ մեր գերդաստանի յետեղեռնեան երրորդ սերունդի առաջին համալսարանականը, կը կրեմ այդ յաջողութեան պտուղները, բայց նաեւ քաղաքական նոր գիտակցութեան մը բեռը: Եթէ սփիւռքեան տարագիր նախորդ սերունդներուն համար վերադարձը կը նոյնանար Սեւրի դաշնագիրի կամ Ուիլսընեան Հայաստանի երազին հետ, ապա իմ սերունդիս համար, որ ականատես (եւ երբեմն ալ մասնակից) եղաւ Հայ դատի քարոզչական պայքարին, Հայաստանի վերանկախացման ու միաժամանակ զանգուածային արտագաղթին, եւ Արցախի թէ՛ փառաւոր յաղթանակին ու թէ՛ ողբերգական հայաթափման, «վերադարձ»-ի հասկացողութիւնը այսօր շատ աւելի երանգաւորուած է։ Սա հայկական իրաւազրկութիւնը նսեմացնելու փորձ չէ, ո՛չ ալ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած այսօրուան յարմարողական կողմնորոշման մէկ դրսեւորումը, այլ պարզապէս գործնական մտածողութեան փորձ մը։

Քսաներորդ դարուն արեւմտահայութեան «վերադարձ»-ը հայկական երեւակայութեան առանցքն էր, որ կոչուած էր վերականգնելու արդարութիւնն ու հայրենիքը: Սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք այս գաղափարը սկսաւ մարիլ: Սփիւռքը արմատաւորուեցաւ Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս. հայկական ինքնութիւնը գոյատեւեց, բայց «վերադարձ»-ը մնաց լոկ խորհրդանշական: Նոյնիսկ 1970-ական եւ 1980-ականներու զինեալ պայքարը չկրցաւ այս իրականութիւնը փոխել. վերադարձը մնաց զգացական գաղափար մը, այլ ոչ քաղաքական իրագործելիութիւն:

Ապա եկաւ 1991 թուականը: 1918-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով հայերը դարձեալ պետականութիւն ունեցան: Սփիւռքահայութեան ծոցէն եկած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿ-ի շէնքին առջեւ ծածանեց Եռագոյնը: Բայց հայոց պատմութիւնը միշտ չէ, որ մեր պատկերացուցած ձեւով կը զարգանայ: Անկախութենէն ետք տեղի ունեցաւ ոչ միայն պետականութեան հաստատումը, այլ նաեւ զանգուածային արտագաղթ: Աւելի քան մէկ միլիոն հայ լքեց Հայաստանը: Այսինքն, այն պահուն, երբ Հայաստանը պետականութիւն կը կերտէր, հայութիւնը միաժամանակ արտերկրի նոր համայնքներ կը հիմնէր: Իրականութեան մէջ մենք տեսանք ոչ միայն Գ. հանրապետութեան ձեւաւորումը, այլ նաեւ 21-րդ դարու հայկական անդրազգային տարածքին ընդլայնումը. ազգ մը, որ կը գործէ հայկական պետութեան մէջ եւ օրըստօրէ աւելի՝ անոր սահմաններէն դուրս:

Այս պատճառով կը կարծեմ, որ «վերադարձ»-ի գաղափարը պէտք է վերասահմանուի 21-րդ դարու սփիւռքեան քաղաքական միտքին համար: Վերադարձը չի կրնար նշանակել միայն միլիոնաւոր սփիւռքահայերու մշտական վերաբնակեցումը հայրենիքի կամ Հայաստանի մէջ. սա իրատեսական չէ: Այս իրողութեան ամէնէն խօսուն վկաները նոյնինքն այն յաւակնոտ ազգայնականներուն զաւակներն են, որոնց կեանքի ուղին վաղուց շեղած է իրենց հայրերու քարոզած լոկ լոզունգային հայրենասիրութենէն։

«Վերադարձ»-ը անպայման չի սահմանափակուիր պատմական կամ տարածքային երազներով: Պէտք է ընդունիլ, որ հնամեայ հայութիւնը այսօր տակաւին ունի իր, թէպէտ խոցելի, սակայն օրինական ազգ-պետութիւնը (զոր հարկ է պահպանել), եւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ այսօր հայութիւնը դարձած է անդրազգային ժողովուրդ:

Հետեւաբար, հարցը այլեւս լոկ հայահաւաքի մասին չէ. Այսինքն՝ խնդիրը միայն այն չէ, թէ ո՛վ պիտի տեղափոխուի հայրենիք։ Անշուշտ, տեղափոխութիւնը իւրաքանչիւր հայու իրաւունքն ու երազանքն է՝ ըլլայ Քեսապ, Սասուն թէ Երեւան (բացի, դժբախտաբար, այժմու Արցախէն), նոյնիսկ եթէ այսօր կան քաղաքական խիստ սահմանափակումներ։

Այսօր կարծես «վերադարձի ուղին» հայկական անդրազգային հաւաքականութեան համար, նախ եւ առաջ, ազգային նոր գիտակցութեան փուլ մը կ’ենթադրէ: 21-րդ դարու մարդկութեան պատմութիւնը, ի վերջոյ, գաղթի եւ տեղաշարժի պատմութիւնն է: Վայրկեան մը վերադառնամ անձնական օրինակիս. ինծի համար «վերադարձ»-ը կարգախօս չէ, այլ գործնական կեանքի կեցուածք: Ես Հայաստանի երկքաղաքացի եմ. Երեւանի մէջ, մօրս ապրած շէնքին մէջ, ունիմ համեստ բնակարան մը: Ժամանակ առ ժամանակ կ’այցելեմ հայրենիք, երկրին հարկ կը վճարեմ եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու կը մասնակցիմ: Թէեւ Հայաստանի մէջ մշտապէս չեմ ապրիր, բայց չեմ ալ կարծեր, որ «հայաշխարհէն» դուրս եմ: Ինծի համար վերադարձը կը նշանակէ շարունակաբար ներգրաւուած մնալ հայկական ազգային կեանքին մէջ:

Այսօր սփիւռքահայու մը համար վերադարձը կրնայ ունենալ բազմաթիւ ձեւեր. Օրինակ՝ իրաւական, որ կը յատկանշուի քաղաքացիութեան ձեռքբերումով, ապա՝ ընկերային ու ընտանեկան, որոնք կը դրսեւորուին կապերու պահպանումով, յետոյ գործնական, որ կ’ընդգրկէ տնտեսական, կազմակերպական եւ մասնագիտական ներդրումներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական մասնակցութիւն, եւ վերջապէս առցանց (virtual), որ թոյլ կու տայ թուային տիրոյթի միջոցով ներկայութիւն հաստատել:

Այսինքն, վերադարձը կրնայ ըլլալ շրջանառական (circular) եւ ոչ պարտադիր մշտական, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ հայաշխարհի օղակներուն հետ կապը պահպանելու առումով:

Տարագիր հայու «վերադարձ»-ի խորքային ինքնութիւնը կարծես այն հիմնարար առանցքն է, որուն շուրջ կը համախմբուի մեր ազգային եզականութիւնը. անիկա տարագրութեան ցաւը կը վերածէ այնպիսի ներուժի, որ մեզ թոյլ կու տայ մեզ տեսնել իբրեւ մէկ ընդհանուր հայկական ազգ: Այս գաղափարը պահպանելը արդէն իսկ մեծ ձեռքբերում մըն է, որովհետեւ թէեւ մենք այսօր կը բնակինք տարբեր պետութիւններու եւ իրարմէ տարբեր հասարակութիւններու մէջ, սակայն այդ բոլոր բաժանումներուն մէջէն կը շարունակենք մեզ ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Հակառակ բոլոր նոր խօսոյթներուն, մեր լեզուն, մշակոյթը եւ յիշողութիւնը մէկ են, եւ խիստ կարեւոր է, որ ներկայիս բեւեռացումները մեզ մէկ ազգ ըլլալու գիտակցութենէն չշեղեն:

Այսպիսով, մենք կը վերածուինք մէկ միասնական ազգի իբրեւ հայկական ցանցակեդրոն անդրազգային իրականութիւն: Այդ համակարգին մէջ իւրաքանչիւր հայ կրնայ դառնալ ինքնուրոյն հանգոյց մը իր ներդրումով, իր մասնագիտական գիտելիքով կամ իր գործօն մասնակցութեամբ:

Ի վերջոյ, վերադարձը պէտք է դադրի ըլլալէ անցեալի առասպել մը եւ դառնայ նախ եւ առաջ վերադարձ դէպի գիտակից ազգային ու ցանցային մասնակցութիւն: Այս ցանցին մէջ հայկական քաղաքացիութիւնը կարելի է օգտագործել իբրեւ մեզ կապող գործնական միջոց՝ մեր ինքնութեան, յիշողութեան, հաւատքի եւ մշակոյթի կողքին: Խօսքս պարզ վարչական կարգավիճակի մը մասին չէ, այլ իրական կապի մը, հայերու, պատմական երկրի, արդի Հայաստանի, յիշողութեան եւ ամէնէն կարեւորը՝ ապագայի հանդէպ մեր հաւաքական քաղաքացիական յանձնառութեան մասին: Սակայն հայկական քաղաքացիութեան մասին կը խօսինք ուրիշ առիթով եւ այլ հասկացողութեամբ: Այսօր կը յուսամ, որ «վերադարձ»-ի միտքը վերաիմաստաւորելու իմ փորձս ձեր մօտ քիչ մը արձագանգէ: Ես վերադարձած եմ. իսկ դո՞ւք:

Րաֆֆի Արտալճեան՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ «Ֆլեչըր» համալսարանի շրջանաւարտ, արհեստագիտութեան մասնագէտ է եւ խորհրդատու՝ արհեստագիտական ընկերութիւններու, հանրային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու։ Ան կը մտածէ եւ կը գրէ սփիւռքը եւ Հայաստանը յուզող քաղաքական հարցերու մասին։