Վանգուվըրի «Սասուն» ամառնային ճամբարի աւարտահանդէսը նուիրուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին
20 Oգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պըրնըպիի Micheal J. Fox թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վանգուվըրի «Սասուն» ամառնային ճամբարի 12-րդ աւարտահանդէսը. ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Գարեգին Վարդապետ Շխրտըմեանը, Ս. Վարդան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ hովիւ Տէր Գեղարդ Ա. Քհն. Կարապետեանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վահէ Անտոնեանը, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի քոյր Լէոնի Սարմազեանը, հոգաբարձութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հանրութիւն:
Վանգուվըրի «Սասուն» ամառնային ճամբարի ելոյթը այս տարի նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան 100–ամեակին եւ Ազատ ու Անկախ Արցախի Հանրապետութեան 30-ամեակին:
Այս տարի յատկանշական էր, որ «Սասուն» Ճամբարը իր ամբողջ անձնակազմով այցելեց Վանգուվըրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Ճոտի Ուիլսընը. անոր ընկերակցեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վահէ Անտոնեանը եւ Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ ընկեր Յակոբ Տէր Յակոբեանը:
Այս Տարի հետաքրքրական էր յայտագրի բացումը անով, որ պարախումբը իր լրիւ կազմով սրահը թնդացուց «Ես եմ» պարեղանակով եւ ոտքերու միահամուռ կշռոյթով: Մասնակիցները իրենց սորված շարականներով ու աղօթքներով կատարեցին ձեռնարկին բացումը, որուն յաջորդեց Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգները:
Երեկոն սկսաւ Ճամբարի մասնակիցներու հակիրճ խօսքերով, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն ու կարճ տողերու մէջ բնութագրեցին Ճամբարի եւ օրուան խորհուրդը, ապա յաջորդաբար իրենց շնորհաւորական խօսքերն ու յուշագրերը կարդացին ներկաներուն:
Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Լոռի Նաճարեան այս տարի պատրաստած էր գեղեցիկ պարեր. յաջորդաբար կատարուեցան «Ով հայոց աշխարհ», «Երեւան իմ տուն», «Ես իմ անոյշ Հայաստանի», «Վասպուրական» եւ «Սասնայ Եարխուշտա» պարերը:
Ոգեւորիչ ու յուսադրիչ էր հետեւողական ջանքերուն արդիւնքը հանդիսացող երգերու գունագեղ փունջը. յաջորդաբար կատարուեցան «Ղարաբաղի բալիկ», «Հայրենի երկիր», «Մեր անունն է հայկական բանակ», «Մարտիկի երգ», «Փառք հայոց բանակին» եւ «Ախպերս ու ես» երգերը: Վերջինիս մաս կազմեց ղեկավար Տէր Գարեգին Վարդապետ Շխրտըմեանը՝ յուզելով ողջ հանդիսատեսները:
Աւարտին բեմ բարձրացան 60 մանուկներ եւ պատանիներ, որոնք «Քոչարի» եւ «Սարդարապատ» պարերով ներկայացուցին աւարտական պարը:
Հայկական կշռոյթներով պարերուն ընդմէջէն «Սասուն»ի աշակերտները եկան հաստատելու, որ վանգուվըրահայութիւնը կը պատրաստէ հայկականութեամբ օժտուած, հայկական մշակութային արժէքներուն գիտակ սերունդներ:
Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ իրենց շնորհաւորական խօսքերը ուղղեցին ծնողներուն, պարուսոյցներուն, յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին եւ ամենայն բծախնդրութեամբ աշխատեցան այսօրուան երեկոն հրամցնելու Վանգուվըրահային:
Հանդէսը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր եւ Տէր Գարեգինի «Պահպանիչ»ով եւ գնահատական խօսքերով:
Հանդիսութեան յաջորդեց սուրճի եւ անուշեղէնի սպասարկութիւն:
Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան