Վանգուվըրի մէջ նշուեցաւ Անկախութեան 104-ամեակը

Շաբաթ, Մայիս 28ին, Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնէն ներս մեծ շուքով նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 104- ամեակը։ Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէութեան եւ գործակցութեամբ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» երիտասարդական միութեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» պատանեկան միութիւնեան, աննախընթաց միջոցառումը սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով, որմէ ետք երիտասարդականի անդամ երկու ընկերներ բացման խօսքով հանդէս եկան եւ հրաւիրեցին տեղւոյն ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկհ․ Մարալ Քիւլլահեան-Մինասեանին որ կատարէ պատանիներու Խոստման արարողութիւնը։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Գանատայի Կոեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկհ․ Թիթառ քէօշկէրեանը, կարեւորելով սարդարապատեան հերոսամարտներու աւանդը, որմէ ետք համայնքի հոգեւոր հովիւ Հայր Գարեգին Շխրտմեան իր օրհնութիւնը տուաւ պատանիներուն եւ օրհնեց սեղանները։

Երեկոն խանդավառող երգիչ Գէորգ Գատեհճեան «Իմ Երեւան» երգով սկսաւ համերգը, որ ազգային հայրենասիրական երգերով շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամերը։ Կարկանդակի հատումէն ետք յեղափոխական երգերը խանդավառեցին 200 ներկաները, որոնք համախումբ եւ միասնաբար «Զարթիր Լաօ» երգով զօրակցեցան հայրենիքի դիմադրութեան շարժման։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.