Վարանդ Փափազեան՝ ՀՅ Դաշնակցութեան Ընկերվարական Գործին Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Տեսաբանը
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ընկեր Վարանդը ճանչցայ կուսակցական կեանքիս էն սկիզբը: Բառացիօրէն: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան «Բաբգէն Սիւնի» մասնաճիւղին ներկայացուցած դիմումնագիրս ընդունուած էր, եւ հրաւիրուած էի հերթական ժողովին Պէյրութի հին ակումբին մէջ, շաբաթ յետմիջօրէի մը: 1975-ին էր, չեմ յիշեր, եթէ պատերազմի առաջին բախումը ապրիլ 13-ին տեղի ունեցա՞ծ էր արդէն, թէ՞ ոչ: Առաջին ժողովս էր, օրուան դասախօսը՝ ընկեր Վարանդ Փափազեան, նիւթը՝ «Բաղդատական վերլուծում մը՝ հայկական ֆետայական շարժումին և Լատին Ամերիկայի կերիլլայական շարժումներուն միջեւ»: Դասախօսութիւնը հիմնած էր մէկ կողմէ Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները»-ի երկրորդ հատորին մէջ նկարագրուած ֆետայիի կերպարին, կազմաւորման, բարոյական սկզբունքներուն, մարտական պատրաստութեան, զէնքի տեսակին, բայց նաեւ՝ գործողութիւններու ռազմավարութեան, եւ միւս կողմէ՝ Չէ Կեվարայի կերիլլայական կռիւի տեսութեան նուիրուած գրութիւններուն վրայ:
Դասախօսութեան ձգած ամէնէն խորունկ տպաւորութեան չեմ անդրադառնար: Այսքան տարի յետոյ, եւ քաղաքական-գաղափարախօսական յանձնառութեան, մտաւորական հետաքրքրութեան, թէ ակադեմական մասնագիտութեան ճիւղի ընտրութեան պատճառով առանց կեղծ համեստութեան կրնամ ըսել, թէ լատինամերիկեան ազգային և ազատագրական պայքարներուն բաւական ծանօթացած եմ, եւ խռովայոյզ այդ պատմական ժամանակաշրջանին մասին, ուր Կեվարայի տիպարն ու Քուպայի յեղափոխութիւնը կեդրոնական տեղ կը գրաւեն, ունիմ կազմաւորուած առարկայական տեսակէտ, որ չի բացառեր նաեւ քննադատութիւնը: Բայց կարդացած բոլոր գործերէս, ունկնդրած բոլոր դասախօսութիւններէս, տեսած բոլոր ժապաւէններէս եւ մինչեւ իսկ այդ շարժումներուն մասնակիցներու հետ ունեցած զրոյցներէս շատ աւելի խոր ու մնայուն հետք ձգած է ընկեր Վարանդին այդ առաջին դասախօսութիւնը: Կը նմանի գաղափարախօսական նոյն այդ յանձնառութեան մեկնակէտով լատինամերիկեան քաղաքականութեան մէջ ակադեմական մասնագիտացում ստացածի մը մտքին ու սրտին մէջ Էտուարտօ Կալեանոյի «Լատին Ամերիկայի բաց երակները» դասական գործին ձգած անջնջելի հետքին…
Այդ առաջին հանդիպման յաջորդած երկար տարիներուն՝ երիտասարդական թէ ուսանողականի շարքերուն մէջ, ապա արդէն իբրեւ շարքային կուսակցական, իբրեւ Արեւմտեան Պէյրութի՝ Սուրբ Նշան, Նշան Փալանճեան Ճեմարան/ՀՄԸՄ, «Արա Երեւանեան» ժողովրդային տուն եռանկիւնին մէջ ամփոփուած «Ղարպիյէ»-ի համայնքի անդամներ, բայց մանաւանդ՝ իբրեւ «Ազդակ»-ի մէջ հրապարակագրութեան իր առաջին փորձերը կատարող սկսնակ, ընկեր Վարանդին հետ համագործակցութիւնս շատ սերտ եղաւ: Այդ բոլոր տարիներուն, իր մօտ շարունակական մնաց ու զարգացաւ աշխարհի մէջ ազգային ու ընկերային պայքարներուն հետեւելու եւ Հայ դատի պայքարին համար անհրաժեշտ դասեր քաղելով քաղաքական մտածողութիւն կառուցելու իր նախանձախնդրութիւնը: Ընկեր Վարանդը ո՛չ միայն կարելի է ըսել վայրկեանը-վայրկեանին քայլ կը պահէր միջազգային իրադարձութիւններուն հետ, այլ նաեւ կը քաջալերէր, որ մենք ալ, իր կուսակցական ընկերները եւ մասնաւորաբար անոնք, որոնք յօդուածագրութեան ճամբով նուազագոյն չափով մասնակից էին դաշնակցական մտածողութեան կազմաւորման և հրապարակման գործին, նոյն նախանձախնդրութիւնը ցուցաբերենք: Ինծի պարտականութիւն տուած էր, օրինակի համար, ամէն շաբաթ աչքէ անցընել ֆրանսական, անգլիական և ամերիկեան շաբաթաթերթերը, որոնք անձնապէս կ’երթայի գնելու ամէն երկուշաբթի, «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու բաժինին վերլուծական յօդուածներու պատրաստութեան նկատառումով:
Այս իմաստով, ընկեր Վարանդը ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովով ընթացք առած սփիւռքի քաղաքականացման գործընթացի յառաջապահներէն էր: Այն սերունդը, որ դուրս եկաւ Պաղ պատերազմով սփիւռքեան իրականութեան մէջ խորացած խորհրդային-հակախորհրդային բևեռացումէն, Դաշնակցութեան ընկերվարութեան վերարժևորումով վերջ դրաւ Դաշնակցութեան իբրեւ աջակողմեան-ազգայնական քաղաքական ուժ ընկալումներուն ու պատկերացումներուն, եւ հաստատական մնալով հանդերձ խորհրդային համայնավարական բնորդը իբրեւ ընկերվարական պայքարի իրականացում հասկացողութեան մերժումի սկզբունքին վրայ, քննադատական դիրք բռնեց նաև արևմտեան մեծապետական քաղաքականութեան նկատմամբ: Ընկեր Վարանդն ու իր սերնդակիցները, որոնք սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան գործին եւ Հայ դատի պայքարին առջեւ նոր հորիզոններ բացին, հայ քաղաքական մտածողութիւնը վերանորոգեցին՝ հետեւելով օրին միջազգային թատերաբեմին վրայ ինքզինք հաստատող Երրորդ աշխարհի ազգային եւ ընկերային ազատագրական պայքարներէն ծնունդ առնող գաղափարներուն, պայքարի ռազմավարութեանց, համագործակցութեան, հակակայսերապաշտութեան եւ յառաջդիմական տեսլականներուն վրայ: Ազգային-ազատագրական պայքարն ու ընկերային արդար համակարգի ստեղծումը, իմա՛՝ ընկերվարութիւնը, իրարու փոխլրացուցիչ կը համարուէին: Հետաքրքրութիւն, յարգանք, համակրանք եւ մինչև իսկ յարաբերութիւն կար ազգային թէ ընկերային ազատագրական պայքար մղող այլ ժողովուրդներու պարագային՝ Լատին Ամերիկայէն մինչև Հիւսիսային Իրլանտա, Պասքեր, եւ անշուշտ՝ քիւրտեր եւ Պաղեստինեան դատ, ի մէջ այլոց: Ընկեր Վարանդին իւրայատուկ էր միջազգային ամէն իրադարձութեան նախ պատճառահետեւանքային կապը իր բոլոր ծալքերով լաւ հասկնալու նախանձախնդրութիւնը, ապա եւ շատ իրապաշտ, ամէն յուզականութենէ հեռու վերլուծական եզրակացութեան յանգիլը: Հայ դատի պայքարին մէջ մանաւանդ, իրեն ամէնէն աւելի հետաքրքրողը քաղաքական յառաջընթացն էր: Կրնար ուրախանալ այս կամ այն պետական դէմքին հայանպաստ յայտարարութեամբ, բայց, օրինակի համար, միայն Եւրոպական խորհրդարանի Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հանրածանօթ որոշումն էր, որ նկատեց հիմնական ձեռքբերում:
Ընկեր Վարանդին քաղաքական մտածողութիւնը այս ձեւով կազմաւորուած էր, երբ ղարաբաղեան շարժումով և Հայաստանի անկախացումով նաեւ իրեն համար հասաւ առիթը՝ մօտէն ծանօթանալու եւ մասնակից ըլլալու հայրենի իրականութեան պատմական գործընթացին: Այդ տարիներուն, երբ արդէն հաստատուած էի Արժանթին, միայն պարբերաբար առիթը ունեցանք հանդիպելու՝ Յունաստան, Հայաստան, Արցախ եւ Լիբանան, հետեւաբար ականատես չեմ եղած իր դերակատարութեան, որ, անկասկած, օր մը իր պատշաճ տեղը պիտի ունենայ կուսակցութեան պատմութեան մէջ: Բայց իր մահուան անսպասելի բօթը զիս մղեց վերընթերցելու իր գրութիւններէն երկուքը, որոնք բարացուցական են իր քաղաքական մտածողութեան բիւրեղացման հայ ժողովուրդի պատմութեան այս նոր փուլին:
Անոնցմէ առաջինը 1993-ին լոյս տեսած «Հայ ազգային ռազմավարութիւնը» ուսումնասիրութիւնն է, արդիւնքը՝ Ղարաբաղեան շարժումին յաջորդած հինգ տարիներու իր վերլուծումին, որ հիմնուած է այդ ժամանակաշրջանի պատմական իրադարձութիւններու ականատեսի, մասնակիցի եւ դերակատարի իր փորձառութեան վրայ: Այդ սեղմ գրութիւնը, որ կը յատկանշուի ընկեր Վարանդի ոճով եւ արդիւնքն է իր բնաւորութեան ու յատուկ զսպուածութեան՝ հեռու պատկերաւոր նկարագրութիւններէ եւ ածականներու շռայլութենէ, կը դասուի շարքին ազգի եւ ազգային հաւաքականութեան դաշնակցական հասկացողութեան տեսական գործերուն: Աւելի՛ն, այն անհրաժեշտ այժմէականացումն ու ամբողջացումն է Գարեգին Խաժակի, Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Լեւոն Շանթի նոյն թեմայով գործերուն: Այժմէականացում, որովհետեւ ազգի տեսութիւնը մտածուած է միջազգային յարաբերութիւններու պատմական անկիւնադարձի մը, որ հայութիւնը անխուսափելիօրէն դրաւ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ: Ամբողջացում, որովհետեւ իբրեւ տեսութիւն գրուած այդ ուսումնասիրութիւնը էապէս ռազմավարական տեսանկիւնէն կատարուած է, եւ հետեւաբար դուռ կը բանայ քաղաքական գործի մասին մտածելու: Խորհրդային Միութեան փլուզման մեկնակէտով, Արցախեան պայքարի հիմնական անկիւնադարձի հիմնաւորումով, «Հայ ազգային ռազմավարութիւնը» կը հասնի մէկ հիմնական եզրակացութեան՝ ազգային միասնականութեան կայացման: Դիւրին է եզրակացնել, որ նորութիւն չկայ ասոր մէջ: Նման առաջադրանքի ռազմավարական նշանակութիւնը հասկնալը և համապատասխան ազգային քաղաքականութիւն մշակելն է խնդիրը: Տեսութեան մէջ կան հաստատումներ եւ մտքեր, որոնք կրնան բանավէճ առաջացնել, առիթ կու տան տարբեր մեկնաբանութիւններու, ներառեալ նոյնինքն ազգի միասնութեան գաղափարը իբրեւ ռազմավարական առաջադրանք, որուն հիմնական դերակատարութիւնը վերապահուած է անկախ պետականութեան: Բայց, ահաւասիկ, այդ գրութենէն 27 տարի յետոյ, վերջին բաժինը՝ «Ազգային պետութեան գոյառումը», ուր դարձեալ բազմիցս կրկնուած «պետութիւն» և «իշխանութիւն» յղացքներու տարբերութիւնը լուսարձակի տակ կու գայ, կը պարունակէ տողեր, որոնք այժմէական մնացած են մինչեւ օրս: «Պիտի ընդգծել, որ հարցը [ազգային պետութեան գոյառումը] չի վերաբերում իշխանութիւնների՝ ընդդիմադիր ուժերով փոխարինմանը. ընդդիմութիւնը տակաւին չի գտել ազգային ղեկավարութեան դիմագիծ. իշխանութիւնների քննադատութիւնը կամ անհատի մասնագիտական կարողութիւնը բաւարար չափանիշ չեն ազգային ղեկավարութեան համար»: Այժմէական է նաեւ այն պարբերութիւնը, ուր ազգային միասնականութիւնը հիմնականօրէն Հ Յ Դաշնակցութեան գործը կը նկատուի. «Եօթանասունամեայ պառակտման անցեալը, անցնող հինգ տարիների նոր ներքին բաժանումները եւ հատուածականութիւնը ի հարկէ դժուարացնում են միասնականութեան կայացումը: Սակայն, այս գործը անհրաժեշտ է ազգին եւ հայրենիքին եւ պիտի կատարուի, նրա կայացման պատասխանատուութիւնը առաջին հերթին ընկնում է ՀՅ Դաշնակցութեան ուսերին»: Անգամ մը եւս՝ մտքին բառացի ընթերցումը կրնայ նորութիւն չբերել, մինչեւ իսկ հռետորական թուիլ. մարտահրաւէրը անոր ռազմավարական ընկալումն է, որով եւ ազգային միասնականութեան կայացման նպատակով քաղաքական գործի սահմանման հորիզոնը, գոնէ ՀՅ Դաշնակցութեան համար, ընդդիմութիւն կամ իշխանութիւն ըլլալէ շատ աւելի անդին կ’անցնի:
Միւս գրութիւնը 2002 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած «Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը Հայաստանի մէջ» գիտաժողովին նոյն խորագրով իր ելոյթն է, որ մաս կը կազմէ կուսակցութեան «Արդարութեան մատենաշար» հրատարակութեանց շարքի առաջին համարին մէջ տեղ գտած նիւթերուն: Արցախեան պայքարով սկսած ազգային երթէն տասնհինգ տարի անց տեղի ունեցած այս հիմնական գիտաժողովը, որ, փաստօրէն, Դաշնակցութեան գաղափարախօսական ինքնութեան առաջին հանրային յստակ ու բարձրաձայն հաստատումն էր ի դէմս նախկին խորհրդային որեւէ երկրի նման Հայաստանի մէջ եւս «ընկերվարութիւն» յղացքի միակողմանի հասկացողութեան իբրեւ նոյնացում խորհրդային «սոցիալիզմ»-ին: Ընկեր Վարանդի այդ ելոյթին մեկնակէտն ալ միջազգային համակարգն էր, կիզակէտը՝ Հայաստանի դիմագրաւած աշխարհաքաղաքական բարդ կացութեան մէջ ընկերային արդարութեան պահանջատիրութեան ձեւակերպումը՝ երկիրը զերծ պահելով ներքին վտանգաւոր բեւեռացումներէ: Հոս եւս մարտահրաւէրը նախ Դաշնակցութեանն է. «ՀՅԴ առաջադրանքներու եւ նպատակներու իրականացման ձգտող ռազմավարութեան ծիրին մէջ պէտք է յատկապէս քննարկել ընկերային պահանջատիրութեան եւ ազգային միասնութեան, ընկերային համերաշխութեան եւ ընկերային շահագործման յարաբերութիւնները:» Եւ աւելի անդին կ՛աւելցնէ. «… Դաշնակցութեան համար ընկերային արդարութեան կայացումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն ազգի գոյապայքարի եւ լիարժէք զարգացման ճանապարհին: Աշխատաւոր ընդհանրութիւնը պէտք է ունենայ ուրոյն դեր եւ մասնակցութիւն ճշդելու համար իր տնտեսական-ընկերային կեցութիւնը եւ, միաժամանակ, ժողովրդավարութեան ճամբով պէտք է մասնակցի ազգային քաղաքականութեան կազմաւորումին եւ, ընդհանրապէս, պետութեան գործին:» Դարձեալ այժմէական տողեր, որոնք կը յիշեցնեն, թէ Դաշնակցութեան համար ազգային միասնականութիւնն ու ընկերային պահանջատիրութիւնը իրարու առնչակից, զիրար ամբողջացնող ռազմավարական առաջադրանքներ են եւ միայն իբրեւ այդպիսին բանաձեւուած քաղաքական գործն ու խօսոյթը կրնան հարազատօրէն արտացոլել Դաշնակցութեան առաքելութիւնը:
Ընկեր Վարանդի յօդուածներն ու դասախօսութիւնները իր կենդանի գործին բանաձեւումն են իբրեւ դաշնակցական քաղաքական մտածողութիւն: Անոնց մէկտեղումը հատորի մէջ առանձին փաստ մը պիտի ըլլայ այդ մտածողութեան զարգացման՝ անկիւնադարձային ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովէն մինչեւ Արցախեան ազատամարտով եւ Հայաստանի անկախացումով կուսակցական գործի դիմագրաւած այժմէական մարտահրաւէրները: Անոր մէջ ընկեր Վարանդին կը պարտինք Դաշնակցութեան գործին՝ ազգային միասնականութեան կայացում եւ ընկերային արդարութեան պահանջատիրութիւն իբրեւ ռազմավարական տեսութիւն բանաձեւումը, իր մեծ վաստակը՝ ո՛չ միայն իբրեւ ուղեցոյց քաղաքական ծրագրումի, այլ նաեւ մանաւանդ՝ իբրեւ ամուր ենթահող՝ դաշնակցականի կազմաւորման: