ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ (ՎԱՀԷ) ՕՇԱԿԱՆԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ ՄԸ ԱՐԴԷՆ ԾԱՂԿԱԾ Է

Խ. Տէր Ղուկասեան

Ազդակ օրաթերթի 58-րդ առցանց լսարանին՝ «Սփիւռքը լուսանկարչական արուեստին ընդմէջէն» (4 Մայիս 2023) դասախօսը, արուեստագէտ լուսանկարիչ Արա Օշական, իր ներկայացումը սկսաւ յիշեցնելով իր հօր՝ Վահէ Օշականի արմատական գաղափարը Սփիւռքի անկախութիւնը յայտարարելու մասին: Նշումը հաւանաբար կը յղէր բանաստեղծ մտաւորականի «Փորձ Սփիւռքի տեսութեան -հերետիկոս մտածումներ» յօդուածին մէջ կատարած յայտարարութեան. «Սփիւռքն ու Սփիւռքցին պէտք է որ ժամանակաւոր անկախութիւն հռչակեն Հայրենիքի կախարդանքէն, եթէ կ՛ուզեն իրենց բուն ինքնութեան հասնիլ»: Յօդուածը լոյս տեսած է Ասպարէզի 3 Յուլիս 1987-ի թիւին մէջ, այսինքն՝ Արցախեան Շարժումէն, ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի «Դէպի Երկիր» որոշումէն և Հայաստանի անկախութենէն առաջ: Այդ տողն է որ Տիգրան Եկաւեան կը մէջբերէ՝ ԿԱՄ հանդէսի (թիւ 8, 2020/2) իր «Սփիւռքի ճամբան բռնել հո՛ն ուր կեցած էր Վահէ Օշական» յօդուածին մէջ: «Այո, պէտք է վերսկսինք պայքարը հոն ուր Վահէ Օշական ձգած է զայն, որովհետև կայ աւելի սպառնալից վտանգ մը քան ձուլուելու հաւանականութիւնը, և այդ մէկը յուսախաբութիւնն է, Հայաստանէն և Սփիւռքեան կառոյցներէն յուսախաբ ըլլալը», կ’եզրակացնէ Եկաւեան:

«… պէտք է վերսկսինք…» որովհետև փաստօրէն Սփիւռքի մէջ այն ժամանակ ծնունդ չառաւ Օշականեան անկախական շարժում մը: Ընդհակառակը, Հայաստանի անկախութեամբ խանդավառ սփիւռքեան կազմակերպութիւնները, ի մասնաւորի անոնք որոնք համասփիւռքեան զօրաշարժի կարողութիւն ունէին և Սփիւռքի այսպէս կոչուած «աւանդական կառոյցներ»ու հիմնասիւներն էին, աճապարեցին հաւատալ որ հայրենադարձութեան, հետևաբար՝ ուծացումէ, ձուլումէ, ճերմակ ջարդէ և նման բազմատեսակ ուրուականներու հալածանքէն փրկուելու մարգարէական պահը եկած է, և իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին հայրենիքի օգնութեան և հոն վերադարձի ճիգերուն ուղղութեամբ, իւրաքանչիւրը իր հասկցած ձևով: Թերևս 1988-ին յաջորդած առաջին վեց տարիներուն, մինչև 1994` Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթական աւարտ, նման խանդավառութիւն հասկնալի, արդարացուցիչ և մինչև իսկ անխուսափելի թուէր: Բայց այսօր յետադարձ ակնարկով չենք կրնար այդ մէկը միամիտ խանդավառութիւն չորակել: Սփիւռքահայու միամիտ խանդավառութիւն, միասնութեան և մէկի յուզական լոզունգները լուրջի առնելու հոգեբանական կարիք: Եւ այս՝ հակառակ անոր որ հայրենիքի մէջ ի սկզբանէ նախանշանները չէին պակսեր Սփիւռքին հասկցնելու համար, որ հայրենադարձութեան համար դռները լայն բացողներ չկային, «հայահաւաք»ի ծրագիր չկար, ոչ ալ, արդար ըլլալու համար, առարկայական պայմաններ կային այդ մասշտապով նախաձեռնութիւններու իրականացման համար:

Անկախութեան հռչակման առաջին տասնամեակը սահմանեց ու սահմանափակեց պետականութեան կայացման գործընթացի մէջ Սփիւռքի մասնակցութեան վերապահուած միջոցը, դերը և տեղը: Միջոցառումներու թէ պետական կառոյցին մէջ գործող մարմիններու ճամբով այդ մասնակցութեան սահմաններու պարբերական ընդլայնումը, երբեք չհասաւ ներկայացուցչական կարգով Սփիւռքին ձայնով ու քուէի իրաւունքով որոշումներու ընդունման մասնակցութիւն տալու մակարդակին: Թէ որքանով Սփիւռքէն հայրենիք վերադարձած կազմակերպութիւններուն տեղական կառոյցները, որոնք այս կամ այն ձևով ընդգրկուած էին հայրենի հանրային-քաղաքական կեանքին մէջ, իրե՛նք անհրաժեշտ ճիգը գործադրեցին նման քաղաքական զարգացման ոստում տալու համար՝ առանձին քննարկման նիւթ է: Յստակ է, սակայն, որ հայրենի քաղաքական վերնախաւին համար նման օրակարգ այնքան ալ բաղձալի չէ եղած անցնող երեսուն տարիներուն, ոչ ալ ակնկալելի է որ մօտ ապագային ըլլայ:

Վահէ Օշական ինք տեսաւ Դէպի Երկիր միամիտ խանդավառութեան «Վտանգը», ինչպէս խորագրուած է 2000-ի Մայիսին իր ստորագրած յօդուածը: Տեսաւ, և զգուշացուց որ Սփիւռքի «մեծ գաղութները տակաւ կը դիմեն անդամալուծութեան»: Այսպէս, մինչ քսաներորդ դարուն աշխարհացրիւ և պետականազուրկ հայութեան հաւաքական ինքնութեան ընկալումը իր տեսական և գործնական զարգացումը ապրեցաւ և անկախութեան նախորդած առնուազն երկու տասնամեակներուն Սփիւռք ըլլալու գիտակցութիւնը կերտեց, քսանմէկերորդ դարուն գերիշխեց համայնքներու առանձին և ուղղահայեաց կապը հայրենիքին հետ ի վնաս միջ-համայնքային համասփիւռքեան ցանցին որ, փաստօրէն, թուլացաւ, չքացաւ: Իւրաքանչիւր համայնք ներամփոփուեցաւ, և հայաշխարհի հետ իր յարաբերութիւնները սահմանեց բացառապէս Հայաստանի հետ իր կապերով յաճախ Երևանէն թելադրուած օրակարգով, պետական թէ ոչ-պետական մակարդակի ըլլար այդ մէկը:

Բացառութիւնը 2009-ին հայ-թրքական Փրոթոքոլներու մերժման շարժումն էր, որ Սփիւռքէն ծնաւ և ունեցաւ համասփիւռքեան տարողութիւն: Առաւել՝ Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի պատրաստական աշխատանքները որպէս թերևս միակ համահայկական նախաձեռնութիւն, որ իր լրումին հասաւ Համահայկական Հռչակագրի ընթերցանութեամբ, և հոն ալ մարեցաւ: Համայնքները պահեցին իրենց առօրեան, որուն ընթացիկ օրակարգերը մնացին համայնքային կառոյցներու մէջ ընդգրկուած կազմակերպութիւններու մտահոգութեանց առանցքին: Բայց այդ կազմակերպութիւնները երրորդ հազարամեակին Սփիւռք ըլլալու, Սփիւռքեան օրակարգ ունենալու որևէ ճիգ չգործադրեցին: Այս բացին լաւագոյն ցուցանիշը հանրային խօսոյթն է, հրապարակային ելոյթ ըլլայ այն թէ մամլոյ յօդուած, ուր ոչ նպատակամղուածութեան, ոչ բովանդակութեան, ոչ բառամթերքի և ոչ ալ ոճի նորութիւն պիտի փնտռել:

Բայց Արա Օշականին ե՛ւ ներկայացուցած ստեղծագործութեանց, ե՛ւ անոնց հիման վրայ զարգացուցած բանավէճին հետևումով երևան կու գայ ինքզինքը թարմացնող, գրեթէ վերստեղծող Սփիւռք մը, որ սփիւռքեան կազմակերպութիւններէն և համայնքային կառոյցներէն անդին է, և, հետևաբար, այս վերջիններու տեսադաշտէն դուրս: Նման նախանձախնդրութիւն և իրենց տեսակին մէջ նոր ու եզակի նախաձեռնութիւններ շատ կան: Սփիւռքի անկախութեան հետամուտ Օշականեան շարժում մըն է այս, որ առաւելաբար ենթակայական է, և, ընդհանրապէս, կ’արտայայտուի արուեստական ստեղծագործութեան ճամբով, բայց արդէն իր ընթացքը գտած է, հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, «Սփիւռքահայ ըլլալ»ու նոր հորիզոններ կը բանայ: Նոյն այդ շարժումին մէջ պիտի տեղադրել շատ աւելի հաւաքական բնոյթի նախաձեռնութիւններ ինչպէս Արևմտահայերէնի ուսուցման նոր մեթոտներու հետազօտութիւնը, արխիւներու թուայնացումը, սփիւռքագիտութեան մարզին մէջ մասնագիտացման ստեդծած հետաքրքրութիւնը և Սփիւռքը ճանչնալու նախաձեռնութիւններու բազմացումը:

Այս վերջիններու շարքին է Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը, որ արդէն համավարակին յաջորդած երկու տարիներու տեղեկագիրները համացանցին զետեղած է: Յատկանշական է, որ, ինչպէս 2019-ին, 2021-ի և 2022-ի հարցախոյզերուն մէջ ևս Սփիւռքի իրարմէ հեռաւոր և իրարու անհաղորդակից համայնքներու հանրային կարծիքին մէջ տիրական է տեսլական ունեցող ղեկավարութեան մը բացակայութեան համոզումը որպէս գլխաւոր մտահոգութիւն: Նման ղեկավարութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ հասկնալի է սփիւռքահայերու մեծամասնութեան օտարումը աւանդական կազմակերպութիւններէն, ի մասնաւորի՝ քաղաքական կուսակցութիւններէն, հակառակ որ քաղաքական հետաքրքրութիւնը, յանձնառութիւնն ու նախաձեռնողականութիւնը չէ որ կը պակսի իրենց մօտ:

Կը մնայ որ Սփիւռքի անկախացման այս Օշականեան շարժումէն տակաւին կը բացակայի Սփիւռքեան մտածողութեան առաջնորդող բանավէճը: Այնպէս ինչպէս քսաներորդ դարու յետ-Ցեղասպանութեան հանգրուանի Սփիւռքին պարագային նման բանավէճ ծնունդ առաւ հաւանաբար 1930-ականներէն սկսեալ, և տեսական ու գործնականօրէն արտայայտուեցաւ 1965-1985/7 ճակատագրական տարիներուն: Խօսքը անշուշտ այդ ժամանակներու կարօտախտագին վերաբանաձևումին չի՛ վերաբերիր: Այլ՝ քսանմէկերորդ դարուն Սփիւռքեան գոյավիճակը համաշխարային մասշտապով քաղաքական գործօնի վերածող ներկայութեան մը տեսութեան և աշխատանքային դաշտերու սահմանումին: Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզին առաջին տեղեկագիրը 2019-ին առաջինը ներկայացուեցաւ Սփիւռքեան ղեկավարութեանց: Թէ որքանով անոնք ուզեցին զայն օգտագործել՝ հարցական է: Կամ թերևս հարցական է Սփիւռքի ճանաչման նման մեթոտներով աշխատանքային դաշտեր ստեղծելու իրենց կարողութիւնը: Երբ զուտ Սփիւռքին կը վերաբերի հարցը, խօսոյթը կը մնայ բացեր թուելու և անկումներ նկարագրելու հանրածանօթ բառամթերքի մը սահմաններուն մէջ: Կարելի է, օրինակի համար, հանդիպիլ յօդուածներու ուր հարց կը տրուի թէ ինչո՛ւ Սփիւռքի մէջ հարցախոյզեր չեն կազմակերպուիր երբ համացանցային պարզ փնտռտուք մը արդէն այդ յօդուածագիրներուն պաստառին պիտի բերէ Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզի կայքէջը…

Զարմանալի չէ որ այս պայմաններուն մէջ բազմանան հիմնաւորուած այն կարծիքները որ Սփիւռքի մտածողութեան կազմաւորումը պիտի զարգացնել աւանդական կառոյցներէն դուրս: Բացի եթէ այդ կառոյցները պահող կազմակերպութիւնները, որոնք տակաւին համասփիւռքեան զօրաշարժ առաջացնելու ամենէն ատակ ուժերն են, սկսին իրենց սեփական շրջագիծէն և համայնքէն անդին հաւաքական Սփիւռքի մասին մտածել, առանց իրենք իրենց վրայ փակուելու, պատրաստ բաց մտքով քննարկումի, և առանց հանրային բանավէճի մէջ քննադատութիւններ լսելու և թապուներ կոտրելու վախի:

Comments are closed.