Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ 65-ամեակի յոբելենական ճաշկերոյթ

Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ 65-ամեակի յոբելենական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, Օրհնութեամբ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, հովանաւորութեամբ տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեանի,կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան եւ ներկայութեամբ աւելի քան 380 ազգայիններու: Ներկայ էին նաեւ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեանն ու եկեղեւոյ հոգաբարձութիւնը։

Յատուկ յանձնախումբ մը ամիսներէ ի վեր կը ծրագրէր ու կը կազմակերպէր եկեղեցւոյ 65-րդ այս Յոբելենականը. օրեր առաջ արդէն վաճառուած էին բոլոր տոմսերը, եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ համայնքը անհամբեր կը սպասէր այդ հանդիպման: Ժամանակէն առաջ ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահ հասած էին եկեղեցւոյս հարիւրաւոր անդամներ, բարեկամներ՝ իրենց ընտանեկան պարագաներով, հիմնադիրներու զաւակներ ու թոռնիկներ, հին ու նոր ներգաղթողներ, որոնք իրարու կը հանդիպէին, հին յիշատակներ վերապրելով. սրահը վերածուէր էր ուրախ եւ կայտառ ընտանեկան հաւաքավայրի մը:

Յոբելենական ճաշկերոյթին հանդիսավարն էր Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բասդրմաճեան երկրորդականի շրջանաւարտ, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի երիտասարդ եւ աշխոյժ անդամներէն Հրակ Պանքեան, որ ձեռնհասութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը: Ան հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան նորընտիր ատենապետ տիար Սարօ Տէր Պետրոսեանը՝ փոխանցելու Հոգաբարձութեան խօսքը: Երիտասարդ ատենապետը նշեց, թէ «Միջին Արեւելքէն գաղթած եւ Մոնթրէալի մէջ բնակութիւն հաստատած խումբ մը առաջընթաց եւ գաղափարապաշտ ազգայիններ, 1958-ին հիմը կը դնեն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ», եւ աւելցուց, թէ ինչպէս Ս. Յակոբ եկեղեցին դարձաւ առաջին կանգառը Միջին Արեւելքէն Մոնթրէալ հասնող հայերուն, անոնց տրամադրելով անհրաժեշտ ծառայութիւն եւ ընտանեկան մթնոլորտ:

Սարօ Տէր Պետրոսեան դրուատեց այն օրէն ի վեր Ս. Յակոբի հովանիին ներքոյ կատարուած բեղուն գործունէութիւնը, յիշելով Հայ կեդրոնը, Ամէնօրեայ վարժարանը, Ծաղկոցը, Մանկամսուրը, Շաբաթօրեան, Կիրակնօրեան եւ ամառնային ճամբարը: Ան իր խօսքի աւարտին անդրադարձաւ նոր մարտահրաւէրներուն եւ շեշտեց գործնական փոփոխութիւններու, նոր գործելաոճի եւ մանաւանդ նոր սերունդին լայն տեղ տալու կարեւորութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Նոր ծաղիկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Էլօ Պտղունի Հարպոյեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի: Երգչախումբը շատ գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց «Ծիծեռնակի բոյնը», «Շքերթային քայլերգ», «Գարուն Երեւան» եւ «Միշտ առաջ» երգերը, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:

Ընթրիքի ճոխ սեղանը բացուած յայտարարուեցաւ, եղաւ սեղանի օրհնութիւն, միեւնոյն ատեն կատարուեցաւ 65-ամեակի մոմավառութիւնը, բազմասերունդ մասնակիցներու կողմէ:

Շատ հաճելի էր լսել Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտներէն երիտասարդ պատգամաբերներու «սրտի խօսք»երը. երիտասարդուհիներ Ալիք Պուլկարեան Աբանեան եւ Արմիկ Եաղճեան Սալամէ փոխն ի փոխ պատմեցին իրենց դպրոցական եւ պատանեկութեան օրերէն դրուագներ, ապա թէ ինչպէս երկուքը Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ սկսան դասաւանդելու: Անոնք անդրադարձան նաեւ իրենց ծնողքներուն երկար տարիներու աշխատանքներուն՝ եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնի զանազան կազմակերպութիւններուն մէջ, բերելով իրենց մասնակցութիւնը «Ս. Յակոբ համայնքի բարեբեր հողին», ինչպէս նաեւ իրենց զաւակներուն Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան յաճախելուն:

65-ամեակի կարկանդակի հատումէն առաջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրում հետեւեալ պատկերով. «Ասպետ»ի շքանշան ստացան տեարք՝ Գէորգ Օհանեան եւ Ստեփան Չաքմաքճեան (վերջինս բացակայ էր կամքէ անկախ պատճառներով), «Յովհան Մանդակունի» շքանշան ստացան տեարք՝ Ռաֆֆի Աբանեան, Գրիգոր Պասմաճեան, Սարգիս Գույումճեան, Ատոմ Մալխասեան, Սարգիս Մոմճեան, Լեւոն Նաճարեան, Վարդան Բաբախեան, Բրշ. Սարգիս Սրկ. Եաղճեան եւ տիկնայք՝ Ռիթա Օհանեան, Կիլտա Սուլաքեան, Հիլտա Օգումուշեան, Վիգի Զարզաւաթճեան, «Անանիա Շիրակացի»ի շքանշան ստացան տիկնայք՝ Շողիկ եւ Յասմիկ Նաճարեաններ, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրով պարգեւատրուեցաւ Բրշ. Առէն Կիսսրկ. Պապիկեան: Անկէ ետք կարկանդակի հատումը կատարեցին Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Արժ. Տ. Գառնիկ Քհն. Գոյունեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Սարօ Տէր Պետրոսեան՝ ատենապետ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան: Նշեալ արարողութեան պիտի մասնակցէին նաեւ հոգելոյս Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան՝ եկեղեցւոյս հոգեւոր տեսուչ, եւ տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան՝ հովանաւոր 65-ամեակի Յոբելենական ճաշկերոյթին եւ Հոգաբարձութեան երկար տարիներու ժրաջան ատենապետ, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով չկրցան ներկայ գտնուիլ ձեռնարկին:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ բեմ բարձրացաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծապէս տպաւորուած անցնող 65 տարիներու ընթացքին տարուած աշխատանքներէն, յիշեց հիմնադիրներուն կատարած կարեւոր աշխատանքը, ըսելով. «Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ որքան հաւատացեալներ աղօթած են, որքան շարականներ երգուած են, որքան երիտասարդներ նոր ընտանիք կազմած են»: Ապա անդրադառնալով երիտասարդ պատգամաբերներուն խօսքին, որով ներկաները կրցան յստակ գաղափար մը կազմել Ս. Յակոբ շրջանակէն ներս կատարուած գործերուն մասին: Ան շնորհաւորեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը միախառնած են Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնին հետ ու յորդորեց շարունակել գործը՝ յանուն վաղուան սերունդներուն, յանուն առողջ եւ գիտակից հայերու պատրաստման:

Թէեւ ձեռնարկին ընթացքին կը ցուցաբերուէր խանդավառ մթնոլորտ, բայց անկասկած բոլորս ներքնապէս կը բաժնեկցէինք Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն տառապանքը, ցաւն ու վիշտը:

Յիշելով եւ կրկնելով Սրբազան Հօր խօսքը՝ կը բարձրաձայնենք «Փա՛ռք կերտողներուն, փա՛ռք ազգային հիմնադիր անձնաւորութիւններուն, ուժ եւ կորով բոլորին»:

Ջահը փոխանցուած էր:

Տիրուկ Մանճիկեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք մոմավառութեան մասնակիցներուն ցանկը.

Բազմասերունդ մասնակիցներ

Մալխասեան Ալիս, Սեդա*, Արաքս եւ Նարեկ, Նառա

Եաղճեան Անի, Սագօ*, Լեւոն

Գաթարոյեան Յովիկ*, Արա*, Աշոտ

Հաճէթեան Տիանա, Նաթալի*, Մինա

Եմէնիճեան Յովսէփ*, Նայիրի, Արեգ

Մանճիկեան Տիրուկ*, Լալէ, Սեւան

Բաբախեան Վարդան*, Վարանդ, Արի

Բաբախեան Նայիրի*, Սոնիա, Քամի

Քէօսէեան Գէորգ, Մանօ*, Գէորգ

Վանլեան Անահիտ, Հայկ*, Քաթիա

Սարգիսեան Վիգէն*, Կարին, Ռազմիկ

Բժ. ՊասմաճեանԺիրայր*, Սեդա, Դուին

Գույումճեան Գրիգոր*, Րաֆֆի, Իզապէլ

Շահինեան Լիւսի*, Վահէ, Գարուն Լալէ

* Նշեալները Հոգաբարձութեան ներկայ կամ նախկին անդամներ են:

Նախկին հոգաբարձական կազմերու անդամներ (1973-1992)

Յակոբ Սիմոնեան 1974-1976

Բժ. Անդրանիկ Պէնօհանեան 1977-1978

Բժ. Վաղարշ Էհրամճեան 1977-1980

Բժ. Ժան Առաքելեան 1980-1990

Եդուարդ Ֆրունճեան 1987-1993 (նաեւ երեսփոխան 1973-1977 շրջանի, բացակայ՝ կամքէ անկախ պատճառներով)

Լեւոն Նաճարեան 1989-1995, 2000-2003

Գրիգոր Գույումճեան 1990-1994

Զաւէն Լալէյեան 1990-1994

Գէորգ Օհանեան 1990-1994, 2012-2018

Պետիկ Քահվէճեան 1992-1998

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 1973-1977 շրջանի երեսփոխաններ

Վարուժան Սերոբեան (նաեւ հոգաբարձու 1994-1999)

Զաւէն Ինճէճիկեան (նաեւ հոգաբարձու 1997-1999)

Կրթական հաստատութեանց տնօրէններ

«Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» շաբաթօրեայ վարժարան՝ Շողիկ Ազարիկեան

«Արարատ» Ամառնային ճամբար՝ Լորան Ներսէսեան

ՀՕՄ-ի Ծաղկոց՝ Լիզա Մազլումեան

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան՝ Լորի Ապրաքեան

Կիրակնօրեայ Դպրոց՝ Թորոս Պապիկեան

«Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» Մանկամսուր՝ Մարիա Պիլամճեան

Քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ

ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէ

Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղ

ՀՄԸՄ – Կամք

ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղ

Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղ

ՀՅԴ ԳՊՄ-ի «Դրօ եւ Վիգէն Զաքարեան» մասնաճիւղ

Հայ Կեդրոնի Տարեցներու միութիւն

Սուրբ Յակոբ համայնքի անդամներ

Հիմնադիր անդամներէն Լեւոն Տէր Ասատուրեանի դուստրերը՝ Սեդա Թապագեան եւ Անի Սերոբեան

Հիմնադիր անդամներէն Հայկ Մարգարեանի ընտանիք եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ առաջին պսակուած ամոլի հարսեւ դուստրը՝ Անահիտ եւ Սալբի Մարգարեաններ

Հիմնադիր անդամներէն Սերգօ Պոյաճեանի այրին՝ Արշօ Պոյաճեան

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ առաջին մկրտուողը՝ Հայկ Գէորգ Աբանեան

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ առաջին մկրտուած «Յակոբ»ը՝ Յակոբ Փօլատեան

Հանդիսութեան լուսանկարիչ Արմէն Ալեմեանի նկարները տեսնել այս յղումով.

 

 

Comments are closed.