Անզուգական շաբաթավերջ Վանգուվըրի մէջ – Վանգուվըրի մէջ հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի նոր միաւոր
Հովուական այցելութեամբ, Շաբաթ, 18 Օգոստոս 2018-ին, Գանատայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշնորհ Տէր Բաբգէն սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեան ժամանեց Վանգուվըր: Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Գարեգին Վարդապետ Շխըրտմեանի, հոգաբարձութեան եւ գաղութի հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ::
Նոյն օրը, երեկոյեան վերջ գտաւ «Սասուն» ամառնային ճամբարը, որուն փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Սրբազան Հայրը, փոխանցեց իր հայրական պատգամը եւ «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց երեկոն։ Ապա սկիզբ առաւ աւանդական դարձած Վանգուվըրի տարեկան քերմէսը: Յատկանշական էր այս տարուան քերմէսը, որով Արեւտմեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ անդամներ՝ Վահէ Յակոբկան եւ Մեղրիկ Չափանեան հիւրընկալեցին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Օրէնսդրական ժողովի անդամ տիար ճաս Ճոհալ եւ իր տիկինը՝ Սիրա Ճոհալը: Հայ Դատի յանձնախումբի ընկերները եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տիար Վահէ Անտոնեանը կարճատեւ ժողով մը ունեցան տիար Ճոհալի հետ, որուն ընթացքին զրուցեցին գաղութիս սուրիահայեր հովանաւորելու ծրագրին յաջողութեամբ պսակուելուն եւ կեդրոնին մէջ գործող միութիւններուն մասին: Տիար Ճոհալ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալման համար, աւելցնելով թէ ինք միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու եւ սատարելու Վանգուվըրի հայ գաղութի բարգաւաճման:
Պատմական օր էր նաեւ այն առումով, որ Վանգուվըրի մէջ ծնունդ առաւ ՀՄԸՄ-ի կրտսերագոյն միաւորը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց ՀՄԸՄ-ի Վանգուվըրի մասնաճիւղի հիմնադրութեան արարողութեան եւ օրհնեց ՀՄԸՄ-ի դրօշակը։ Բացման եւ Դրօշակի արարողութեան ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան, Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի քոյր Լիոնի Սարմազեան, Շրջանային վարչութեան անդամ եղբ. Տանի Մարկորեան եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տիար Վահէ Անտոնեան: Նորակազմ բողբոջ միաւորը հանգանակեց 30 հազար տոլար՝ ի նպաստ ապագայի ծրագիրներուն: Օրուան հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց ընկեր Օհան Օհանեանը:
Կիրակի, 19 Օգոստոս 2018-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր հայրական պատգամին մէջ նշեց, թէ հայ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման տօնի ուրախութիւնը տակաւին կը շարունակուի. առ այդ, ներկայացուց Սուրբ Կոյս Մարիամի նկարագրային յատկանիշները՝ հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն, աղօթական կեանք եւ ամբողջական նուիրում։ Եզրափակելով իր խօսքը թելադրեց հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ, մեր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն։ Պատարագին կը սպասարկէին Հայր Սուրբն ու եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները:
Պատարագէն ետք Սրբազան Հայրը մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ բոլոր հաւատացեալներուն հետ, ապա տեղի ունեցաւ սուրճի եւ անուշեղէնի սպասարկութիւն, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս Տիկնաց յանձնախումբին:
Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան