Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն
Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնն ու ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութիւնը կարեւորութեամբ կ՚ուզեն յստակացնել, թէ գաղութի բոլոր զաւակներու ապահովութիւնն ու առողջութիւնը իրենց առաջնահերթութիւնն են, վստահ ըլլալով, որ հաւաքական մեր ուժը ի մի բերելով դուրս կու գանք COVID-19 համաճարակի ստեղծած ահազանգային կացութենէն:
Այս իմաստով, ձեզի կը վստահեցնենք, որ գաղութիս ամէնէն վտանգուած անդամներուն (60+ տարիք ունեցող հայրենակիցներուն), յաւելեալ հոգատարութիւն եւ հասանելի ըլլալու նպատակով , ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութիւնը հաստատած է օժանդակութեան հեռաձայնի գիծ և ե-նամակի հասցէ, անհրաժեշտութեան պարագային հասնելու ձեր կարիքներուն:
Հետեւաբար, եթէ անկարող էք կամ հիւանդ էք եւ չունիք ընտանիքի անդամներ կամ բարեկամներ, որոնք կրնան ապահովել ձեր կարիքները (ուտեստեղէն, դեղորայք, անհրաժեշտ պիտոյքներ), կը խնդրենք ե-նամակով գրէք svratsian@gmail.com ին եւ կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն
Վահէ Անտոնեան 604 240 5490
Վահիկ Ակոբեան 604 657 0151
Մարալ Քիւլլահեան 778 228 1233
Էտի Փափազեան 604 817 8227
Յակոբ Շաթոյեան 778 877 4066
Մեղրիկ Փամփալեան 778 317 5731
Սիրելիներ, ունինք անհատական եւ հաւաքական պարտականութիւններ կանխարգիլելու COVID-19-ի տարածումը: Ձեռք ձեռքի տալով պիտի մնանք հոգատար, աշխոյժ ու գործունեայ գաղութ եւ պիտի յաղթահարենք դժուարութիւնները:
Մնացէք առողջ:
ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէