ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆԻ «ԵՐԿԻՐԸ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ» ՀԱՏՈՐԸ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մօտաւորապէս 3 տարի առաջ, 2021-ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ մամուլի բազմամեայ ծառայող ընկ. Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը արտերկէն» հատորը:

392 էջերու վրայ տարածուող հատորը հրապարակագրական-վերլուծական յօդուածներու հաւաքածոյ մըն է, մերթ ընդ մերթ համեմուած՝ յուշագրական էջերով: Լոյս աշխարհ եկած է «Լուսակն» հրատարակչատունէն: Կողքի խորհրդապատկերը յղացումն է ծանօթ արուեստագէտ եւ իր կարգին մամուլի ծառայող Հէրի Որբերեանի: Լոյս տեսած է 500 տպաքանակով, չի վաճառուիր, այլ Վաչէին կողմէ կը տրամադրուի ցանկացողներու:

Հատորին ետեւի կողքին վրայ կայ Վաչէին սեղմ կենսագրութիւնը, որուն մէջ ուշագրաւ են այն տողերը, որոնք լուսարձակի տակ կը բերեն իր կազմաւորման յենքերը, ուսում (Նախնականէն մինչեւ համալսարանական՝ պատմութիւն եւ հայագիտութիւն), կուսակցական կեանքն ու Պէյրութէն, Պոսթընէն մինչեւ Լոս Անճելըս, ապա նաեւ Հայաստան իր տարած գործին համայնապատկերը:

Հատորին լոյս ընծայումէն կարճ ատեն ետք, անոր ողջունահանդէսը տեղի ունեցաւ… Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի առաջին փուլի մթնոլորտին մէջ, Լոս Անճելըս, նաեւ՝ Երեւանի մէջ: Այս սիւնակով, կ’ուզենք քիչ մը աւելի լոյս սփռել անոր վրայ:

Վաչէ Բրուտեան մեր մամուլին մէջ ներկայութիւն եղած է ուսանողութեան օրերէն, ապա գործած է Հ.Յ.Դ Մամլոյ դիւանին մէջ, Պէյրութ, եղած է «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն, աւելի ուշ վարած է «Հայրենիք»ի (Պոսթըն) եւ «Ասպարէզ»ի (Լոս Անճելըս) խմբագիրի պաշտօնը, տարիներ շարունակ աշխատանք տարած է Հ.Յ.Դ.-ի արխիւատան մէջ: Վերջին տարիներուն հաստատուած է Երեւան: Մամուլի մէջ արհեստավարժութեան տարիներէն առաջ, եղած է ուսուցիչ:

Հատորը պատկերազարդ է: Հեղինակին բացատրական-յառաջաբանին կողքին, սրտի խօսքեր ունին Վաչէին հետ մամուլի մէջ երկար ճամբայ կտրած՝ Սեդօ Պոյաճեան եւ «Հայրենիք»ի խմբագիր՝ Զաւէն Թորիկեան: Հեղինակը առանձին էջով երախտիքի արտայայտութիւն ունի թէ՛ զինք կազմաւորողներուն եւ թէ հատորին լոյս ընծայման մեկենասներուն (թիւով ինը) ու այս քայլը խրախուսողներուն (քոյրն ու հարեննի գրչակից մը):

Ձօնուած է 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն: Ձօնագրութեան էջին կայ Եռաբլուրէն պատկեր մը…

ՆԵՐՔԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐ

Հատորը կ’ընդգրկէ ընդամէնը 95 յօդուած, որոնք դասաւորուած են երեք բաժիններու մէջ: Իւրաքանչիւր բաժինին ծաւալն ու խորագիրը ըստ բաւականին լուսաբանող են.

Ա. Հայաստան, 40 խորագիր, էջ 12-էն 178

Բ. Սփիւռք, 12 խորագիր, էջ 179-էն 230

Գ. Քաղաքական-Գաղափարական, 43 խորագիր, էջ 231-էն 385

Ըստ բաւականին ծանօթ ըլլալով Վաչէի գրիչի վաստակին եւ «պատմութեան», նախ պէտք է ընել հաստատում մը. այս հատորին մէջ հաւաքագրուած նիւթերը միայն մէկ փոքր մասը կը կազմեն ընդհանուրին (արդէն ինք ալ կը հաստատէ ասիկա), որ կ’երկարի շուրջ 40 տարուան վրայ: Իր իսկ վկայութեամբ, առաջին յօդուածը լոյս տեսած է 1974-ին, «Ազդակ»-ի մէջ: Հոս հաւաքուած նիւթերը կ’ընդգրկեն մեծ մասամբ 2002-էն ասդին գրուած յօդուածներ, թէեւ կան նաեւ մէկ քանի՝ աւելի կանուխ գրուածներ (1983-էն մինչեւ 1993): Բնականաբար 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանը լայն տեղ չունի հատորին մէջ (յիշենք լոյս ընծայման տարին): Այս յօդուածագիրը 70-աականներէն ասդին ունի քաղաքական վերլուծումներու շարքեր, որոնք կը մնան մամուլի մէջ. կը մաղթենք, որ ատոնք ալ հատորով լոյսին վերադարձնելու առիթ ունենայ մեր ընկերը:

ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ

Այս սիւնակին մէջ, պիտի բաւականանաք կանգ առնելով հատորին, հետեւաբար նաեւ հեղինակին մէկ քանի էական յատկանիշներուն վրայ, փորձ պիտի չընենք մտնելու նիւթերուն մանրամասնութիւններուն մէջ, որովհետեւ չենք խօսիր վէպի կամ թատերակի (մէկ խօսքով՝ գրական ստեղծագործութեան) մասին, թէեւ յօդուածները կը կարդացուին վէպ կամ պատմուածք ընթեռնելու հաճոյքով, ո՛չ միայն անոնց հաղորդականութեան, համով հայերէնով մը հիւսուած ըլլալուն եւ զուարթախոհութեամբ կամ հատու խօսքով համեմուած ըլլալուն, այլ նաեւ այդ պատճառով, որ անոնք ընթերցողին առիթ կու տան վերաքաղ մը ընելու մասնաւորաբար Հայ Կեանքի, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ միջազգային ուշագրաւ ու անկիւնադարձային դէպքերու, որոնք մարդուս ապրած առօրեայ հեւքին հետ կը հրուին կեանքի լուսանցիքին, կրնան մոռացութեան ալ տրուիլ: Նշենք, որ ընթերցողին վերաքաղի առիթ տալէ առաջ, Վաչէն ինքն իրեն առիթ տուած է վերաքաղը ընելու… իր վաստակին (այս մասին՝ նաեւ աւելի ուշ):

Կարեւոր կէտ մըն է այն, որ իւրաքանչիւր յօդուածի տակ արձանագրուած է գրութեան թուականը: Իւրաքանչիւր բաժինի մէջ, ընդհանրապէս պահուած է ժամանակագրական կարգը, թէեւ կան նաեւ ետ-առաջներ, թելադրուած՝ տուեալ նիւթէն:

Երկրորդ կարեւոր կէտ մըն է՝ իւրաքանչիւր ենթաբաժինը բացող յօդուածին ընտրութիւնը: Այլ խօսքով, պատահական չէ, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆ բաժինը կը բացուի հեղինակին Հայաստան առաջին այցելութեան յուշագրումով, բաւական ընդարձակ յօդուած մը, որ նմանօրինակ այլ յօդուածներու եւ յուշագրութիւններու նման, ինքնաբուխ վկայութիւններ կու տան մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան մասին հեղինակին խոր ծանօթութիւններուն (եւ ո՛չ միայն այդ): Այս գրողը խորքին մէջ թարգմանը կ’ըլլայ բոլոր հայրենաբաղձ հայերու, որոնք իրմէ շա՜տ առաջ կամ ետք, առաջին անգամ ըլլալու հայրենիք այցելած են եւ իրենց սորվածն ու երազածը դարձուցած են շօշափելի իրականութիւն: Նոյնը կրնանք ըսել երկրորդ՝ ՍՓԻՒՌՔ բաժինը բացող գրութեան մասին, ուր կը պատմէ յուզիչ դէպք մը, երբ իբրեւ թուրք «ծպտուած»՝ այցելած է (90-ականներու սկիզբը) երիտասարդական բանակավայր մը եւ գրգռիչ արտայայտութիւններով վէճի բռնուած հոն բանակող երիտասարդներու հետ, Ցեղասպանութեան մասին ժխտողական եւ ուրացման յոխորտանքներով՝ մինչեւ իսկ իր վրայ ֆիզիքական յարձակումի մղած է տղաքը, որոնք սակայն ի վերջոյ հասկցած են, որ իրենց խօսակիցը իրենց պէս հայրենասէր եւ Հայ Դատի պաշտպան հայ մըն է (խոստովանիմ, որ ատենին, այս «յուշագրութիւնը» կարդացած էի մամուլի էջերուն, հիմա, մեր ապրած նոր արհաւիրքներուն եւ այլանդակութիւններուն լոյսին տակ, տարբեր համ մը առի այս դրուագէն…): Նմանապէս դիպուկ է ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ բաժինը բացող յօդուածը, որ կը կրէ «Լիզպոնէն Երեւան» ինքնարտայայտող խորագիրը: (բնականաբար մեր նպատակէն դուրս կ’իյնայ իւրաքանչիւր յօդուածի վրայ կանգ առնելը):

Հատորին արժանիքները աւելի աչքառու կը դառնան, երբ նիւթերը կ’ընթերցենք «ժամանակի հեռաւորութենէն»: Ատիկա գիտէ նաեւ ին՛ք՝ Վաչէն: Ինչպէս ինք ապրած է, նմանապէս ալ ընթերցողը վկան կ’ըլլայ, որ գործ ունի դաշնակցական հրապարակագիրի մը հետ, որ այս ասպարէզը մուտքէն (նաեւ իմացական հասունութեան առաջին օրերէն) ի վեր, իր էութեան մէջ տեղադրած է հայրենասէրի, գաղափարապաշտի եւ հայութեան ու մարդկութեան մեծ խնդիրներով տագնապողի կողմնացոյց մը, եւ տասնամեակներ շարունակ, հաւատարիմ մնացած է անոր, իր նաւուն ղեկը պահած է նոյն փարոսին ուղղութեամբ: Բացառութիւն մը չէ. սա դաշնակցական հրապարակագիրներու հասարակ յայտարարն է, անկախ՝ կեանքին բերած վերիվայրումներէն ու հոսանքներէն: Այս կողմնացոյցը համաչափ կերպով կը բանի բոլոր նիւթերուն համար ալ, անոնք ըլլան օրուան մէկ դէպքը, ինքզինք հեղինակութիւն ճանչցուցած այս կամ այն հայուն անտեղի մէկ արտայայտութեան հակադարձութիւնը թէ այլ հարցեր: Նոյն այդ կողմնացոյցը կը բանի, սկիզբէն մինչեւ վերջ, երբ կ’արծարծէ գաղափարական հարցեր (Գ. բաժին): Իսկ նիւթե՞րը. այլազան են. Լիզպոնի հերոսապատումէն մինչեւ Վարդանանք, «Արաբական գարուն»-էն մինչեւ աշխարհի քարտէսին վրայ աջի-ձախի հակամարտութիւններ եւ գաղափարական խեղաթիւրումներ, ծայրայեղական ահաբեկիչներու ետին Թուրքիոյ մատներուն բացայայտումը (որ ընդհանրապէս փակ աչքով կը դիտուի աշխարհին կողմէ), նոյնինքն Գաղափարին (գլխագիր) նահանջն ու կորուստը՝ մեր ու ամբողջ աշխարհի տարածքին, առանց անտես առնելու հակադաշնակցական դրսեւորումներ ու խեղաթիւրումներ (այսօր ալ այդ ալիքները բաւական տարածուն են):

Նոյն կողմնացոյցին հետեւելով է որ ան կ’արձագանգէ հայրենի իրադարձութիւններուն, լաւին կ’ըսէ լաւ, իսկ վատին (եւ որքա՜ն շատ են անոնք) վատ, անկախ թէ ո՞վ է իշխանութեան ղեկին կանգնողը. մերօրեայ բառամթերքով՝ «հին»-ն ու «նոր»-ը իր ոսպնեակին դիմաց կը կանգնին հաւասար արդարատենջութեամբ, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, իր կողմնացոյցը կազմաւորուած է մեր պատմութեան, հայրենիքի աշխարհագրութեան եւ գաղափարական աշխարհի հոլովոյթին իմացութեամբ, Արդարութեան (Հայ Դատի թէ ընկերային արդարութեան) հետամտութեան նախանձախնդրութեամբ: Ինչպէս ինք, նմանապէս ընթերցողն ալ կը տեսնէ, որ տուեալ օրին կամ հանգրուանին՝ իր կատարած մէկ դիտարկումը, քննարկումն ու գնահատանք-քննադատութիւնը տեղին էին օրին, անժամանցելի կը մնան նաեւ Հատորին լոյս ընծայման օրերուն ու անկէ ետք:

