Վախ­ճա­նե­ցաւ Տ. Հ­րայր Ա. քհնյ. ­Նի­կո­լեան

Յու­նաս­տա­նի եւ Գանատայի թե­մերէն ներս ծա­ռա­յու­թեան անջն­ջե­լի դրոշմ թո­ղած, բո­լո­րէն սի­րո­ւած Տ. Հ­րայր Ա. քհնյ. ­Նի­կո­լեան, Ուր­բաթ, 14 ­Յու­լի­սին կորսնցուց պայ­քա­րը ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան դէմ ու ան­ցաւ յա­ւի­տե­նա­կա­նին։
1973-ին, որ­պէս միա­բան ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, հան­գու­ցեալ հո­գե­ւո­րա­կա­նը ժա­մա­նեց ­Յու­նաս­տան եւ ծա­ռա­յեց իբ­րեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Գո­քի­նիոյ, միա­ժա­մա­նակ՝ իր ե­րաժշ­տա­կան հմտու­թեամբ նոր թափ ու աշ­խու­ժու­թիւն ստեղ­ծեց գա­ղու­թի երգ­չախմ­բա­յին կեան­քէն ներս։
Իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցեց նաեւ ­Գա­նա­տա­յի գա­ղու­թին, որ­պէս փոխտ­նօ­րէն Հ.Օ.Մ-ի ­Թո­րոն­թո­յի ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նին, ա­պա որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Լա­ւա­լի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ։
­Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն վե­րա­դար­ձած ըլ­լա­լով ­Յու­նաս­տան, ե­ղաւ Ա­թէն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի մը հա­մար ստանձ­նեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Իր նկա­րա­գի­րով եւ հո­վո­ւա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ սի­րուե­ցաւ ու յար­գո­ւե­ցաւ բո­լո­րէն։
Ա­ւե­լի ման­րա­մասն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք իր կեան­քին ու թո­ղած վաս­տա­կին։

Հ Ա Ն Գ Ի Ս Տ

­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի ­Բա­րեխ­նամ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան, ­Թե­միս Կ­րօ­նա­կան ժո­ղովն ու Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը խոր ցա­ւով կը գու­ժեն վախ­ճա­նու­մը
Տ. ՀՐԱՅՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՆԻԿՈԼԵԱՆԻ
որ պա­տա­հե­ցաւ Ուր­բաթ, 14 ­Յու­լիս 2023-ին։
­Տէր ­Հայ­րը եր­կար տա­րի­ներ ծա­ռա­յած էր ­Գա­նա­տա­յի ­Հա­յոց ­Թե­մէն ներս որ­պէս ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւ Ս. ­Գէորգ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քին։ ­Վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րուն տե­ղա­փո­խո­ւած էր Ա­թէնք՝ ­Յու­նաս­տան եւ որ­պէս ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւ կը ծա­ռա­յէր Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։
­Մեր խո­րազ­գաց ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք Ե­րէցկ­նոջ, զա­ւակ­նե­րուն եւ հա­րա­զատ­նե­րուն։
«­Յի­շա­տակն ար­դա­րոյն օրհ­նու­թեամբ ե­ղի­ցի»։

ԴԻՒԱՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Comments are closed.