Վաստակաշատ գանատահայ ՀՄԸՄ-ականները (Եղբ․ Վահան Չալիքեան)
- (0)

1998 Ծառայութեան եւ 2018 Արտակարգ շքանշանակիր
1.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք ՀՄԸՄ-ի շարքերը։
Ծնած եմ Երեւան։ Յաճախած եմ Վաղարշ Վաղարշեանի անուան թիւ 80 միջնակարգ դպրոցը։ Ուսանած եմ մարզական համալսարանին մէջ եւ, նախքան Գանատա հաստատուիլս, երեք տարի աշխատած եմ որպէս Սպիտակ քաղաքի՝ Հայաստանի Ա. լիկային մասնակցող ոտնագնդակի խումբին աւագ մարզիչ։
Տասը տարեկանիս անդամագրուած եմ «Արարատ» ոտնագնդակի խումբին, իսկ համալսարանական տարիներուս՝ համալսարանի խումբին։
1979-ին, երբ 26 տարեկան էի, Գանատայի մէջ մուտք գործեցի ՀՄԸՄ-ի շարքերը՝ որպէս մարզիկ եւ մարզիչ։ Հետագային ստանձնեցի ոտնագնդակի, աղջկանց ցանցագնդակի (volleyball), կողովագնդակի (basketball) եւ աթլեթիզմի մարզիչի պարտականութիւններ։
2.- Կրնա՞ք ներկայացնել դրուագ մը, զոր կը յիշէք այդ օրերէն։
1979-ի դեկտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցայ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ժողովին եւ, ըստ մեր ընտանեկան սովորութեան, հետս որպէս նուէր Հայաստանէն բերած համեղ կոնեակ մը տարի։ Բաւական լաւ եւ արդիւնաւէտ հանդիպում մըն էր։ Աւարտին, համով-հոտով ըմպեցինք կոնեակը եւ բաժակ բարձրացնելով՝ հաճելի պահեր անցուցինք։
1980-ական թուականներուն, Մոնթրէալի մարզական խաղերուն ընթացքին, ոտնագնդակի մրցումի մը ժամանակ, խաղացողներէն Անդրանիկ Տէր Պետրոսեան կոլ մը նշանակեց, սակայն, դժբախտաբար, իրաւարարը կոլը չհաշուեց։ Անդրանիկ, նեղանալով, շալկեց իրաւարարը, զայն դրաւ բերդին մէջ ու ըսաւ. «Հիմա դո՛ւն կոլ մտիր»։
3.- Ի՞նչ պաշտօններ վարած էք միութեան մէջ։
ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս, որպէս մարզիկ եւ մարզիչ, եղած եմ մարզական խորհուրդի ատենապետ։
1984-ին առաջին անգամ ընտրուեցայ վարչութեան անդամ եւ տարիներ ետք ստանձնեցի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։
Երկար տարիներ ծառայած եմ որպէս Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան մարզական խորհուրդի ատենապետ։ Չորս տարի եղած եմ նաեւ Կեդրոնական վարչութեան մարզական յանձնախումբի անդամ։
1999-ին Թորոնթոյի մէջ գործող բոլոր հայկական մարզական կազմակերպութիւնները կազմեցին միացեալ յանձնախումբ մը, որուն ատենապետութիւնն ու պատուիրակութեան պատասխանատուութիւնը ինծի վստահուեցան։ Նպատակն էր կազմել Թորոնթոյի մարզական զտեալ խումբերը եւ մասնակցիլ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական առաջին մարզական խաղերուն։
4.- Ի՞նչ են ձեր թելադրանքն ու մաղթանքը ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն։
Իմ ցանկութիւնս է, որ մեր բոլոր ջանքերը ի սպաս դնենք սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքներու անդամներուն թիւը առաւել եւս բարձրացնելու նպատակին։
Իմ կարծիքով, ՀՄԸՄ-ը այն կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ երիտասարդներուն կը ջամբէ ազգային գիտելիքներ, հայեցի դաստիարակութիւն, ընկերասիրութիւն եւ բարեխղճութիւն։
Հարցազրոյցը վարեց՝ ՀՈՒՐԻՆԱՆ