Վերադառնանք Մեր Վտանգուած Մշակոյթին
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
- Հիմա գանք ու հարց տանք ձեզի, տիրող իշխանութեան անտերունչ ղեկավարներ: Դուք ի՞նչ ըրիք կամ ի՞նչ կ՛ընէք այսօր ի նպաստ հայ ազգային մշակութային արժէքներուն: Վստահ ենք, որ եթէ դուք ձեր ունեցած մեծագումար յատկացումները, կազմակերպական հսկայական ներուժը, խարդախելու ու մանաւա՛նդ սադրանքներ յօրինելու հանճարեղ կարողականութիւնն ու ապատեղեկատուութիւն տարածելու ձեր բացառիկ հնարամտութիւնները ի գործ դնէիք թշնամիին դէմ ու ի նպաստ ազգային մշակութային արժէքներուն, վստահ եղէք, որ ոչ միայն ստիպուած պիտի չըլլայիք դաւաճանի պատմուճանը կրելու, այլ նաեւ ազգն ու հայրենիքը անդունդի եզրին չէին յայտնուեր:
Ամիսներէ ի վեր, սկսեալ համաճարակի տարածման օրերէն, մշակութային հարցեր գրեթէ չենք քննարկած: Այսօր պիտի անդրադառնանք հայրենի ազգային մշակութային արժէքներու նսեմացման գործընթացին, որ վերջին տարիներու ընթացքին կը շարունակուի «անփութօրէն»: Պիտի հիմնուինք մեր անձնական փորձառութեան ու գետնի վրայ գործող տուեալներու վրայ, աւելի քան` մեր լսածներուն:
Այս վերջին «յեղափոխութեան» նախորդած իշխանութիւններու օրով թէեւ մշակութային որոշ յառաջխաղացք տեղի ունեցաւ, սակայն համեմատած խորհրդային ժամանակաշրջանին` չափազանց թոյլ էր ու թերի: Մենք, մեր հերթին, մեր մասնագիտութեան ծիրէն ներս, փորձած ենք մշակութային երկու ազգանպաստ ձեռնարկներ (մէկը համահայկական, միւսը` համաշխարհային) կազմակերպել: Եւ հակառակ անոր որ այն ատենուան իշխանութիւնները (սկսեալ սփիւռքի նախարարութենէն ու Հանրային խորհուրդէն, մինչեւ Երեւանի օրուան քաղաքապետն ու վարչապետը), խոստացան աջակցիլ ու գործակցիլ մեզ հետ, սակայն օրուան մշակոյթի նախարարուհին խոչընդոտեց ու ձախողութեան մատնեց արդէն իսկ սկսուած ձեռնարկները:
Թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ երկուքուկէս տարի առաջ, բացայայտօրէն յայտնի է բոլորին: Մենք եւս հաւատացինք հպարտ «յեղափոխականներու» թաւշեայ խօսքերուն ու ակնկալեցինք, որ նախկիններուն գործած սխալները կը սրբագրուին, ու մեր ծրագրած վերոյիշեալ մշակութային ձեռնարկները եւս կ՛իրագործուին… հեզասա՜հօրէն:
Բայց տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս վարուեցան ազգային մշակութային արժէքներու հանդէպ անբարեացակամ կեցուածք որդեգրած «յեղափոխականները», որոնց հպարտ առաջնորդը, վարչապետի աթոռին վրայ տեղաւորուելէ անմիջապէս ետք, ձեռնարկեց սփիւռքի գլխաւոր գաղութներու այցելութեան: Շատ չանցած` եկաւ նաեւ Լիբանան, ուր շռայլ խոստումներով խանդավառութիւն ստեղծեց գաղութի ողջ տարածքին: Իր մեկնումէն օր մը առաջ գաղութի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում-զրոյց մը կազմակերպուեցաւ Պէյրութի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ, Լիբանանի ամենաշքեղ պանդոկներէն շքեղագոյն սրահին մէջ: Անձամբ ներկայ էի իբրեւ Հայաստանի դեսպանութեան արուեստի խորհրդատու:
Սիրելի՛ ընթերցող, ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ մեր «հայրենասէր» ու «արդարամիտ» վարչապետը համապարփակ ձեւով իր ծրագիրները պարզեց: Խօսեցաւ ամէն ինչի (նոյնիսկ` հայկական խոհանոցի) մասին, բացի մշակոյթէն: Մշակոյթ կամ արուեստ բառերը բնա՛ւ չօգտագործեց այս մարդը: Երբ սփիւռքահայերուս համար մշակոյթը աւելի քան կենսական նշանակութիւն ունի, այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ բոլորովին անտեսուի հայ «յեղափոխականի» մը կողմէ, որ յաւակնութիւն ունէր նախկիններուն սխալները սրբագրելու ու բոլորովին նոր կացութաձեւ մը ստեղծելու, հիմնուած` ժողովրդավարական, թափանցիկ ու արդար սկզբունքներու վրայ: Այնուհետեւ ան շարունակեց սփիւռքի գաղթօճախներու իր այցելութիւնները, սակայն մեր ստացած տեղեկութիւններու համաձայն, ան դարձեալ խօսք չէ բացած մշակութային պետական ծրագիրներու մասին:
Տրուած ըլլալով, որ մշակոյթը պետականաշինութեան մէջ կենսական դեր եւ նշանակութիւն ունի, կ՛ակնկալէինք, որ մշակոյթի նախարարութեան պիւտճէն բազմապատկուի առնուազն քանի մը անգամով, սակայն յանկարծ, պիւտճէի չգոյութեան պատրուակի տակ, մշակոյթի նախարարութիւնը ջնջուեցաւ ու ներառուեցաւ, մարմնակրթութեան նախարարութեան զուգահեռ, գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան մէջ` իբրեւ անոր մէկ չորրորդ մասնիկը: Սակայն աւելի արդար ու գործնական պիտի ըլլար, մշակոյթի նախարարութիւնը պահելէ ու աւելի զօրացնելէ ետք, միւս երեք նախարարութիւնները, իբրեւ մշակոյթի տարատեսակներ, ներգրաւուէին անոր մէջ: Ի դէպ, նոյն ատեն եւ միեւնոյն պատճառաբանութեամբ ջնջուեցաւ նաեւ սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն պատճառով գրեթէ ամբողջութեամբ կտրուեցան սփիւռք-Հայաստան մշակութային կապերը: Այնուհետեւ, փուլ առ փուլ, ազգային մշակութային արժէքները (ըլլան անոնք լեզուական, պատմական, կրօնական թէ տարբեր արուեստներու) ծրագրուած ձեւով սկսան նսեմացնել ու սահմանափակել անոնց դերն ու նշանակութիւնը, յատկապէ՛ս` ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան բնագաւառներէն ներս: Շարունակութիւնը բացայայտ է, ու հետեւանքները հրապարակի վրայ են:
Տնտեսութեան զուգահեռ կամ թէկուզ անկէ ետք, սպասելի էր, որ մշակութային յեղափոխութեան մասին մտածուի, որովհետեւ ոչ միայն ազգը մշակոյթ է ու սերտօրէն կ՛առնչուի տնտեսութեան հետ, այլ նաեւ կրնայ գործօն դեր կատարել քաղաքականութեան մէջ: Սակայն ոչ մէկ քննարկում տեղի ունեցաւ ազգային մշակութային պետական ծրագրաւորումներու մասին:
Նոյնիսկ այդ ապօրինաբար եռակողմանիօրէն ստորագրուած «թուղթին» մէջ ակնարկութիւն անգամ գոյութիւն չունի համամարդկային արժէք ներկայացնող կոթողներու եւ արուեստի գործերու պաhպանութեան ու պաշտպանութեան մասին: Թշնամիին կողմէ օր ցերեկով տեղի ունեցող մերօրեայ մշակութային ցեղասպանութեան առաջքը առնելու համար միջազգային համապատասխան կառոյցներու «հակազդեցութիւնները» կը շարունակեն մնալ իբրեւ օդին մէջ կրակուած անիմաստ արձագանգներ: Ըլլայ թշնամիին թէ միջազգային կառոյցներու կեցուածքները ո՛չ նորութիւն են եւ ո՛չ ալ կը զարմացնեն մեզ: Անըմբռնելին ու զարմանալին մեզի համար մեր իշխանութիւններու անբարեխիղճ ու հակամարդկային վերաբերմունքն է հայ ազգային մշակութային արժէքներու հանդէպ:
Հիմա, բուն խնդիրը հետեւեալն է: Ինչո՞ւ այս ճարտար խաբեբաները հետեւողականօրէն կը շարունակեն նսեմացնել ազգային մշակութային արժէքները: Արդեօ՞ք տգէտ են ու ապիկար, թէ՞ գիտակցաբար կը գործեն ու որոշ թաքուն նպատակներ կը հետապնդեն: Եկէք` փորձենք արդար ըլլալ եւ պահ մը ընդունինք, որ այս հպարտ քաղաքացիները (որոնց հպարտութիւնը այնքան ալ յայտնի չէ, թէ ինչի՛ վրայ հիմնուած է), օտար կրթութիւն ստանալով, գերակայութեան բարդոյթէ կը տառապին ու եկած են հայրենի ժողովուրդը դաստիարակելու եւ մեր ազգային մշակոյթը համամարդկային արժէքներով օժտելու: Արդեօ՞ք ասոնք մեծամտութիւնն ու օտարամոլութիւնը կը շփոթեն իրատեսութեան ու ազգային արժէքներու հետ, թէ՞ ազգութենէ հեռացած մարդիկ են… պարզապէս:
Այնուամենայնիւ, ո՞վ են ասոնք եւ որքանո՞վ կրթուած ու զարգացած են, որպէսզի կարողանան գնահատել համամարդկային արժէքներով օժտուած հայ ազգային գանձերը: Թէեւ անոնք գրեթէ բոլորն ալ անծանօթներ են մեզի համար, սակայն կրնանք որոշ գաղափար մը կազմել անոնց վարք ու բարքի եւ մանաւանդ մակարդակի մասին` ի նկատի ունենալով իրենց պաշտօնական ելոյթները խորհրդարանական նիստերու ընթացքին: Նախ` անոնց խօսած ազգային լեզուն բացայայտօրէն այլասերած փողոցային «ժարկոն» մըն է: Երկրորդ` այնպէս կը թուի, որ փողոցային բարքերը տեղափոխուած են խորհրդարանէն ներս, ուր ոչ միայն այլանդակ ու ծանծաղ արտայայտութիւններ կը հնչեն, այլեւ սին ամբաստանութիւններու ու սպառնալիքներու տակ անվայել քաշկռտուքներ ու ծեծկռտուքներ տեղի կ՛ունենան նաեւ:
Մենք որակի ազգ ենք, իմ գիտակից ընթերցող: Ամբողջ աշխարհը դարերու ընթացքին սնած ու օգտուած է մեր ստեղծագործ մտքի արգասիքներէն: Ու բնաւ պատահական չէ, որ հայութիւնը այսօր միջազգայնօրէն մրցունակ, գնահատուած ու մեծարուած ազգ կը համարուի: Մասնագիտութեանս բերումով բաւականին ընդարձակ ու հեղինակաւոր կապեր ունիմ օտար, ի մասնաւորի արեւմտեան կողմն աշխարհի արուեստագէտներու, մտաւորականներու ու առհասարակ մշակոյթի գործիչներու հետ: Բոլորն ալ համակրանք ու յարգանք ունին հայ ազգի հանդէպ, սակայն զարմացած են, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ հայերու պէս տաղանդաւոր, ձեռներէց, քաջարի ու միջազգայնօրէն վարկ ունեցող ժողովուրդ մը (մի՛ մոռնաք, որ անոնք զիս ճանչցած են իբրեւ մուսալեռցի եւ գրեթէ բոլորն ալ ծանօթ են Մուսա Լերան քառասուն օրերը վէպին), այդքան դիւրութեամբ կը պարտուի ու ոչխարի նման կ՛ենթարկուի թշնամիին:
Սիրելի՛ ընթերցող, իմ ազգային արժանապատուութիւնս թոյլ չի տար, որ ես վարկաբեկեմ իմ պետութիւնը օտարներուն մօտ ու բացատրեմ, թէ ինչպէ՛ս մեր վարչապետը իր վարչախումբով դաւաճանեց ազգին ու հայրենիքին. որովհետեւ անոնք պիտի չկրնան ըմբռնել, թէ նման բան մը հնարաւոր է, եւ ոչ ալ պիտի հաւատան, որ կրնայ գոյութիւն ունենալ կառավարութիւն մը, որ իր սեփական ազգի մշակութային արժէքները գիտակցաբար կը նսեմացնէ ու կը վարկաբեկէ: Թուրքերը, որոնք թուրք են ի վերջոյ, շատ լաւ գիտեն ազգային մշակոյթի դերն ու նշանակութիւնը` ազգակերտման ու պետականաշինութեան մէջ: Անոնք այսօր աշխարհին ծանօթ են իբրեւ ազգային մշակոյթի տէր ժողովուրդ, ամէնէն առաջ ու ամէնէն վեր, շնորհիւ հայ ազգային մշակոյթին: Այս անուրանալի իրողութիւնը թէեւ հաստատուած ու բազմիցս վաւերացուած է աներկբայօրէն, այնուամենայնիւ տանք ներկայ ժամանակներուն բնորոշ օրինակ մը միայն: Այսօրուան թուրքերու հիմնի (ազգային քայլերգի) հեղինակը Էդկար Մանաս անունով հայ երաժիշտ մըն է, որ ըստ մասնագէտներու, ներշնչուած է Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտական աւանդներէն: Խնդրեմ` ունկնդրեցէք: Եթէ սկիզբէն տեղեակ չ՛ըլլաք իրողութեան, վստահաբար պիտի ընկալէք զայն իբրեւ հայկական երաժշտութիւն: Ասիկա պարզ նմուշ մըն է միայն: Թրքական «շարքի»-ներու եւ կամ ազերիական «մուղամ»-ներու հետ ոչ մէկ կապ ունեցող, Մոցարթի Ronda Ala Turca-ի նման յօրինումներու միջոցով է, որ թրքական երաժշտութիւնը կը ներկայացուի քաղաքակիրթ Արեւմուտքին, ուր կը խօսուի նաեւ թրքական օփերայի մը գոյութեան մասին, որուն հիմնադիրներն ու կազմակերպողները դարձեալ հայերը եղած են:
Ազերիները, հետեւողութեամբ թուրքերու օրինակին, նոյն նպատակները կը հետապնդեն ու կը գործեն թրքաբարոյ սկզբունքներով:
Հիմա գանք ու հարց տանք ձեզի, տիրող իշխանութեան անտերունչ ղեկավարներ: Դուք ի՞նչ ըրիք կամ ի՞նչ կ՛ընէք այսօր ի նպաստ հայ ազգային մշակութային արժէքներուն:
Վստահ ենք, որ եթէ դուք ձեր ունեցած մեծագումար յատկացումները, կազմակերպական հսկայական ներուժը, խարդախելու ու մանաւա՛նդ սադրանքներ յօրինելու հանճարեղ կարողականութիւնն ու ապատեղեկատուութիւն տարածելու ձեր բացառիկ հնարամտութիւնները ի գործ դնէիք թշնամիին դէմ ու ի նպաստ ազգային մշակութային արժէքներուն, վստահ եղէք, որ ոչ միայն ստիպուած պիտի չըլլայիք դաւաճանի պատմուճանը կրելու, այլ նաեւ ազգն ու հայրենիքը անդունդի եզրին չէին յայտնուեր:
Սակայն ձեր ողջ գործունէութիւնը ենթադրել կու տայ մեզի, որ դուք ձեզ աւելի աշխարհաքաղաքացի կը համարէք, քան` հայ, որուն համար մեղադրելի չէք, այնպէս` ինչպէս մարդկօրէն մեղադրելի չեն այն բոլոր աղանդաւորները, որոնք իրենց պատկանած աղանդի շահերը կը գերադասեն ազգային ու պետական շահերէն: Ատիկա ոեւէ քաղաքացիի մարդկային իրաւունքն է: Շա՛տ լաւ: Նոյն տրամաբանութեամբ հնարաւոր է, որ դուք ազգային պատկանելիութեան հարց ալ չունիք: Սակայն մարդկային, աւելի ճի՛շդը տղամարդկային արժանապատուութի՞ւն ալ չունիք:
Այո՛, մենք հայերս պատմականօրէն ու դառն ճակատագրով դատապարտուած ենք լինելութեան յարատեւ պայքարի:
Մեր հազարամեայ ազգային փորձառութիւնն ու փորձութիւնները մեզ համոզած են, որ ազգային բարձրորակ մշակոյթ ստեղծելը չափազանց դժուար է, իսկ զայն պահելը, պաշտպանելն ու զարգացնելը շատ աւելի դժուար է ու բարդ:
Այս բոլորը իմանալով հանդերձ, մենք կը շարունակենք մնալ պատնէշի վրայ, բանի՛ւ եւ գործով ու կը գոյատեւենք… իսկ դուք կ՛անհետիք իբրեւ անմշակոյթ բոշաներու վրիպած թափթփուքներ…