Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան օրը՝ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ

Մարտ 16-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան օրը, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս․ Գրիգոր Հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուեցաւ՝ Խաժակ արք․ Պարսամեանի ձեռամբ, ներկայութեամբ՝ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ուքրաինայի եւ Լեհաստանի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Մարկոս եպիսկ․ Յովհաննիսեանի, Լեհաստանի Հայոց հոգեւոր հովիւ Մինաս աբղ․ Հախվերդեանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան տարբեր երկիրներու  հոգեւոր սպասաւորներու։

Լեհաստանէն, Պելճիքայէն եւ Իտալիոյ տարբեր համայնքներէն  հայ ուխտաւորներ Նափոլի ժամանած էին, քաղաքի պատմական եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած Լուսաւորիչի մասունքներուն երկրպագելու եւ արարողութեան մասնակցելու։

Պատուոյ հիւրն էր Նափոլիի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդ՝ Կայթանօ եպիսկ. Քասթելլօ, որ իր ողջոյնի խօսքը եւ քարոզը յղեց ներկաներուն։

Այդ հանդիսաւոր պահուն ան նախ Խաժակ սրբազանին յանձնեց վանքի նշխարներու պահոցէն դուրս բերուած՝ հայոց սուրբի բանտարկութեան երկաթեայ անուրը (շղթայի օղակը) եւ շղթաները, որոնք տեղադրուեցան եկեղեցւոյ խորանին։

Նափոլիի եպիսկոպոսը եղբայրաբար բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ Խաժակ սրբազանին ու պատուիրակութեան հաղորդեց քաղաքի առաջնորդ Տոմենիքօ արք. Պատալիայի սրտագին ողջոյնները։ Ան յիշեցուց, որ Հայոց Լուսաւորիչի յիշատակը սերտ կերպով կապուած է ո՛չ միայն իր անունը կրող վանքին, եկեղեցւոյ եւ փողոցին, այլ նաեւ քաղաքի պատմութեան հետ, քանդակուած՝ անոր 9-րդ դարու մարմարէ տօնացոյցին մէջ։

Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի՝ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին ձգած, բանտարկութեան եւ սոսկալի չարչարանքներու վկայութեան յիշատակումը Մեծ Պահքի շրջանին։

Նափոլիի եպիսկոպոսը, անդրադառնալով Յովհաննէսի Աւետարանի 12-րդ գլուխի հատուածին՝ «Այժմ հոգիս խռովուած է։ Ի՞նչ ըսեմ. Հա՛յր, փրկէ՛ զիս այս ժամէն։ Բայց ես ճիշդ ատոր համար եկած եմ»,– ըսաւ հետեւեալը․

«Սուրբ Գրիգոր, որպէս Քրիստոսի վկայ, առանց վերապահութեան իր գոյութիւնը պատշաճ դարձուց Տիրոջ խօսքերուն։ Երկար բանտարկութեան ընթացքին անոր կրած տառապանքները բացառիկ ապացոյց են, թէ ինչ կը նշանակէ հետեւիլ Տիրոջ, զոհաբերելով սեփական գոյութիւնը յանուն Քրիստոսի եւ իր եղբայրներուն: Եւ Սուրբ Գրիգորի ձգած այս ժառանգութիւնը շատ պարտաւորեցնող է։

Այս ժառանգութիւնը ստանձնուած է ուրախութեամբ բայց նաեւ վիթխարի տառապանքներով բազմաթիւ լուռ վկաներու կողմէ, ինչպէս ձեր երկրի քրիստոնեայ նահատակները, զորս հարկ է այսօր յիշել։ Սուրբ նահատակութիւն, շարունակութիւնը դեռ անցեալ դարու ցեղասպանութեան, որ կը յիշատակուի այստեղ եւս՝ եկեղեցւոյ մուտքին մօտ տեղադրուած խաչքարով»։

Ապա, Կայթանօ եպիսկ. Քասթելլօ անդրադառնալով սեպտեմբերեան դէպքերուն, նշեց․ «Տասնեակ հազարաւոր Հայեր, դրացի երկիրներու ծաւալապաշտական նկրտումներու պատճառով անասելի տառապանքներու ներքոյ ստիպուած եղան լքելու Լեռնային Ղարաբաղը», եւ արձանագրեց, որ այդ չափազանց քիչ ուշադրութեամբ կ՛ընկալուի հասարակական կարծիքին կողմէ, ներառեալ՝ նաեւ իտալական։ Ուստի, ան փափաքեցաւ աղօթել ներկաներու հետ յանուն աշխարհի խաղաղութեան, եւ ի մասնաւորի անոնց համար, «որոնք ներկայիս հարկադրաբար կը գտնուին Հայաստան, իրենց տուներէն հեռու՝ մեր աշխարհի խուլ լռութեան ներքոյ»։

Նափոլիի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդը աւարտեց իր խօսքը՝ Տիրոջմէ հայցելով ապրիլ կարենալ քրիստոնեայի վկայութեամբ, ինչպէս ապրեցաւ Սուրբ Գրիգորը եւ ինչպէս Սուրբ Հոգիի կողմէ շնորհուած զօրութեամբ շատերը կը շարունակեն ընել նաեւ այսօր:

Խաժակ սրբազան իտալերէն իր պատասխան խօսքով ողջունեց Քասթելլօ եպիսկոպոսը, վանքի մեծաւորը եւ բոլոր միանձնուհիները։ Ապա իր պատգամը հաղորդեց ներկայ հայ հաւատացեալներուն։

Յաւարտ պատարագի, վանքի բակին մէջ տեղի ունեցած սիրոյ սեղանի ընթացքին Խաժակ սրբազան միանձնուհիներու մեծաւոր Մայր Ճովաննային նուիրեց Մայր Աթոռի Աստուածածինի եւ Մանկան փայտէ սրբապատկերը։ Իսկ վերջինս, Խաժակ սրբազանին յանձնեց փոքր մասնատուփ՝ մէջը զետեղուած Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքի բեկորը։

Comments are closed.