Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնի «Սասուն» ճամբարը՝ հինգ օր հայեցի շունչով, արուեստով եւ պարով

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Յունիս 29-էն մինչեւ յուլիս 3, Հայ Կեդրոնի Լազարեան սրահը հինգ օր շարունակ լեցուեցաւ մանկական ծիծաղով, երգով, խաղով, պարով եւ նոր գիտելիքներով։ Հայեցի դաստիարակութեան ոգիով կազմակերպուած «Սասուն» ճամբարը այս տարի համախմբեց 5-13 տարեկան 24 երեխաներ, որոնք ամէն օր՝ առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, մասնակցեցան հարուստ եւ բազմաբնոյթ յայտագիրի մը։

Ճամբարի օրակարգը կը ներառէր Հայոց պատմութիւն, երգ, ասմունք, պար, արուեստ, ձեռարուեստի զանազան աշխատանքներ եւ խաղեր՝ ներդաշնակօրէն միախառնելով ուսուցումն ու զուարճանքը։

Ճամբարի իւրաքանչիւր օրը նուիրուած էր ազգային արժէքի մը եւ հայ նշանաւոր դէմքի կամ կերպարի մը՝

Սասունցի Դաւիթ՝ քաջութիւն
Մեսրոպ Մաշտոց՝ հանճար
Գանատայի հայ համայնքը՝ ինքնութիւն
Կոմիտաս Վարդապետ՝ մշակոյթ
Սանասար եւ Պաղտասար՝ ընկերասիրութիւն

Օրուան թեմային համապատասխան՝ երեխաները մասնակցեցան ստեղծագործական աշխատանքներու, խաղերու եւ խմբային գործունէութիւններու, որոնց միջոցով գործնական եւ մատչելի ձեւով ծանօթացան ներկայացուած արժէքներուն ու գաղափարներուն։

Ճամբարի յաջողութիւնը մեծապէս կը պարտինք մեր նուիրեալ կամաւորներուն, որոնք իրենց զբաղ առօրեայէն ժամանակ տրամադրեցին՝ երեխաներուն համար կազմակերպուած, ապահով եւ սիրով լեցուն միջավայր մը ստեղծելու նպատակով։

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ մեր մայրերուն, որոնք ամէն օր սիրով պատրաստեցին երեխաներուն ճաշը՝ ճամբարը դարձնելով ոչ միայն ուսուցողական եւ զուարճալի, այլեւ ջերմ ու ընտանեկան միջավայր մը։

«Սասուն» ճամբարի յաջողութիւնը անկարելի պիտի ըլլար նաեւ առանց ծնողներու վստահութեան, շարունակական աջակցութեան եւ քաջալերանքին։ Անոնց նուիրուածութիւնը համայնքին եւ հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ դարձաւ այն ամուր հիմքը, որուն վրայ կը շարունակենք կերտել մեր երեխաներուն ազգային ինքնութիւնն ու ապագան։

Սրտանց շնորհակալ ենք բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան մեզի եւ դարձան այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան անբաժան մասնակիցները։

«Սասուն» ճամբարը հինգ օրուան փոքրիկ աշխարհ մը դարձաւ, ուր երեխաները ապրեցան իրենց հայկական ինքնութեամբ, ձեռք ձգեցին նոր գիտելիքներ ու հմտութիւններ, երգեցին, պարեցին, ստեղծագործեցին եւ կերտեցին գեղեցիկ յուշեր, որոնք երկար պիտի մնան իրենց մտքերուն ու սրտերուն մէջ։

Մեր համայնքը կը շարունակէ կերտել իր ապագան՝ սկսելով իր փոքրերէն եւ զանոնք դաստիարակելով ազգային ամուր արժէքներով ու հայեցի շունչով։

Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս «Սասուն» ճամբարը, հաւատարիմ մնալով իր գեղեցիկ աւանդութեան, իր աշխատանքները եզրափակեց «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» նշանաբանով։

Մեղրիկ Փամփալեան