Վանգուվըրի մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկ

ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի հովանաւորութեամբ, մասնակցութեամբ Պատանեկանի եւ Երիտասարդականի անդամներուն, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոն «Լազարեան» սրահին մէջ նշեուեցաւ Դաշնակցութեան Օրը: Ձեռնարկը վարեցին ընկերուհի Վանէսա Պարտագճեան Յակոբեան եւ ընկեր Կարօ Եղիայեան, որոնք առիթ ընծայեցին գաղութիս երիտասարդներուն, պատանիներուն եւ աւագ սերունդի անդամներուն զրուցելու, սորվելու եւ վերարժեւորելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերն ու պատմական նշանակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին, երիտասարդ եւ աւագ անդամներ խորհրդակցեցան եւ իրենց փորձառութիւնները բաժնեկցելով պատմեցին, թէ ինչպէ՛ս ՀՅԴ անդամակցութիւնը ազդեց իրենց կեանքին վրայ։ Նոր սերունդին փոխանցուեցաւ Վանգուվըրի հայկական համայնքի ստեղծման պատմութիւնը եւ այն նուիրուածութիւնը, որ ցուցաբերուեցաւ համայնքի հիմնադրամները ապահովելու ի խնդիր:

Տեղի ունեցաւ ընթրիքի սպասարկութիւն, իսկ երիտասարդականի անդամները վաճառեցին ԳԵՄ-ի տարեկան օրացոյցը: Հանդիպման ընթացքին, ներկայացուեցաւ յաւուր պատշաճի վիտէո երիզ մը:

Մթնոլորտը աւելի ջերմացաւ երեկոյի աւարտին, երբ բոլորը միասնաբար հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկան, որով կ’արտացոլայ մեր ժողովուրդին միասնականութիւնն ու վճռակամութիւնը:

Մեղրիկ Սիւլահեան

Comments are closed.