Արժանիքներուն շարքին, պէտք է արձանագրել նաեւ այն, որ Վաչէն իր ընտրած նիւթերուն «պատում»-ը կը կատարէ օրուան դէպքերը զուգորդելով մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալի նմանօրինակ երեւոյթներու: Տուեալ օրուան հարցերուն քննարկման համար, եթէ պէտք է, կ’ընտրէ «ժողովրդականութիւն վայելող» նիւթեր, ինչպէս՝ ֆութպոլի կամ պասքեթպոլի մրցում մը, ո՛չ թէ մարզական լրագրողի մը մօտեցումով, այլ անոր մէջ բարոյականութիւն, մարդկայնութիւն տեսնելու ակնոցով, վեհութիւն հետամտելու կամքով:

Ինչպէս նշեցինք, հաւաքագրուած նիւթերը, ինչպէս իր գրիչի արգասիքին մեծագոյն բաժինը՝ թուղթին յանձնուած են օրը օրին, մեկնակէտ ունենալով ՕՐՈՒԱՆ մէկ դէպքն ու վիճակը, երեւոյթը: Աղուոր բացառութիւններ են Հայաստան առաջին ուղեւորութեան (ակնարկեցինք արդէն), Արցախի Քառօրեայ պատերազմի օրերուն ճակատներուն վրայ ըլլալու փորձառութիւնը, Արեւմտեան Հայաստան ուղեւորութիւնը, տասնամեակներ ետք ծննդավայրը՝ Հալէպ վերադարձն ու այդ այցելութենէն բխած յիշատակները, յուզումներն ու փորձառութիւնները: Աւելորդ չէ կրկնելը, թէ այս բոլորը կը ներկայանան համոզիչ, համակող ու վարակիչ հիւսուածքով, անկախ անկէ, թէ ընթերցողը գաղափարակի՞ց մըն է, թէ իրեն համաձայն չըլլալու իրաւունք ունեցողը…:

Հատորին վերախմբագրումը (ո՛չ ըստ էութեան) կատարուած է բաւական խնամքով, թէեւ կարելի չէ եղած խուսափիլ տպագիր մամուլի մեր օրերու մէկ «ախտ»-էն, մանր-մունր վրիպակներէ, որոնք ո՛չ մէկ ձեւով կ’ազդեն հատորին արժէքին վրայ: Յամենայնդէպս, այս տողերը, ինչպէս նկատեց ընթերցողը, ուրուագծային են, ոչ սպառիչ:

Եզրակացնելու համար պէտք է արձանագրենք նաեւ հետեւեալը: Վաչէ Բրուտեանը մէկ անդամն է դաշնակցական մամուլի ծառայողներու սերունդի մը, որ իր ջահը վառած է 1890-ի սերունդին ու հետնորդներուն ջահէն, որ յամենայնդէպս բոցավառած էր աւելի կանուխ՝ Հայ Յեղափոխութիւնը սկզբնաւորած սերունդին ձեռքերով, վառելանիւթ ստացած էր պայքարի ճամբուն հեղուած արիւնով ու քրտինքով: Որքան ցանկալի պիտի ըլլայ, որ իր ու նմաններու՝ հասակակիցներու, գրչակիցներու եւ զինք կազմաւորող երէցնպերուգրիչի արգասիքներն ալ հաւաքագրուին նման հատորներու մէջ (նման աշխատանք անցեալին աւելի յաճախակի եղած է), դուրս բերուին  մամուլի էջերու փոշիներուն տակէն եւ իրենց արժանի տեղը ունենան դաշնակցական մտքի զարգացումը վաւերագրող գրադարանին մէջ (առանց անտեսելու այլ կուսակցութեանց ծառայողներու վաստակը):

Comments are closed.