Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ. գանատական ռազմական սարքեր որ հաւանաբար օգտագործուած են Արցախեան պատերազմական այս իրավիճակին, Արտաքին գործոց նախարարը հետաքննութիւն սկսած է
1909
0
Գանատայի «CP 24» կայանէն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի եւ Հայաստանի դէմ թուրք-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն ու գանատական ռազմական կազմածներու օգտագործումին, Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ յայտարարեց.- «Ինչ կը վերաբերի գանատական ռազմական սարքերուն, որ հաւանաբար օգտագործուած է պատերազմական այս իրավիճակին, Արտաքին գործոց նախարարը հետաքննութիւն սկսած է, իմանալու համար թէ ինչ տեղի ունեցած է. Գանատայի համար չափազանց կարևոր է մարդկային իրաւանց չխախտման ակնկալիքներու յարգումը: Մենք աւելի շատ ըսելիքներ պիտի ունենանք, երբ յաւելեալ փաստեր ունենանք տեղեկութիւններու մասին»: