Վանգուվըրի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի դաստիարակչական սեմինար
651
0
21, 22 Յունիս 2024 -ի շաբաթավերջին Վանգուվըրի Հայ կեդրոնէն ներս, տեղւոյն ՀՅԴ Գանատայի «Արշաւիր Շիրակեան» Երիտասարդական միութեան մասնաճիւղի կազմակրպութեամբ տեղի ունեցաւ երկօրեայ դաստիարակչական սեմինար մը։
Սեմինարի դասախօսներն էին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Թիթար Քօչքերեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մոսիկ Արզումանեան եւ «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Կարօ Եղիայեան։
Ելոյթ ունեցան նաեւ տեղոյն «Սիմոն Վրացեան» կոմիէութեան ընկերներ։
Սեմինարի աւարտին տեղի ունեցաւ երիտատարդականի եւ կոմոտէութեան ընկերներու մասնակցութեամբ հաւաք-խրախճանք, որուն ընթացքին ազգային եւ յեղափոխական երգերով ընկերները միասին ոգեշնչող ժամեր անցուցին եւ հնչեցուցին «Հայ, Հայաստան, Հայրենիք ու Աստուած»՝ Տաւուշի սրբազան շարժման ու սրբազան պայքարին լոզունգները՝ առ ի զօրակցութիւն անոր:
Comments are closed.