Վանգուվըրի մէջ հիմը դրուած է Համազգայինի նոր մասնաճիւղի

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը հաղորդէ , որ անցնող Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Համազգայինի Գանատայի ընտանիքը համալրուած է չորրորդ մասնաճիւղով մը: Վանգուվըր հաստատուած Համազգայնականներ միասնաբար հիմը դրած են տեղւոյն «Վարագ» մասնաճիւղին եւ ընտրած եօթնանդամ վարչութիւն մը, որ կը ծրագրէ աշխոյժ մշակութային գործունէութիւն ծաւալել Վանգուվըրի հայ գաղութին մէջ:

Նշենք, որ Գանատայի մէջ Համազգայինի մասնաճիւղեր արդէն տարիներէ ի վեր կը գործեն Մոնթրէալի, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.